Ցարդ միլիոնաւոր մարդիկ մեծ գիտնական Իցհակ Նիութընի հետ կը փորձեն իմանալ գաղտնիքը այն անդիմադրելի եւ զարմանահրաշ ձգողականութեան, որ պատմութեան սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը մարդ արարածը ամրօրէն կառչած կը պահէ երկրագունդին։
Թէեւ երկիր մոլորակը այսօր աղաւաղուած է եւ դարձած՝ չարիքի ու վատութեան անհանդուրժելի օրրան, որ միմիայն ատելութիւն եւ նողկանք կ’առթէ, արիւն եւ մահ կը բուրէ, արցունք եւ ողբերգութիւն կը պատճառէ… այսուհանդերձ կը շարունակէ շլացնել եւ գերել շատեր, մինչեւ անգամ անոնք, որոնք համոզուած են՝ թէ ներկայ մեր աշխարհը արդէն շատ բան կորսնցուցած է իր հմայքէն, գեղեցկութենէն եւ բարիքներէն։
Ոչ միայն իր ձգողական օրէնքով ու դիւթանքով բնորոշուող երկրագունդը, այլ անոր մաս կազմող ամէն գոյութիւն դարձած է տարօրինակ եւ հիասթափեցնող, որովհետեւ այնտեղ շարունակուող կեանքը այլակերպուած, աղաւաղուած եւ գլխիվայր շրջուած է այսօր։
Հասարակական ընկալումներն ու կողմնորոշումները հիմնովին փոխուած են։ Շրջապատի հետ իրենց փոխյարաբերութեան մէջ մարդիկ հանդէս կու գան կողմնապաշտ եւ շահադէտ մօտեցումներով։ Կեանքի նշանակութեան թէ մնայուն արժէքներու առնչութեամբ անոնց չափորոշիչներն ու գնահատումները խաթարուած են, եղծուած…։
Բնականը կը համարուի զարտուղի, իսկ արտասովորը՝ ընթացիկ։
Ապօրինին կանոնական ուժ զգեցած է եւ կը դասուի օրինական, մինչդեռ՝ իրաւական հիմք ունեցող շատ մը պարագաներ եւ կարգաւորումներ առհասարակ կը մերժուին ու կ’արհամարհուին։
Մօր կամ դպրոցական դաստիարակին կողմէ երեխային մատուցուող առաջին դասին հիմք կազմող ճշմարտախօսութիւնն ու ճշմարիտին ձգտումը արդէն հազուագիւտ եւ ժամանակավրէպ երեւոյթներ կը նկատուին ներկայիս, նոյնիսկ միամտութիւն յուշող անհեթեթ եւ անհարկի ցանկութիւն։
Սուտը դարձած է կեանքի պահանջք, համեմ, իսկ նորօրեայ «տղամարդուն» համար՝ արժանիք։
Խաբէութիւնը կը ներկայանայ բազմապիսի երանգներով, դիմակներով եւ վերանուանումներով, այն աստիճան՝ որ զեղծարարութիւնը, նենգամտութիւնը, շողոքորթութիւնը, կեղծիքը… կը սեպուին հնարամտութիւն եւ առաւելութիւն։
Ուղղամտութիւնը, անաչառութիւնը պարկեշտութիւնը, արդարադատութիւնը զիջած են իրենց իմաստէն ու բովանդակութենէն, եւ վերածուած՝ յետամնացութեան ու խաւարամտութեան հոմանիշներու։
Ուղիղը, ճիշդը, կատարեալը ժամանակավրէպ կ’որակուին, մինչ՝ ծուռը, սխալը, թերին պատիւներով կը դիմաւորուին։
Արժանապատուութիւնը, հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը անցած են լուսանցքուած ու մոռցուած ունակութիւններու եւ առանձնայատկութիւններու շարքին, որոնց կարելի է հանդիպիլ լոկ վէպերու, մանկական հեքիաթներու կամ ալեւոր մահկանացուներու յուշերուն եւ երեւակայութեանց մէջ։
Ամենակալին նկատմամբ անխախտ հաւատքը, որեւէ գաղափարի կամ իտէալի կառչածութիւնը, սկզբունքային յանձնառութիւնները… ծայրայեղութիւններու պարունակին մէջ կ’ընկալուին սոսկ, իսկ ճշդապահութիւնը, պարտաճանաչութիւնը, բծախնդրութիւնը, բարեխղճութիւնը, օրինակելի վարքագիծը… կը գնահատուին իբրեւ տհաճ եւ անըղձալի կրաւորականութիւն կամ համակերպութիւն։
