Ո՜վ մեծասքանչ, հզօ՛ր Վարդան,
Պաշտպան եղար մեր կրօնքի,
Քու վեհութեամբ դուն շատ բարի,
Հայ հոգիին դո՛ւն պահապան:
Յազկերտը չար հրէշացաւ,
Ջնջել ուզեց անունը հայ,
Քու քաջութեամբդ ամէն մէկ հայ,
Իր հայութեամբ հպարտացաւ:
Անունդ միշտ պիտի յիշուի,
Մամիկոնեան մեր նահատակ,
Ոսկեդարեան մեծ յաղթանակ,
Սիրելին ես հայ աշխարհի:
Խոստում կու տամ ես՝ հայուհի,
Հայու շունչով հոգի առած,
Արժէք տալով քաջ Վարդանանց,
Պահել լեզուն իմ մայրենի:
Մէյրի Ինճեճիքեան
Ը. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան