«Հորիզոն».-Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հ. Յ .Դ. Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ընկ .Վահիկ Յակոբեանն ու Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քանատայի Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչ Ընկ. Վահէ Անտոնեան, Վանգուվըրի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին «S.U.C.C.E.S.S Gala 2020» ձեռնարկին, որուն ընթացքին առանձնազրոյց մը ունեցան Քանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանին հետ։
Հանդիպումի ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցը, որուն աւարտին ընկերները նախարարին ներկայացուցին Հայ Դատի պատրաստած թղթածրարը՝ Արցախի հիմնահարցին վերաբերող: Նախարար Հարժիթ խոստացաւ ուսումնասիրել թղթածրարը եւ ի մօտոյ հանդիպում մը նախաձեռնել Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, քննարկելու համար, թէ Քանատայի կառվարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ներդրում ունենալ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Հանդիսութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց ընկերներուն հանդիպելու Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի կառավարիչ Աշըլի Չէսթըրի, ընդդիմութեան առաջնորդ Էնտրու Ուիլքինսընի, Կենսուժի եւ Հանքարդիւնաբերութեան նախարար Պրուս Ռոլըսթընի, Ռիչմոնտի քաղաքապետ Մալգըմ Պրոտիի եւ նահանգային, շրջանային ու տեղական քաղաքական գործիչներուն հետ: Հանդպումներուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Արցախ , ինչպէս նաեւ հայ գաղութը յուզող հարցեր: