Սուրիական բանակի միաւորները բուռն մարտեր մղեցին «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ին եւ թրքական կողմին աջակցութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, Իտլիպի գիւղերուն հարաւարեւելեան շրջանի՝ Սարաքէպի արեւմտեան առանցքին վրայ անոնց յարձակումին հակադարձելով։
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը նշեալ տեղէն իմացուց, որ շրջանի ահաբեկիչները օրերս Թուրքիոյ կողմէ օժտուեցան ինքնասպանութեամբ պայթումներու ձեռնարկող տասնեակ ահաբեկիչներով եւ ականապատուած ինքնաշարժներով, այնուհետեւ թրքական կողմին կրակոցներուն պաշտպանութեամբ անոնք յարձակում գործեցին շրջանին վրայ՝ վերագրաւելու սուրիական ազատագրուած տարածքները։
Սուրիական բանակի միաւորները, սակայն, ուժգին հակահարուածներով մեծ վնասներ հասցուցին անոնց, սպանելով մեծաթիւ ահաբեկիչներ եւ քանդելով անոնց զինապահեստներն ու ականապատ մեքենաները։
Աղբիւրը յայտնեց, որ սուրիական բանակը օրեր շարունակ տասնեակ գիւղեր ու աւաններ ազատագրած էր այս առանցքին վրայ։