Երբեք չէր նախատեսուած յանկարծակի մեկնումդ։ Ոչ ոք կրնար պատկերացնել անժամանակ վախճանումդ։ Անսակարկ նուիրումով եղար ուխտապահ։ Քահանայի վարկը բարձր պահեցիր, կոչումի գիտակցութեամբ ծառայեցիր, հեզութեամբ Աստուծոյ խօսքը սերմանեցիր եւ մեր աղօթաբոյր շարականները տիրական ձայնովդ մեկնաբանեցիր։ Խաղաղասէր խառնուածքով ապրեցար։ Ի վերուստ եկեղեցական ըլլալու շնորհքը ստացար եւ այդ աստուածատուր պարգեւին նկատմամբ անքակտելի կապուածութիւն ունեցար։ Անսպառ եռանդդ ուշագրաւ էր։ Յատկութիւն մը, որ մնաց կեանքէդ անբաժան։
Սիրելի՛ ընթերցող, կարելի չէ նկարագրել Տ. Եզնիկ Քահանայ Զղջանեանը առանց անդրադառնալու անոր վարքագիծին եւ վաստակին։ Արդարեւ, պատահական որեւէ մարդ բնականաբար կ’ունենայ կենսագրական տուեալներ, որոնց մէջ անձնական կեանքն է նկատելին։ Իսկ առաքինի եւ ծառայասէր մարդը, կենսագրականէն անդին, սովորականէն հեռու, ժամանակաւորէն վեր, կ’ունենայ վկայութիւն մը, որ անթաղելի արժէք է։ Միթէ այդ չէ՞ր Քրիստոսի առաքեալներուն սրբանուէր առաքելութիւնը, երբ մեր Տէրը անոնց պատուիրեց ըսելով՝ «Իմ վկաներս պիտի ըլլաք» (Գրծ 1.8)։ Այո, վկայ սիրոյ, սրբութեան, յաղթանակի եւ յարութեան. այսինքն՝ վկայ անթաղելի ճշմարտութիւններու, որոնք տարածքի եւ ժամանակի մէջ չեն սահմանափակուիր, այլ՝ կը մնան օրհնութիւններ անկողոպտելի։
Կեանքէն դէպի վկայութիւն երթը կ’ենթադրէ հաւատք եւ գործ։ Երթ մը, որուն մէջ աստուածահաճոյ ապրելակերպն է ուղին, մաքուր խղճմտանքն է ուղեցոյցը, աղօթքն է ուժականութիւնը եւ Քրիստոսի օրինակին հետեւիլն է ուսանելին։ Կեանքէն վկայութիւն ընթացող Եզնիկ Քահանայ Զղջանեանին վախճանման առաջին տարելիցն է։ 1980-ին, սրբակրօն քահանայի մը յիշատակին նուիրուած քարոզին մէջ, Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Քէշիշեան (Այժմ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) ըսած է. «Երանի՛ անոնց, որոնք մահկանացու կը ծնին սակայն անմահ կը մեկնին այս աշխարհէն»։ Ինչքան հոգեխօս ազդեցութիւն ունին այս բարոյալից խօսքերը, երբ յետադարձ ակնարկով կը մտաբերենք Տէր Եզնիկին քահանայագործութիւնը։ Ան հաւատքով սպառազինուած, Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած եւ սուրբ գրային գիտելիքներով հարստացուց իր կեանքը։ Ուստի, փորձեց ձգտիլ կատարեալին, կողմնակից ըլլալ բարիին, հետամուտ դառնալ հոգեշահին եւ ըստ կարելւոյն հասնիլ ծխական ժողովուրդին։ Ահա թէ ինչո՛ւ ծխայինները լուսարձակի տակ առին Եզնիկ քահանային դրական մօտեցումները, ողջմտութիւնը եւ բարեհամբաւ ընթացքը։ Ան նաեւ սերտ հաղորդակցութիւն ունեցած է արաբախօս ա՛յն ընտանիքներուն հետ, որոնք Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ կը պատկանին, որոնց պապերը նախաեղեռնեան շրջանին Հալէպ հաստատուած էին։
Տէր Եզնիկը յարգալիր կեցուածքով եւ գոհունակ սրտով կ’ապրէր։ Պատերազմի ահաւոր օրերուն լաւատեսութիւն կը դրսեւորէր, հակառակ քաղաքիս դաժան պայմաններուն։ 2015 թուականին, 31 Դեկտեմբերի, երեկոյեան, փամփուշտի մը հետեւանքով թեթեւակի վիրաւորուեցաւ։ Յաջորդ օրը պատարագ պիտի մատուցուէր։ Քահանայ եղբայրները առաջարկեցին զինք փոխարինել, սակայն մնաց անդրդուելի։ Ան աստուածային նախախնամութեան փառք տուաւ, որով կարելիութիւն ունեցաւ պատարագելու։
Անժամանակ վախճանման տխրահռչակ լուրը շուտով տարածուեցաւ։ Աշխարհի ծայրամասերէն բազմահազար ցաւակցական արտայայտութիւններ կային։ Մարդիկ գովասանական գնահատականով, երախտագիտական զգացումներով ու մանաւանդ ափսոսանքով խօսեցան հոգելոյսին մասին, ուրիշներ խորազգաց ապրումով գրի առին իրենց տպաւորութիւններն ու յուզումները։
Քառասնից Մանկանց եկեղեցին իւրայատուկ նշանակութիւն ունէր իրեն համար։ Սրբաշէն կամարներուն ներքեւ այդտեղ տարիներ ծառայեց։ Սիրեց եւ սիրցուց Տիրոջ տան վայելչութիւնը։ Ան պատրաստակամ էր գործակցելու ամէնուն հետ։ Յիշատակելի է իր բազմավաստակ ծառայութիւնը ծովափէն մինչեւ Ճէզիրէի տարածաշրջանը։ Ան որոշ գաղութներու մէջ բծախնդրութեամբ մարդահամարի ցուցակ պատրաստեց։ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տարիներ շարունակ Ս. Գիրքի սերտողութեան յանձնախումբին ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնեց, Մայիսեան աղօթքներուն հաւատացեալներուն հմտութեամբ շարականներ ուսուցանեց, եւ յաճախ «Գանձասար»ին մէջ թղթակցութիւններ պատրաստեց։ Մէկ խօսքով, ծաւալուն գործունէութեամբ իր լուման ընծայաբերեց ի խնդիր Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման։
Պանծալի եւ պատուաբեր իրագործումներով Եզնիկ Քահանան դարձաւ «Մշակ առանց ամօթոյ»։ Հիմա, երբ խոր յարգանքով կը յիշենք հոգելոյս Տէր Եզնիկ Զղջանեանը, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուին անոր արժանիքները, ու մանաւանդ իր հաւատքի վկայութիւնը, որ խօսուն եւ արձագանգող պիտի մնայ ընդմիշտ։
«Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ»։ Տէր Եզնիկ Քահանան շարականին այս իմաստալից բառերը մեկնաբանեց հաւատարմութեամբ։ Ան ոչ միայն սուրբ խորանէն քարոզեց, այլ՝ մարդոց հոգւոյն մէջ խորան կերտելու արդար ճիգ թափեց։
Արքայութեան մէջ հանգչիս, թող յիշատակդ յաւէտ օրհնեալ մնայ։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան