ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու խիստ կերպով հակադարձեց նախագահ Ռեչէպ Թայիպ Էրտողանի այն յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր թրքական բանակի զոհերուն: Յայտարարութիւնը կատարուած էր 33 զոհ խլած յարձակումէն առաջ։

Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն մասին խօսելու ընթացքին, Էրտողան ըսած էր հետեւեալը. «Միայն քանի մը նահատակ ունինք»՝ աւելցնելով. «Նահատակներու բլուրը դատարկ չի կրնար մնալ»:

«Եթէ չես ուզեր, որ նահատակներու բլուրը դատարկ մնայ, ուրեմն զաւակներդ եւս ուղարկէ նահատակուելու», իր կարգին, Էրտողանին յորդորեց Քըլըճտարօղլու, նոյն ժամանակ կոչ ուղղելով՝ խորհրդարանին մէջ փակ նիստ գումարելու Իտլիպի եւ Լիպիոյ դէպքերուն շուրջ։