Քաղաքավարութիւնը, ազնուութիւնն ու համեստութիւնը օտարացած են մեր կեանքէն։ Խոնարհութիւնն ու յարգալիր վերաբերմունքը երկչոտութեան կը վերագրուին … իսկ հեզութիւնը, բարեհամբոյր նկարագիրն ու բարեկրթութիւնը տկարութեան եւ մեղկութեան ապացոյցներ կ’ընդունին։
Անհաւատութիւնը, հերետիկոսութիւնը, աստուածային ճշմարտութիւնները ուրացող հերձուածութիւնը դարձած են համարժէք կամ նոյնանիշ պայծառամտութեան եւ բանիմացութեան, որով պէտք է սոնքալ, մեծամտիլ՝ իբրեւ բարձր բանականութեան եւ տրամաբանութեան ցուցանիշ կամ երաշխիք։
Կեանքը վերածուած է յարատեւ պայքարի, խօլական եւ հեւքոտ վազքի, անկարեկից եւ վայրագ մրցակցութեան։
Մարդիկ յամառօրէն եւ անընդմէջ կը շարժին, կը սուրան դէպի առաջ, իրենց աչքերը միշտ յառած դէպի վեր, դէպի հեռաւոր ու անծայր հորիզոններ, յաւակնելով նուաճել անմատչելի բարձունքներ… իրենց անսանձ մղումին եւ մոլուցքին մէջ շրջանցելով ամէն չափ, կշիռ եւ սահման…։ Իրողաբար, սակայն, անոնք օրըստօրէ աւելի կը խրին կեղտի եւ ապականութեան տիղմին մէջ, գահավէժ ընթացքով կը թաւալին դէպի ահաւոր անկում, դէպի բարոյական անդունդ, դէպի մարդկային հոգեմտաւոր խորխորատ…։
Ամէն ոք շնչահեղձ վազքով եւ անտեղիտալի պայքարով կը տենչայ բախտաւորուիլ, փառքի, պերճանքի, հարստութեան, գանձերու, կալուածներու, ինչքերու եւ բարօրութեան արժանանալ, աւելին՝ կը նկրտի բարձրագոյն դիրքերու, պաշտօններու, պատիւներու, համբաւի եւ իշխանութեան տիրանալ, խորհելով թէ այդ կերպով միայն կարելի կ’ըլլայ ուրախութեան եւ երջանկութեան հասնիլ։ Սակայն դժբախտաբար, շատ չանցած կ’անդրադառնայ թէ այդ բոլոր ճիգերն ու հետեւողական մաքառումները ապարդիւն են եւ ունայն, այդ բոլոր երազներն ու ակնկալութիւնները ցնորք են եւ անիրականանալի ցանկատեսութիւն։
Երկրի մագնիսականութեան եւ առինքնող ուժին գաղտնիքը առայսօր չէ յայտնաբերուած, չէ պատճառաբանուած։ Այդ ուղղութեամբ կատարուած բոլոր փորձերը բաղձալի եւ արգասաւոր արդիւնքով չեն եզրայանգուած։
Մարդ արարածը կը շարունակէ մնայուն եւ իրաւ արժէքներ ստորադասող, դրախտը վանող, ու միանգամայն՝ երկրաւոր կեանքը, փառատենչութիւնը, հեշտասիրութիւնը, վայելքը նախապատիւ դասող իր շեղ ընթացքը։
Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ հարցադրումները կը շարունակեն մտատանջել մեզ…։
Չարիքներու արմատը պէտք է որոնել դրամապաշտութեան եւ փառասիրութեան մէջ։
Անհամար թերութիւններով, անպարագիծ անբաւարարութիւններով ու բացասականութիւններով հանդերձ, զարմանալիօրէն աշխարհ կը մնայ ցանկալի եւ պաշտելի բազմամիլիոն մարդոց համար, որոնք կուրօրէն բռնած են ճշմարիտին, ազնիւին ու վսեմին հակադրուող մոլոր ուղին։
Կը մնայ մեզի յուսալ, որ մարդ էակը անպայման կը վերատեսէ իր վարքն ու կենցաղը, կը հրաժարի դէպի խաւար ու կորուստ առաջնորդող կործանարար գնացքէն, կը թիավարէ հոսանքն ի վեր՝ որդեգրելով գիտութեան, լոյսի եւ առաքինութեան փրկարար ճանապարհը։
Խաչիկ Շահինեան