Կազմակերպութեամբ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին եւ վարչութեան, Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2020-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն յատուկ ձեռնարկ մը: Ձեռնարկին նպատակը աշակերտները «Գանձասար» շաբաթաթերթի «Կկու» մանկապատանեկան ներդիրի նիւթերուն հաղորդ դարձնելն էր:
Հալէպի հայկական վարժարաններու աւելի քան 200 աշակերտներ ուրախութեամբ ներկայացան: Ձեռնարկը յատկացուած էր հայկական վարժարաններու 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ կարգերու աշակերտներուն: Այդուհանդերձ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգերէն ալ փոքրիկներ ժամանեցին սրահ եւ խնդրեցին մասնակցիլ:
-Օրիո՛րդ, հաճիք զիս ալ ներս առէք, չեմ աղմկեր, խելօք կը նստիմ ու կը հետեւիմ յայտագիրին:
«Կկու»ն ինչպէ՞ս կրնար չընդունիլ իր սիրելի ձագուկները: Բոլորը սրտբացօրէն ընդունեց ու հաճելի ժամ մը պարգեւեց անոնց:
«Անի» ճաշարանը մանկապատանեկան սրահի մը վերածուած էր, ուր շարք կազմած աթոռները լեցուած էին զուարթ աշակերտներով:
Յայտագիրը բաց յայտարարուեցաւ ժամը 5:00-ին: «Կկու»ի խմբագիր Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ հաճելի ու հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց «Կկու»ի բովանդակութիւնը, անդրադառնալով հայերէն թերթ ընթերցելու կարեւորութեան:
Ան յայտնեց, որ «Կկու»ն 25 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ մանկապատանեկան նիւթերով եւ խաղերով, ընթերցասէր փոքրիկներուն օգտակար գիտելիքներ տալու:
Այնուհետեւ աշակերտներ Մարի Ռոզ Քէօշկերեան, Մայք Գեւոյեան, Նանոր Լախոյեան եւ Քրիստ Տէմիրճեան պատմեցին Յ. Թումանեանի հեքիաթներէն «Անյաղթ Աքլորը» եւ «Ոսկի Կարասը»:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հանրածանօթ երգչուհի Սոնան եւ իր խումբը: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Սոնան, որ երգելով ու պարելով թնդացուց սրահը: Անոր սիրուն տեսքն ու հաճելի երգեցողութիւնը գրաւեցին փոքրիկներուն ուշադրութիւնը: Բոլորը միասին կ’երգէին ու կը պարէին:
Սոնան հայերէն թերթ կարդալու կարեւորութեան անդրադարձաւ, հարցումներ ուղղեց փոքրիկներուն թերթին մասին, ըսաւ, որ թերթ կարդալով անսխալ գրելու եւ արտայայտուելու վարժութիւն կ’ունենան, քաջալերեց նաեւ որ նամակներ յղեն «Կկու»ին: Ներկայ 200 աշակերտներուն համար հաճելի անակնկալ էր երգչուհի Սոնային հրաւէրով «Կկու»ին ժամանումը։ Ան դեղին փետուրներ կրող իր հագուստով, թռվռալով ներս մտաւ ու որպէս աշակերտներուն մտերիմ բարեկամը երգեց ու պարեց անոնց հետ, ապա «Կկու»ի տարեկան բացառիկ գունազարդ գրքոյկէն օրինակներ նուիրեց աշակերտներուն:
«Կկու» ներդիրի ձեւաւորող, երկրաչափ Ռաֆֆի Քէշիշեան հաճելի խաղի մը հրաւիրեց փոքրիկները։ Ան պատրաստած էր գունաւոր պատկերներ, որոնց հիման վրայ աշակերտները պատմութիւն պիտի շարադրէին տեղւոյն վրայ։
Այլ երկու խաղերու եւս մասնակցելով աշակերտները սկսան մրցիլ իրարու հետ, նուէրներ ստացան ու խոստացան «Կկու»ին մշտական բարեկամները դառնալ ու ծանօթացնել զայն իրենց ընկերներուն։
Մարէն Պապեան