Հայրենի վաստակաւոր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան երէկ իր մահկանացուն կնքած է:
Սամուէլ Կարապետեան ծնած է 30 Յուլիս 1961-ին: Արմատներով Արճէշ գաւառի բերդաղ գիւղէն է: 1978-ին աւարտած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 դպրոցը, 1975-էն սկսեալ ճամբորդած է հայկական Խորհրդային Սովետական Միութեան տարածքի բնութիւնը ուսումնասիրելու, իսկ 1978 թուականէն սկսեալ լուսանկարած, չափած եւ նկարագրած է պատմական Հայաստանի ողջ տարածքի հայկական յուշարձանները։ Երեք տասնամեակի ընթացքին հետազօտած եւ ցուցակագրած է պատմական Հայաստանի հայ ճարտարապետութեան հազարաւոր նմոյշներ: