Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, Գամիշլիէն Հասիչէ մեկնեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար Պատկան Մարմինի, Թաղականութեան եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներէն։
Հասիչէ հասնելով անոնք նախ այցելեցին Ազգային Մեսրոպեան վարժարան, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան թաղականութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։ Դպրոցի աշակերտները բարի գալուստի ողջոյններով եւ կանչերով դիմաւորեցին հոգեշնորհ հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ապա հայր սուրբը, իր կարգին, բարի մաղթանքներով եւ օրհնութեամբ հայրական իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն։
Այնուհետեւ Գամիշլիի պատուիրակութեան միացան Հասիչէի թաղականութիւնն ու ՍՕԽ-ի «Լոռի» Մասնաճիւղի տիկնանց կազմն ու դպրոցի տնօրէնուհին, որոնք ուղղուեցան Հասիչէի նահանգապետարան՝ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ նահանգապետարանի պատուոյ սրահին մէջ, ուր նահանգապետը նախ բարի գալուստի խօսք արտասանեց՝ ըսելով, որ հայերը միշտ եղած են հաւատարիմ Սուրիական Հայրենիքին, իսկ Սուրիոյ խորհրդարանին միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճանաչումը կը հաստատէ, որ սուրիացիները ամբողջութեամբ զօրավիգ են հայութեան արդար պահանջատիրութեան։ Ապա կուսակցապետը ըսաւ, որ Օսմանեան ոճիրներու դատապարտումը մարդկային պարտաւորութիւն է, որովհետեւ ներկայիս Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ալ նման ոճիրներ կը շարունակուին նոյն ոճրագործ թուրքին կողմէ։
Հայր սուրբը շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, ողջունեց սուրիական քաջարի բանակը եւ երկրիս վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ Ասատը, որուն խոհեմ ղեկավարութեան շնորհիւ սուրիական բանակը դէմ կը դնէ թրքական յարձակումներուն՝ արձանագրելով պատմական յաղթանակներ։
Ապա հայր սուրբը խորհրդանշական յուշանուէրով մը յայտնեց Ճեզիրէի հայութեան երախտագիտութիւնը։