«Ազդակ»- Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին արծարծուելիք օրակարգին մանրամասնութիւնները:
«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ նախազգուշացման քայլերու շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը հաւանական նկատեց դպրոցներուն փակումը:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ պիտի հրապարակէ որոշում մը, որուն մէջ պիտի տեղեկացնէ, թէ` Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները մէկ շաբթուան համար պիտի փակուի՞ն կամ ոչ:
Ան յայտնեց, որ մէկ շաբթուան փակելու պայմանաժամը կրնայ երկարաձգուիլ:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ այդ որոշումը պիտի տրուի առողջապահութեան նախարարին հետ համագործակցելէ ետք:
Դպրոցները Պիտի Փակուին
Բայց եւ այնպէս նախարար Մաժզուպ երէկ երեկոյեան արդէն յայտարարեց, որ այսօրուընէ` Շաբաթ, 29 Փետրուարէն սկսեալ, մէկ շաբթուան համար կրթական բոլոր հաստատութիւնները` մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական կարգեր, արհեստից վարժարաններ եւ համալսարաններ, փակ պիտի պահեն իրենց դռները: