Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի երկրորդ համարը:
Պաշտօնաթերթին մէջ տեղ գտած են յօդուածներ ներքաղաքական, Արցախի, Ջաւախքի եւ Արեւմտահայաստանի թեմաներով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական հիմնահարցերու շուրջ վերլուծութիւններ: «Դրօշակ»ի հեղինակները անդրադարձած են նաեւ Հայ Դատի, երիտասարդական, պատմական ու այլ թեմաներու: Այս ամէնուն ընթերցողը կրնայ մանրամասնօրէն ծանօթանալ այցելելով droshak.am կայքէջը: