Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լրագրողներու Համահայկական Ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին Սաթիկ Սէյրանեան` «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ, Տիգրան Յարութիւնեան` «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ, Միքայէլ Հաճեան` լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան, Արամ Անանեան` «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն եւ խմբագիր, Շահան Գանտահարեան` գլխաւոր խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթի, Սեւակ Յակոբեան` գլխաւոր խմբագիր «Զարթօնք» օրաթերթի:
Յայտնենք, որ անցեալ տարի վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ հայ մամուլի համահայկական համագումար մը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, եւ վերոնշեալ խորհուրդը նշանակուած էր, որպէսզի աւելի յստակացնէ համագումարէն բխած առաջարկները` զանոնք իրականացնելու հեռանկարով:
Կաթողիկոսին հետ հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու հայ մամուլի դերակատարութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, ազգային պահանջատիրութեան եւ ընդհանրապէս համահայկական բնոյթ ունեցող հարցեր, որոնց նկատմամբ վեհափառը իր տեսակէտները պարզեց ներկաներուն:
Յայտնենք նաեւ, որ խորհուրդը իր առաջին լիակատար նիստը պիտի գումարէ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին: