Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, յայտնելով, որ ամերիկացի պատասխանատուներ, թրքական կողմին հետ գործակցաբար, ապօրինի ճամբով Իտլիպ թափանցած են, անգամ մը եւս փաստելով, որ ամերիկեան վարչակազմը ինքզինք պետութիւններու գերիշխանութեան պահպանումը յարգող միջազգային օրէնքէն եւ ՄԱԿ-ի Միջազգային Ուխտի պայմանագիրէն գերադաս կը համարէ:
Աղբիւրը աւելցուց. «Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ամերիկեան վարչակազմին որդեգրած թշնամական քաղաքականութիւնը, որ անսպասելի  չէր, որովհետեւ ԱՄՆ սուրիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, տարբեր ձեւերով զօրավիգ կը կանգնէր ահաբեկիչներուն՝ անտեսելով ՄԱԿ-ի որոշումները»: