Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Քրեմլին կը հաստատէ Ռուսիոյ զօրակցութիւնը Սուրիոյ:
Միւս կողմէ Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիա պատրաստակամ է Սոչիի առնչուող բոլոր պարտաւորութիւնները գործադրելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու: Այս առիթով Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տիմիթրի Փեսքով շեշտեց օրերս ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Իտլիպի մէջ, աւելցնելով, որ թրքական համակարգը յաճախ կը խախտէ Սոչիի կամ Ասթանայի համաձայնութիւնները, սակայն սուրիական բանակը պիտի սաստկացնէ իր զինուորական գործողութիւնները մինչեւ երկրին ամբողջական ազատագրումը: