Հայ սկաուտը, հաւատարիմ իր նշանաբաններուն՝ «Բարձրացիր Բարձրացուր»ին եւ «Միշտ Պատրաստ»ին, հաւատարմօրէն կը ծառայէ ՀՄԸՄ-ին, որպէս առողջ մարմին, արթուն միտք ունեցող երիտասարդութիւն իր կարելին ի գործ դնելու ազգին ու հայրենիքին պանծացման:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քեսապ Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Սկաուտ Խորհուրդին, խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերուն, Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս յիշատակուեցաւ «Հայ Սկաուտի օր»ը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Տէր Արշակ Քահանայ Ալաճաճեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ականներ եւ ծնողներ:
Օրուան հանդիսավար Յովսէփ Բէնդէզեան ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ը պողպատէ կուրծքով արիներու միութիւն է: Արիներու կարաւանին երթը ո՛չ մէկ արգելք կրնայ կասեցնել: Փա՜ռք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ի ուխտեալներու կարաւանին»: Ապա ան սկաուտները բեմ հրաւիրեց։
Շեփորախումբի նուագով հնչեցին Սուրիական Հայրենիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ «Ո՜վ Հայ Արի» քայլերգները:
Արի-արենոյշ միաւորի պատասխանատու Մարի Շէխուկեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներուն եւ Սուրիական Հայրենիքի նահատակներուն, ապա բացման իր խօսքով ան ըսաւ. «Հայ Սկաուտի կեանքին մէջ իւրայատուկ եւ մասնակի տեղ կը գրաւէ «Սկաուտի օր»ը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ըլլալով աւանդապահ, գիտակից եւ կառչած մնալով հայու ինքնութեան «Սկաուտի օր»ուան տուած են հայեցի դիմագիծ»:
Այնուհետեւ ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ’ընդգրկէր՝ ներկայացում «Chat-ի Ընկերը» (նիւթը գրուած է օրդ. Յուշիկ Յ. Ղազարեանի կողմէ), Չափական մարզանք, հայկական պար, բուրգ եւ թմպլիկ:
Սկաուտները յայտագիրը ներկայացուցին ամենայն բծախնդրութեամբ եւ եռանդով:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն, նորագիրի եւ նորընծայի վկայականաց բաշխում, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի կողմէ յղուած շնորհաւորագիրը:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ շեփորախումբի «Յառա՜ջ Նահատակ» քայլերգին նուագով:
Բիւր յարգանք ու պարծանք ՀՄԸՄ-ի կերտիչներուն, առաւել կորով ու եռանդ նորահաս սերունդներուն:
Թղթակից