Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական Խորհուրդին, Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին,«Գոլէժ» դպրոցի շրջափակը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետ. Համայնքապատկան վարժարաններուն Հալէպի ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրման եւ Սուրիոյ խորհրդարանին ուղղուած երախտագիտութեան նուիրուած տօնախմբութիւնը:

Տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ ՀԵԸ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով: Սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի ղեկավարութեան անդամներ, Հալէպի նահանգապետարանի գործադիր գրասենեակի անդամ Տիմիթրի Իսա եւ Հալէպի Խորհուրդի քարտուղար Ճորճ Պախխաշ:
Աշակերտներուն խանդավառութիւնն ու խաղաղութեան առթած ուրախութիւնը ակնյայտ էին: Ուսստի աշակերտութիւնը անգամ մը եւս եկաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու Սուրիական Հայրենիքին, անոր քաջարի բանակին եւ երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:
Այս առիթով համայնքապետ վերապատուելին իր շնորհաւորական եւ երախտագիտական խօսքը ուղղեց ներկաներուն.«Սուրիական բանակը պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով արձանագրեց եւ պիտի շարունակէ արձանագրել իր յաջորդական յաղթանակները, որոնք նուաճուեցան նահատակներու արեամբ: Թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ բանակը ձեռք-ձեռքի, միահամուռ, բազմապիսի զոհողութիւններով յաղթեցին ահաբեկչութեան ՝ վերականգնելու համար Հալէպի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»:
Ապա համայնքապետ վերապատուելին հաստատեց, որ նորահաս սերունդը գիտութեամբ սպառազինուած պատրաստ է դիմակայելու ամէն տեսակի դժուարութիւն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղար Ֆատէլ Նաճճարը: Ան հաստատեց որ.«Հալէպը հզօր է երկրիս նախագահով եւ բանակով: Սուրիան եղած է եւ կը շարունակէ մնալ եղբայրութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան օրրանը»:
Մասնաճիւղի քարտուղարը նաեւ դիտել տուաւ, որ ահաբեկիչները եւ անոնց աջակիցները ոչնչացուցին թէ՛ եկեղեցիները եւ թէ մզկիթները, բայց մեր ժողովուրդը իր համահունչ դրուածքով միշտ զօրավիգ կանգնած է իր հայրենիքին եւ հողին:
Տօնախմբութիւնը առաւել ոգեւորութիւն ստացաւ Շատի Նաճճարի նուգախումբին կատարումներով եւ երգիչներ՝ Ռանա Մուաատի եւ Վահէի մեկնաբանած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով:
Աւարտին համայնքապետ վերապատուելին իր խօսքը ուղղեց նաեւ ներկայ լրատումիջոցներուն: