Դաշնակցութիւնը հանրաքուէին կրաւորական կեցուածք պիտի չցուցաբերէ, թէեւ ըսած է, որ պէտք է անտեսել և բացառել ՍԴ-ի 7 անդամներէն ձերբազատելու հանրաքուէին «Այո»ի յաղթանակը՝ Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

«Բնականաբար, որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, մենք պիտի ունենանք աշխոյժ մասնակցութիւն, որ նուազագոյնը՝ տեսնենք, որ այս գործընթացը, որ սկսած է հակառակ մեր կամքին, ընթանայ արդար և թափանցիկ ձևով», հիմնաւորեց ան։

Բացի այդ իրողութենէն, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է գործակցելու «Այո»ն բացառող բոլոր կողմերուն հետ՝ հիմնական նպատակ ունենալով կանխել ընտրակեղծիքները, որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ որն է ժողովուրդին իրական կամքը։

«Մեր կեցոածքը յստակօրէն բանաձևուած է, ուր ըսուած է, որ այս ամբողջ գործընթացը հակասահմանադրական է և անընդունելի՝ այն պարզ հիմնաւորումով, որ մենք չենք խորհիր, որ մի քանի դատաւորներու փոփոխութեան հարցը պէտք է սահմանադրական փոփոխութեան ճամփով տեղի ունենայ։ Որովհետև, վերջ ի վերջոյ, Սահմանադրութիւնը այն փաստաթուղթը չէ, որ պէտք է տարին մէկ կամ երկու անգամ փոփոխութեան ենթարկել, որովհետև աւելի կայուն, աւելի յստակ՝ Մայր օրէնքն է երկրին։ Այս ուղղութեամբ է, որ լուրջ մտահոգութիւն ունինք և ատոր համար մենք պիտի չաջակցինք, որ օրինականութիւն չտանք այս գործընթացին»,ընդգծեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

Այսուհանդերձ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը կասկած ունի, որ ինչ ալ ըլլայ ժողովուրդին կամքը և քուէրակութեան արդիւնքը, ան կրնայ շահարկուիլ իշխանութիւններուն կողմէ։

Աննա Պալեան

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․