Ձմեռ է։ Փետրուար ամիս։ Քեսապի քաղցր առաւօտը ո՜ւր, քաղաքի առաւօտը ուր։ Քեսապ, երբ առաւօտեան աչքդ կը բանաս ու գարնան թէ ամրան պատուհանէն դուրս կը նայիս, երկնքի գեղեցիկ կապոյտը կը վայելես։ Արեւուն ջերմացնող շողերը մեղմիկ-մեղմիկ դէմքդ կը շոյեն, եթէ շուտով գոհունակութեան ժպիտովդ պատասխան չտաս անոնց, զօրաւոր տաքութեան ու լոյսի կը վերածուին ու աչքերդ կը կծկեն։Հետզհետէ հորիզոնին վրայ բացուող արեւուն կարմիր եւ նարնջագոյն երանգները հերթ կը փոխեն ու միաձուլուելով գոյն կու տան անոր ամօթխած դէմքին, մինչ թռչունները իրենց ճռուողիւնով լուսաբացը կ’աւետեն։ Ձմրան ու աշնան մերթ ամպերու կուտակումին ու ձեւափոխումին, մերթ փայլատակումին ու որոտումին ականատեսը կ’ըլլաս։
Բնութեան այս գեղեցիկ պատկերները քաղաքի մէջ չես տեսներ։ Հոն, առաւօտեան, հազիւ աչքերդ կը բանաս, պատուհանէդ դուրս կը նայիս, բարձրահասակ շէնքեր, դրացիներու պատշգամը փռուած լուացք, կամ ալ պատշգամիդ վարագոյրը կը տեսնես, բախտաւոր պարագային՝ ծաղկաւոր կամ գծաւոր։ Օրուան ծնունդը կ’աւետէ ինքնաշարժներուն աղմուկը։
Քեսապ եմ, սակայն, ձմեռ է ու Փետրուար ամիս։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ քունը մեղրէ աւելի քաղցր է, զարթեցուցիչ ժամացոյցի մեղմ ձայնը փողերախումբի զրնգոցին նման կը հնչէ, կը ջղայնացնէ ու անուշ քունս կը խանգարէ։ Քնացած վիճակիս մէջ հազիւ կը գտնեմ ժամացոյցը ու վերջ կու տամ անոր ձայնին։ Աշխատանքի ամէն օրուան նման, պէտք է շարժիլ ու պատրաստուիլ դպրոց երթալու։ Սխալ չհասկնաք, աշակերտուհի չեմ, ուսուցչուհի եմ։ Վերմակս գլուխէս անդին կը շպրտեմ ու հայեացքս կ’ուղղեմ պարտէզին նայող պատուհանին։ Երկնքի մոխրագոյն ամպերը ծուռ-ծուռ կը նային, արեւուն գեղեցիկ շողերուն խառնուող հովը, իր տեսակ-տեսակ սուլոցներով, ոչ միայն պատուհանը կը խփէ, այլ իր գտած ճեղքէն ներս սահելով տան չորս դին կը թափառի։ Այս ցուրտ առաւօտուն հովին սուլուցին արձագանգելու ո՛չ ժամանակ կայ, ոչ ալ տրամադրութիւն։
Անկողինէս դուրս կը նետուիմ, կը սկսիմ արագ-արագ պատրաստուիլ, երէկ գիշերուընէ արդէն պատրաստած պաղ հագուստներուս մէջ կը փորձեմ տեղաւորուիլ, փոխանակ անոնք զիս տաքցնելու, ես զիրենք կը տաքցնեմ։ Ու դող մը կը ցնցէ մարմինս։ Տաքուկ թէյը ումպ առ ումպ օգնութեան կը հասնի, դպրոցի ակրատներս ալ կը պատրաստեմ ու մէկ աջ,մէկ ձախ վազվզելով առաւօտեան պատրաստութեան արարողութիւնս աւարտին կը հասցնեմ։ Վզկապս կը փաթթեմ, հաստկեկ վերարկուս կը հագնիմ ու շէնքի դռնէն դուրս կը վազեմ՝ դպրոցի ճամբան բռնելու։
Հազիւ քանի մը քայլ նետած, հովը դէպի ետ կը հրէ զիս։
-Տեսնենք ո՛վ աւելի ուժեղ է, ե՞ս թէ դուն,- կը մրթմրթայ ականջիս։
-Ո՞վ պիտի մրցի քեզի հետ։ Ես այս նիհարլիկ մարմինո՞վս։ Ձմեռանոց հաստկեկ հագուստներուս մի՛ նայիր։ Վզկապ, ձեռնոց գունդ ու կլոր արարածի մը վերածած են զիս։ Մարմնիս հաւասարակշռութիւնը կը փորձեմ պահել ու ճամբաս շարունակել։
Դարձեալ հովն էր, այս անգամ վզկապիս ծայրէն բռնած կը քաշքշէր զիս ու այնքան զօրաւոր կը փչէր, որ դէպի թոքերս քաշած շունչիս ուղղութիւնն իսկ կը փոխէր… վա՜յ, վո՜ւյ, շնչասպառ պիտի ընէ զիս այս խելագարը։
Երբ Քեսապի փողոցներէն քալես, ոչ մէկ պատսպարուելու միջոց ունիս, դուն, բնութիւնն ու լեռները ձեր ճակատագրին դէմ յանդիման կը կանգնիք պարզապէս։
Փառք Աստուծոյ, դեռ ողջ եմ։ Սարսափած երկար շունչ մը կը քաշեմ, վզկապս որպէս վահան կը փաթթեմ վզիս եւ ուսերուս ու մինչեւ ռունգերս հասցնելով պատ մը կը բարձրացնեմ հովին դէմ։ Աչքերս հովէն սարսափած ու կծկուած ակնոցիս ետին կը պատսպարուին։
-Ա՜յ խենթ հով, այս ի՞նչ կատաղի կը փչես, հոգի՞ս պիտի առնես,- կը գանգատիմ։
Քայլերս աւելի մեծ կը սկսիմ նետել։ Այս ի՞նչ փորձանքի հանդիպեցայ, ինչպէ՞ս հասկցնեմ այս խելագար հովուն, որ խաղի ո՛չ ժամանակ ունիմ, ոչ ալ տրամադրութիւն։
Դպրոցին ճամբան երբեք այսօրուան պէս երկար չէր թուացած ինծի։ Բայց պէտք էր շարունակել, շուտով զանգն ալ կը հնչէ։ Ուշացումս թէեւ ուրախութիւն պիտի պատճառէ աշակերտներուս, սակայն անել կացութեան պիտի մատնէ զիս։ Ուժերս լարել կը փորձեմ ու կը շարժիմ աւելի ինքնավստահ։ Դպրոցի զիլ զանգին հետ կը հասնիմ վերջապէս։
-Բարի լոյս,- կ’ըսեմ ու անոնց հասկնալի ժպիտը փոխադարձելով աշակերտներուս հետ դասարան կը մտնեմ։ Անոնց փայլուն աչքերը մոռցնել կու տան հովն ու իր խելացնոր խաղը։ Նախքան դասի սկսիլս կը խօսիմ պաղին ու հովուն մասին, միաժամանակ վախով, աչքս յարած պատուհանին, կը հետեւիմ զիս հալածող հովուն խաղին։ Միւս կողմէ ապահով կը զգամ, ամէն տեղ փակ է, սակայն յամառ հովը կը շարունակէ իր ոլորապտոյտը։
Մտավախութիւնս անտեղի չէր։ Հովը տեսնելով որ դասարանի պատուհաններէն չի կրնար սողոսկիլ, ուժը կը հաւաքէ եւ ոխակալ թշնամիի նման դասարանի վառարանի խողովակէն ներս կը խուժէ։ Վառարանի կրակը կը շիջանէ ու այնտեղ կուտակուած ամբողջ մուրը դուրս կը մղէ։
– Օրիո՛րդ, վառարանը փո՛ւֆ ըրաւ,- աշակերտներն են, աղմկելով, իւրաքանչիւրը նստած տեղէն վեր ցատկելով։
Յուսահատ կը նետուիմ մրոտած աթոռիս վրայ ու գլուխս ափերուս մէջ կ’առնեմ։
– Կ’ընդունիմ, պարտուած եմ,- կը մտմտամ։
Հովը, սակայն, այսքանով ալ չէր բաւարարուած, դասարանը կը մրոտէ եւ ուղղութիւնը փոխելով կը սուրայ իր արկածախնդրութիւնը այլ տեղ շարունակելու։
Սեւան Ա. Մանճիկեան