«Ապառաժ».-4 Մարտին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանագրութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի վարչակարգի ծրագրաւորման դիտարկում պիտի կատարէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին` Հադրութի շրջանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի կատարեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ Գնան գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուստեր (Գերմանիա):
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են դիտարկումին աջակցելու եւ ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը ապահովելու: