Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ յառաջխաղացք արձանագրել Իտլիպի հարաւային արուարձանին մէջ, իր վերահսկողութեան տակ առնելով բազմաթիւ գիւղեր եւ պարտութեան մատնելով «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած էր որ. «Նախօրօք, սուրիական բանակը ազատագրեց Ռաքայա, Սաճնա, Մաարա, Մաուքէս, Քաֆար Սաճնա, Շէյխ Մուսթաֆա, Մաարզէթա, Հաս, Մաարէթ Հրմէ, Քաֆար Նպպոլ, Պաարապօ, Տար Քապիրա, Ասար Շանշարահ, Տէր Սնպոլ եւ Հազարին գիւղերը, քանդելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թաքստոցները:
Հրամանատարութիւնը անդրադարձաւ յիշեալ ազատագրուած գիւղերու կարեւորութեան:
Հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ անգամ մը եւս շեշտեց, որ սուրիական բանակը պիտի շարունակէ իր զինուորական գործողութիւնները մինչեւ սուրիական հողերուն ամբողջական ազատագրումը եւ ահաբեկչութեան վերացումը: