Ձեր դիմատետրի էջը նաւարկած ժամանակ հանդիպա՞ծ էք այդ պաղպաղակ պատրաստող մարդուն, որ դիմացը կեցող փոքրիկին հոգին կը հանէ մինչեւ անոր ապսպրած պաղպաղակը յանձնելը։
Տեսա՞ծ էք որքան ճարտար ձեւերով միշտ կը յաջողի փախցնել անոր ձեռքէն ու ձախողութեան մատնել փոքրիկին կողմէ կատարուած ամէն փորձ։
Վարժութեան հարց է։
Տեսա՞ծ էք այդ չինացին, որ գործարանին մէջ աշխատած ժամանակ ինչպէս արագօրէն կը հաւաքէ ու կը կազմէ իր դէմ դրուած ապրանքը, մեքենաբար ձեռքը շարժելով առանց դոյզն սխալ մը իսկ գործելու։
Վարժութեան հարց է։
Տեսա՞ծ էք այդ հնդիկը, որ սրինգը բռնած՝ պաղարիւնութեամբ ծալապատիկ նստած է աշխարհի ամենավտանգաւոր անասուններէն մէկուն՝ Քոպրային դիմաց ու այնպէս մը կը նուագէ ու կը պարեցնէ զայն, կարծես անոր հարսանիքը ըլլայ։
Վարժութեան հարց է։
Փոքրիկ եղած ժամանակ թերթատա՞ծ էք ձեր մեծ եղբօր կամ քրոջ գիրքերն ու տետրակները եւ ափ ի բերան մնացած այնտեղ գրուած թիւեր, նշաններ եւ տարօրինակ անուններ տեսնելով, բայց այսօր դուք էք որ կը կարդաք, կը լուծէք եւ կը սորվիք զանոնք։
Վարժութեան հարց է։
Վստահ եմ տեսած էք, թէ ինչպէ՛ս մէկը իր հարազատը յաւիտեան կորսնցնելով կը զգայ, թէ երկինքը վրան փլած է եւ ինք տակը մնացած, բայց ամիսներ կամ տարիներ անց արդէն իսկ մխիթարուած, համակերպած եւ համոզուած է այդ վիճակին
Վարժութեան հարց է։
Կ’երեւակայէի՞ր սիրելի ընթերցող, թէ դուն օր մը պիտի ըլլայիր, ինչ որ այսօր ես, կամ պիտի հասնէիր այնտեղ, ուր որ դուն ես այսօր։
Դժուարութեան հանդիպեցա՞ր, տագնապի մատնուեցա՞ր, հոգեվարքի պահեր ապրեցա՞ր։
Չզգացի՞ր այդ բոլորին սկիզբը, թէ անզօր ես դիմադրելու, անկարող ես դէմ դնելու, բայց ի վերջոյ ի յայտ եկաւ, ինչպէս ամէն բանի աւարտին, թէ այդ մէկը կարելի է ու անպայման ձեւով մը իր ընթացքը պիտի առնէ ու կեանքը այնտեղ կանգ պիտի չառնէ։
Այստեղ, այս մոլորակին վրայ, ամէն ինչ վարժութեան հարց է, որքան ուղեղը արագ վարժ ըլլայ վիճակին, այնքան շուտ կը տոկայ մարմինը ու կը դիմանայ հոգին։
Ուրեմն չյանձնուիլ ապագային պատկանող քեզ վանդակելու համազօր մեծ-մեծ վախերուն, չարաչար անձնական կարողութիւններն արժեզրկելով եւ ներկան ի զուր վատնելով, որովհետեւ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է։
Քրիստ Խրոյեան