«Արմէնփրէս».- Թիֆլիսի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան 3 Մարտին հանդիպում ունեցած է Վրաստանի ԱԳ նախարար Դաւիթ Զալկալիանիի հետ:
«Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ ընդգծած են փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-վրացական երկխօսութեան առկայ մակարդակը: ԱԳ նախարարները ուղենշած են գործակցութեան քայլերը, որոնց հիմքը կը կազմէ երկու երկիրներու ռազմավարական առնչութեան ընկալումը: Բարձր գնահատուած է կողմերու միջեւ հաստատուած գործակցութիւնը այլազան հարթակներու վրայ՝ Եւրոպական Խորհուրդի, Արեւելեան Գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջագիծէն ներս:
Զոհրապ Մնացականեան եւ Դաւիթ Զալկալիանի կարեւոր համարած են մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու դիւրացումը եւ հասարակութիւններու միջեւ կապի ամրապնդումը, որուն մասին վերջիններուս կողմէ ստորագրուած է յուշագիր:
Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ հարցերուն, պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուող միատեղ քայլերուն:
ԱԳ նախարարներ Մնացականեան եւ Զալկալիանի քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցեր: ԱԳ նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է ԼՂ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առնչութեամբ հայկական կողմի գնահատականը եւ դիրքորոշումը», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ: