Առօրեայ լեզուն կը տարբերի պաշտօնական լեզուէն անով, որ խօսողին յարաբերութիւնը լեզուին հետ աւելի անմիջական կ’ըլլայ։ Խօսքը կ’արտաբերուի յանպատրաստից, անկաշկանդ։ Բառեր գեղեցկացնելու ճիգեր չեն ըլլար հոն, սովորաբար, ոչ ալ՝ բառերու որոնում։ Ո՛չ հռետորաբանութիւն է, ո՛չ ճարտասանութիւն, այլ պարզ կառուցուածքով, ժողովրդական բառ ու բանով համեմուած խօսք։
Առօրեայ լեզուին մէջ գործածուող բառերը, անշուշտ, ունին իրենց գրական համարժէքները, սակայն խօսքին աւելի անմիջականութիւն բերելու համար, կը համեմուին դարձուածքներով ու ասոյթներով. «Շուկան կրակի գին ունի» արտայայտութեան մէջ, օրինակ, «սուղ» բառը «կրակ» բառով կը փոխարինուի՝ խօսքին պատկերաւորութիւն մը ապահովելով։
կամ՝
-Ո՞ւր կը բնակի։
-Եօթը թաղ անդին։ Փոխանակ՝ «հեռու» ըսելու։
Առօրեայ լեզուն կ’արտայայտուի նաեւ յարադրաւոր բառերով. «Սիրտս անցաւ» յարադրաւոր բառը պաշտօնական խօսքին մէջ պիտի ըսէի «անօթի եմ», իսկ «սիրտս կոտրեց»ը՝ զիս նեղացուց։
Այս արտայայտչաձեւերուն գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու մէջ ալ կը հանդիպինք անպայման եւ զանոնք բարբառայնութիւն կը կոչենք։ Գեղարուեստական գրականութեան մէջ բարբառայնութեան որպէս դիպուկ օրինակ, բերենք Յակոբ Մնձուրիի պատմուածքներէն հարուստ նմոյշներ.
*Կրկնաւոր բառեր, ինչպէս՝
Խոշոր-խոշոր խօսիլ1։
Հոնգուռ-հոնգուռ լացաւ2։
Աչքերդ կոկան-կոկան3 եղեր են4։
Սրտիկդ վեր-վեր մի՛ ըներ5։
Ոսկորները փշուր-փշուր պիտի ընէր6։
*Հայհոյանք ու անէծք.
Որձամոլ շուն7
Լկրտած շուն8
Չորնայ ու քորնայ հարսիկդ9
*Երդում, պաղատանք ու աղաչանք.
Երկու աչքերս քորնան10
Անդամալուծ ըլլամ11
Սատկիմ առջեւդ12
*Օրօրոցայիններ, աշխատանքի երգեր, բարբառներ, օրհնանքներ, բարի խօսքեր, պատկերաւոր արտայայտչաձեւեր… եւ այլն։
Ծօ՛, կիրակմուտքի վասա՞կ13 ես, ի՞նչ ես, ինչո՞ւ խօսք մտիկ չես ըներ14։ 
Զատկուան հաւկիթին պէս կարմրուկ ատ երեսիկներդ սիրեմ15։ 
Ամէնուն բերանը ինկանք16։ 
Առօրեայ խօսքին մէջ ակնյայտ են նաեւ օտար բառերու փոխառութիւնները, սակայն երբեմն նկատելի են ո՛չ միայն սոսկ օտար բառերու ներթափանցումները հայերէնին մէջ, այլ նաեւ որոշ արտայայտութիւններ, որոնք օտար լեզուամտածողութեան արդիւնք են։ Արաբական միջավայրի մէջ, օրինակ, կրնանք լսել հետեւեալ արտայայտութինը. «Ո՞ւր էիր, վրադ կը փնտռէի»։ Յստակ է, որ արաբերէնի խօսակցականին մէջ գործածուող «վրայ» կապի ազդեցութեան արդիւնք է վերոնշեալը։ Իսկ անգլիախօս միջավայրի մէջ կրնանք հանդիպիլ, օրինակ, «հեծիքիս հետ գացի», կամ «մատիտիս հետ գրեցի» խօսքերուն, տրուած ըլլալով որ հետ (with) կապը թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ անձի առումով կը գործածուի օտար լեզուին մէջ։ Սակայն այս արտայայտչաձեւերը սխալախօսութիւն կը համարուին եւ մերժուած ձեւեր են, անշուշտ, գրաւորին մէջ։
Միւս կողմէ, սակայն, որոշ բառեր (սկիզբը բանաւոր խօսքի մէջ, ապա՝ գրաւոր), ժամանակի ընթացքին, նոր իմաստ ձեռք կը բերեն։ Երբեմն երկու իմաստներն ալ զուգահեռ կրնան գործածուիլ, բայց երբեմն ալ նախկին իմաստին փոխարէն նոր իմաստ մը կրնայ յառաջանալ եւ նախկինի նշանակութիւնը կորսնցնել: Այդպիսի բառերէն տանք օրինակներ, որոնց նախնական իմաստին կը հանդիպինք Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց» պատմա-գեղարուեստական երկին մէջ, որ գրուած է այդ ժամանակաշրջանին յատուկ հայերէնով։
«Հարկաւ» բառը Ալիշանի մօտ եւ իր ժամանակի հայերէնին մէջ, հարկ բառի գործիական հոլովն է, որ կու տայ հարկադրաբարի, պարտադրաբարի իմաստը։ Այսօրուան հասկացողութեամբ «հարկաւ»ը իմաստափոխուած է եւ կորսնցուցած է հոլովի գործառոյթը, եւ որպէս գրաբարէն փոխանցուած քարացած ձեւ կը նշանակէ «անշուշտ» կամ «ի հարկ է»:
«Կարմիր Վարդան» բաժնին մէջ կը կարդանք. «Մենք հարկաւ եւ ոչ կամաւ՝ անցնիմք գետոյն այն կողմը, թշնամեաց բանակն այլ քիչ մը ճանչնալու17»:
«Քաղաքավարութիւն» բառը, Ալիշանի մօտ եւ իր ժամանակի հայերէնին մէջ, «քաղաքակրթութիւն» իմաստը կ’արտայայտէ. ահաւասիկ օրինակ մը.
«Նախաբան առ Հայկակ»ին մէջ, Ալիշան հայրենիքին մասին բացատրութիւններ տալէ ետք, կը դիմէ Հայկակին ըսելով. «Միշտ փառք ու պարծանք է իր երկիրն եւ իր ազգը սեփական լեզուաւ եւ օրինօք պահելն.- ունենայ յատուկ եւ բնիկ լեզու մը, սահման մը, քաղաքավարութիւն մը, ծէս մը, եւ յիշատակարաններ, որոնց համար բարեկամ բարեկամի հետ խօսելով կարենան ըսել. մէրը. այս կատարեալ հայրենիք է, երկրիս որ կողմն այլ որ ըլլայ, ինչ դիրք այլ որ ունենայ18»:
Այս բառին մասին անուղղակի անդրադարձ կայ նաեւ գրականագէտ Արսէն Տէրտէրեանի «Հայ Կլասիկներ» ժողովածուին մէջ, ուր մէջբերելով «Յուշիկք»ի սոյն տողը ան կը գրէ.
«…միշտ փառք ու պարծանք է իր երկիրն եւ իր ազգը սեփական լեզուաւ եւ օրինօք պահելն.- ունենայ յատուկ եւ բնիկ լեզու մը, սահման մը, քաղաքավարութիւն (պետութիւն) մը, ծէս մը, եւ յիշատակարաններ, որոնց համար բարեկամ բարեկամի հետ խօսելով կարենան ըսել. մէրը. այս կատարեալ հայրենիք է, երկրիս որ կողմն այլ որ ըլլայ, ինչ դիրք այլ որ ունենայ19»:
Ակներեւ է, որ Արսէն Տէրտէրեանի համար այս բառը պետութիւն իմաստով հասկցուած է: Այժմ, քաղաքավարութիւն բառը դուրս մղած է իրմէ այդ իմաստները պահելով նրբանկատութիւն, բարեկրթութիւն հասկացութիւնները:
«Օդաչու» բառին կը հանդիպինք թռչուններու նկարագրութեան բաժնին մէջ. «Երկրիս ծայրէն ի ծայրը տեղափոխիկ օդաչու եւ ծովագնաց թռչունք անգամ, ունեցեր են տեղիկ մը, բունիկ մը…20»: Այս կը նշանակէ, որ «օդաչու» բառը ածականաբար գործածուող բառ էր եւ «օդին մէջ չուող»ի, այսինքն թռչողի իմաստ կը կրէր, այժմ՝ գոյականաբար կը գործածուի եւ օդանաւը վարողին իմաստը ունի:
Յիշենք նաեւ օրիորդ բառի իմաստափոխութեան ընթացքը։ Օրիորդ բառը կազմուած է օրի եւ որդ բաղադրիչներէն: Որդի բառին վերջին ձայնաւորի՝ «ի»ի անկումով, որդ բառը բարդ բառի վերջին բաղադրիչը դարձած է եւ՝ տղու իմաստը պահած21: Օրի կը նշանակէ իշխան (Իսրայէլ Օրի = Իսրայէլ իշխան). հետեւաբար՝ օրիորդ բառը նախապէս կը նշանակէր իշխանի որդի (այսինքն՝ տղայ): Բառիմաստի պատմական փոփոխութեան ընթացքին օրիորդ բառը փոխած է իր իմաստը, նշանակելով միայն իշխանի դուստր, ապա իմաստի ընդլայնումով՝ չամուսնացած աղջիկ, դուստր: Խօսակցական արեւմտահայերէնի իմաստային առաւել փոփոխութեամբ մը, այսօր, օրիորդ կը նշանակէ նաեւ ուսուցչուհի22:
Տակաւին կայ իմաստային տարբերութիւն հայերէնի երկճիւղ լեզուներուն մէջ. յիշենք օրինակ Զզուելի բառը, որ արեւելահայերէնի մէջ նողկալի, պժգալի իմաստով կը գործածուի, մինչդեռ արեւմտահայերէնի մէջ զզուիլը ձանձրանալու իմաստը ունի։ Առաջինին պարագային կ’ըսուի. «Զզւում եմ միջատներից», իսկ երկրորդի պարագային՝ «պարապութենէն եւ անգործ մնալէն կը զզուիմ»։ Այս շարքը տակաւին կ’երկարի, հարկաւ։
Առօրեայ լեզուի յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ խօսքը աւելի սեղմումի եւ կրճատումի կ’երթայ. օրինակ՝ «Գիտե՞ս, այսօր Սունդուկեանի մէջ «Քաոս»ը պիտ խաղցուի»։ Նոյնը եթէ փորձէի գրաւոր արտայայտուիլ պիտի գրէի. «Գիտե՞ս, այսօր …, Երեւանի Սունդուկեան թատերասրահին մէջ Շիրվանզադէի «Քաոս»ի թատերգութիւնը պիտի խաղցուի»։ Այս պարագան յուշել կու տայ, որ առօրեայ խօսքը իրարահասկացողութեան մակարդակ մը կ’ենթադրէ զրուցակիցներուն միջեւ։ Առօրեայ խօսքով պիտի ըսէի. «Մէկը լէպ կ’ըսէ, միւսը լէպլէպուն կը հասկնայ»։
Եզրակացնելով ըսենք, որ առօրեայ խօսքը ժողովրդական ստեղծագործութեան մէկ մասնիկը կը համարուի եւ կը ծառայէ գեղարուեստական գրականութեան հարստացման ու պերճացման։ Իսկ բառերու աշխարհը նկարագրելու համար, կ’արժէ Եղիշէ Չարենցի նմանակութեամբ կրկնել. «Օ՜, բառերու աշխարհ, տիեզերք մ’անհուն»։
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
1- Յա­կոբ Մն­ձու­րի, «Գիւ­ղը Կ’ապ­րի Իմ Մէջս», Իսթան­պուլ, 2005, էջ 89։
2- Նոյն տե­ղը, էջ 145։
3- Կո­կա­նը վայ­րի ողորկ ու բո­լո­րակ սա­լորն է։ 
4- Յա­կոբ Մն­ձու­րի, նշ. աշխ. էջ 90։
5- Նոյն տե­ղը։ 
6- Նոյն տե­ղը, էջ 145։
7- Նոյն տե­ղը, էջ 144։
8- Նոյն տե­ղը։
9- Նոյն տե­ղը, էջ 90։
10- Նոյն տե­ղը, էջ 144։
11- Նոյն տե­ղը։
12- Նոյն տե­ղը։
13- Շա­բաթ գի­շեր­նե­րը՝ կի­րակ­մուտք կը կոչ­ուին եւ հին ատեն գիւ­ղին մէջ ար­գիլ­ուած էր այր ու կին մարմ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թեան մէջ մտ­նել, որով­հե­տեւ նուի­րա­կան օր կը հա­մար­ուէր կի­րակ­մուտ­քը, տու­նե­րու մէջ խունկ կը ծխ­ուէ­ր, մե­ռել­նե­րուն հա­մար ալ աղօթք կ’ըլ­լար։ Իսկ այդ օր­ուան ծնունդ մը մեղ­քի ծնունդ կը հա­մար­ուէր եւ ծնո­ղին ալ «կի­րակ­մուտ­քի վա­սակ» կը կո­չէ­ին։  
14- Նոյն տե­ղը, էջ 104։
15- Նոյն տե­ղը, էջ 89։
16- Նոյն տե­ղը, էջ 142։
17- Ալի­շան Հ. Ղե­ւոնդ, Յու­շիկք Հայ­րեն­եաց Հա­յոց, Հ. Բ. Վե­նե­տիկ, 1921, էջ 228։ 
18- Նոյն տե­ղը, էջ 9։
19- Տէր­տէր­եան Ար­սէն, Հայ Կլա­սիկ­ներ, Երե­ւան, 1944, էջ 26։
20- Ալի­շան, նշ. աշխ. Հ. Ա. Վե­նե­տիկ, 1920, էջ 6։
21- Աճառ­եան Հրաչ­եայ, Հա­յե­րէն Ար­մա­տա­կան Բա­ռա­րան, Երե­ւան 1926, էջ 2648։
22- https://hayerenblog.wordpress.com/2017/06/19/%d5%b8%d6%80%d5%a4%d5%ab%d5%b6-%d5%a1%d5%b2%d5%bb%d5%ab%d5%9e%d5%af-%d5%a7-%d5%a9%d5%a7-%d5%bf%d5%b2%d5%a1%d5%b5/
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»