Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 3 Մարտին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` վերջինիս խնդրանքով:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու` օրերս Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին արդիւնքները եւ 2020-ի ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի եւ Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին նախապատրաստուող նախաձեռնութիւններուն:
Հանդիպումին խօսուած է նաեւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին, համահայկական օրակարգի հարցերուն եւ ազգային տարբեր ծրագիրներուն շուրջ համագործակցելու մասին: