Սուրիական տագնապը հրահրելու եւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու առաջին իսկ օրերէն, Թուրքիոյ նախագահին կը թուէր, թէ ուժեղ խաղաքարտերով պիտի կարենայ ազդեցիկ ուժ դառնալ Սուրիոյ մէջ: Ան յաւակնութիւն ունէր մինչեւ Դամասկոսի Օմայատ մզկիթ հասնելու եւ այնտեղ աղօթելու:
Այսօր կը թուի, թէ Թուրքիան ո՛չ կրնայ վստահիլ ՆԱԹՕ-ի միջամտութեան (ՆԱԹՕ-ն զինուորական աջակցութեան տրամադրութիւն չյայտնեց ու առանձին ձգեց Թուրքիան իր հակառակորդներուն դէմ, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ զօրք ուղարկելու պարագային Ռուսիոյ դէմ ճակատումի պիտի ուղղուէր, իսկ պարտութիւնը անել կացութեան պիտի մատնէր ՆԱԹՕ-ն), ո՛չ կրնայ վստահիլ ԱՄՆ-ին, որովհետեւ ԱՄՆ առանձնապէս չէ շահագրգռուած իր զինուորները ղրկելու Սուրիա՝ Թուրքիոյ կողքին կռուելու, փաստօրէն զինուորական քանի մը գործողութեամբ ԱՄՆ փաստած է արդէն, որ սուրիական օդային տարածքը անպաշտպան չէ օտար ուժերու դիմաց, իսկ Սուրիոյ դաշնակից ուժերը միանալով զինուորական մեծ ուժ կրնան կազմել՝ ետ մղելու թրքական կամ այլ ուժերու թափանցումերը: Առաւելագոյն պարագային ան զէնք ու զինամթերք, կամ զինուորական-մասնագիտական օժանդակութիւն պիտի հայթայթէ Թուրքիոյ՝ զանոնք ծառայեցնելու իր նպատակներուն:
Թուրքիա ստիպուեցաւ իր բանակի զինուորները Իտլիպ ուղարկել ու մեծաթիւ զոհեր տալով անել կացութեան մատնուեցաւ՝ յառաջացնելով Թուրքիոյ ժողովուրդին եւ ընդդիմութեան զայրոյթը:
Թուրքիոյ նախագահը օսմանական ժամանակներու իր երազներու իրականացման համար կայուն յենարան չգտաւ:
Եթէ սուրիական պատերազմի նախորդող տարիներուն նախագահ էրտողան կը ջանար ուղղուիլ դէպի Միջին Արեւելք եւ կը փորձէր տարածաշրջանին մէջ տիրող ներկայութիւն դառնալ ու շահիլ յատկապէս արաբ ժողովուրդին համակրանքը, անոր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան ծալքերուն բացայայտումով, սուրիական պատերազմի առաջին իսկ օրերէն ի յայտ եկաւ, որ արաբական երկիրներուն մերձեցման նպատակը պարզապէս այդ երկիրներուն ու անոնց հարստութիւններուն տիրելն էր:
Սուրիական պատերազմի վերջին տարիներուն, յստակօրէն կը տեսնենք, որ նախագահ Էրտողան ոչ միայն չյաջողեցաւ խաբել արաբ ժողովուրդն ու տիրել անոր, այլեւ անոր քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք տարածաշրջանին մէջ հակաթրքական առանցք մը սկսաւ ձեւաւորուիլ, յատկապէս Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Իրաքի նկատմամբ վերջին տարիներու Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք: Թուրքիոյ հակառակորդները սկսան աստիճանաբար միանալ:
Դամասկոսի մէջ Լիպիոյ, ԱՄԷ-ի եւ Պահրէնի դեսպանատուներու բացումը, Սուրիա-Իրաք յարաբերութիւններու բարելաւումը եւ Սուրիա-Ռուսիա-Իրան ռազմավարական գործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ հակաթրքական առանցքի մը ձեւաւորման, այլեւ աստիճանական ամրապնդման նախանշանները ցոյց կու տան:
Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր շրջանակներ ճնշում կը բանեցնեն Թուրքիոյ նախագահին վրայ՝ զերծ մնալու Սուրիոյ հետ սպառնական լեզուով խօսելու, Լիպիոյ մէջ սուրիացի ահաբեկիչներ օգտագործելու իր անհեռանկարային քաղաքականութենէն ու խնայելու թուրք զինուորներուն կեանքը:
«Գ.»