«Երկիր».-Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին հայկական վանական միաբանութեան թանգարանէն ներս մերձաւորարեւելեան զէնքի մասնագէտ Վիթորիա Դալարմելինան յայտնաբերած է ոչ մեծ սուր մը, որուն հետագայ ուսումնասիրութիւնը փաստած է անոր մօտաւորապէս 5000 տարեկան ըլլալը:
Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանէն ներս պահուող սուրը երբեք չէ ուսումնասիրուած: Դալարմելինան սուրին գիտական հետազօտութիւն ընելու թոյլտուութիւն ստացած է եւ հաստատած է սուրը աշխարհի ամենահին սուրերէն է` պատրաստուած է մօտաւորապէս մ.թ.ա. 3000 թուականին: