2019-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է քուէյթաբնակ երիտասարդ գրող եւ կրթական մշակ՝ Կարօ Արսլանեանի առաջին ստեղծագործութիւնը եղող «ԵԹԷ» քերթողագիրքը: 90 էջերու մէջ ներփակուած այս հատորիկը, խորքին մէջ բաժնուած է հինգ «ԵԹԷ»-ներու՝ «Եթէ սիրես», «Եթէ Պայքարիս», «Եթէ Աղօթես», «Եթէ Հաւատաս», «Եթէ Յուսաս»:
Անկեղծօրէն ըսելով հեղինակին այս անդրանիկ նախընծան եւ կամ երախայրիքը եղող քերթողագիրքը վերջերս էր, որ նամակատան միջոցով ե՛ւ շնորհակալութեամբ ե՛ւ մեծ ուրախութեամբ, ստացած էի:
Ու նորութիւն մը չէ, երբ աւելցնեմ, որ հայ գիրքի ծնունդն ու իմ գրասեղանիս անոր  ներկայութիւնը զիս իսկապէս կը վերապրեցնէ: Որովհետեւ հաւատացէ՛ք, հայ գրականութեան տաճարին մէջ իւրաքանչիւր լոյս եւ ջերմութիւն, ոչ միայն ինծի, այլ բոլոր մշակութասէր հայորդիներուն համար, կը կարծեմ որ մեծապէս ողջունելի է: Աւելին՝ հայ երկի մը հրապարակ գալը, ըլլայ ան արձակ կամ բանաստեղծութիւն, ուրախալի երեւոյթ ալ է:
Սակայն տեսանելի է, որ մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ սփիւռքներու հեռաւոր ոստաններէն ներս, կամ քիչ մը ամէն տեղ, տագնապ մը կայ, չըսելու համար որոշ անտարբերութիւն՝ սանկ տեսակ մը «տաքութեան պակաս» հանդէպ հայ գիրին ու գրականութեան ու նաեւ հայ գիրքին ու անոր հեղինակին նկատմամբ:
Տեսանելի է եւ դժբախտ իրողութիւն: Բայց մխիթարականը այն կէտն է, որ տակաւին գոյութիւն ունի եւ կը հաւատամ որ պիտի շարունակէ ունենալ սրբազան «խենթերու» խումբ մը, որ նոր լոյս ընծայած ստեղծագործութիւններով «մոմ մը պիտի վառէ, խաւարը անիծելու համար» ինչպէս որ մեր ժողովուրդը միշտ կ’ըսէ:
Անցնելով սոյն քերթողագիրքին, նախ ըսեմ, որ անոր երիտասարդ հեղինակին, մենք երկուքս ալ իբրեւ կրթական մշակներ, քանի մը տարի առաջ հայրենիքին մէջ, խորհրդաժողովի մը ընթացքին ծանօթացած էինք: Կարճ-երկար խօսած, վիճած, մտիկ ըրած եւ քանի մը օրերու համրանքով մեր հանդիպումներուն այսպէս զանազան տեսակէտ-մտահոգութիւններ բաժնած՝ անկեղծօրէն: Իր այս «Եթէ»ն, ուղղակի աղուոր անակնկալ մըն էր ինծի համար: Նաեւ ըսեմ, որ կը հաւատամ, որ բանաստեղծութիւնը, ոտանաւորը կամ չափածոն այն գրութիւնն է, որուն տողերը հիմնուած են որոշ չափերու վրայ, խորքի ու կառուցման զանազան առանձնայատկութիւններով միատեղ: Այսպէս՝ յուզական տարրեր, որոշ ռիթմ եւ խորք, նոյնքան ալ կշռոյթ եւ ձեւի բազմաշերտ կառուցում: Այլ խօսքով, հեղինակը ինքզինք արտայայտելու գեղեցիկ ձեւաչափ՝ որ պիտի գայ լուսաւորելու զինք կարդացող շրջապատի միտքը:
Ահա նաեւ ինծի համար բանաստեղծութիւն կոչուած գրական սեռը, որ ոչ միայն նրբակերտ բառերու հիւսք մըն է, եւ ոչ ալ գեղեցիկ պատկերներու ցուցահանդէս, այլ իր տաղաչափական կամ այլ ձեւով հրամցուցած տողերը, իրենց նոր ապրումներու տարազով եւ վճիտ աղբիւրի նման հոսող հոգին ջերմացնող զցացումներով կու գան ներգրաւել միտքդ:
Ահա թէ ինչո՞ւ շատ մը ոտանաւորներ բանաստեղծութիւն չըլլալու դժբախտութենէն կը տառապին:
Դարձեալ ինծի համար, ստեղծագործ իրականութիւնը գնահատելը, բարերար դեր ունի նոյն ինքն հեղինակին վրայ:
«Այս երգը երգ չէ, արիւնոտ վէրք է,
Դարաւոր կիրք է եւ արհաւիրք է,
Այս երգը դէմքէդ պոկուած ժպիտ է,
Համբոյրներուդ պէս զուլալ, վճիտ է,
Կարօտիդ պէս բորբ, անվերջ թռիչք է»:
Եւ իմ ակնոցով այս «Եթէ»ն ունի եզակի հայեացք մը, մաքուր տպաւորութեամբ: Հոն Բոլոր միտքերը նոյն նպատակը կարծես կը հետապնդեն: Այսպէս արեւու նման զարդարուած է սէրը, որ պահած է իր պայծառութիւնը: Անձնական ապրումներու գումար մը, ընդհանրապէս ռոմանթիկ եւ նոյնքան ալ մտայղացման նորութիւններով եւ ձեւաչափերով: Տեսանելի են մտքի եւ գաղափարներու հոսքի թափանցիկութիւնը: Գովելի է եւ նոյնքան քաջալերելի: Եթէ տաղանդը կայ, միշտ կ’ըսեմ եւ կը կրկնեմ, կրնայ այդ մէկը հեղինակը դէպի նոր ճանապարհներ տանիլ:
Ու «ԵԹԷ»ն հասկնալի ոճով, մեղմ եւ քաղցր հարազատ պատկերներով, յաճախ հիւթեղ գեղարուեստական ոճով, տագնապահար հայու մտածումները, սէրերը գեղարուեստական շքեղանքով ներկայացնելը ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է:
Այս մասին ոչ մէկ խօսք:
Այս հաստատումիս վրայ պէտք է նաեւ աւելցնեմ, թէ նման աշխատանքը շատերու համար կրնայ հաճելի չթուիլ կամ իրենց աչքին եւ մտքին խոտոր համեմատի: Անոր համար կ’ըսեմ՝ «ԵԹԷ»ն անկասկած որ, հեղինակ Արսլանեանի համար յատուկ փորձաքար մըն է, որմէ ինքն է, որ տեսանելի պիտի ըլլայ եթէ ունի իր այդ տաղանդը:
Մաղթանքս է, որ հեղինակը շարունակէ իր նուիրումը, իր աշխարհը, ականջն ու աչքը բացած ու սրած իրեն հասցէագրուած բոլոր թելադրանքներուն, լսելու եւ ինքզինք սրբագրելու համար: Նման մատնանշումներ պէտք չէ զինք յուսահատութեան դռները առաջնորդեն, այլ՝ ընդհակառակն գիտակցութեան եւ իրականութեան զարկերով եւ քայլերով դէպի նորանոր յաջողութիւններու առաջնորդեն, հեռու առաջին իսկ ստեղծագործութենէն յաւակնութիւններ հիւսելէ:
Պէտք է աւելցնեմ, որ բանաստեղծութիւնն ալ մարդոց նման ոչ միայն ունի ճակատագիր, այլ նաեւ՝ ոճի տաղանդ:
Ուստի սրտանց կը շնորհաւորեմ սիրելի եւ տաղանդաւոր Կարօն, իր այս նորաոճ քերթողագիրքի լոյս ընծայման առթիւ եւ նորանոր ու յաջող ստեղծագործութիւններ կը մաղթեմ:
Կ’ակնկալեմ եւ կը սպասեմ։
Գէորգ Պետիկեան