Անողոք պատերազմը դեռ կը շարունակուէր: Ծաղկաստան Հալէպի դէմքը չունէր անցեալի ժպտուն երանգը: Երիտասարդները անել կացութեան մատնուած էին: Տարեցներուն համար արեւածագը վաղուց կորսնցուցած էր իր գրաւչութիւնը:
Միութենական տղաք՝ պատասխանատուներ, օր ու գիշեր ելքի մասին կը մտածէին:
Մինչեւ ե՞րբ հնչեցնել համբերութեան շեփորը, մինչեւ ե՞րբ տոկալ, մինչեւ ե՞րբ կտոր մը հացի փոխարէն յոյսով սնանիլ:
Ամէն տեղ քանդուած էր: Ամէն տեղ մահը իր դրոշմն էր դրած: Ամէն ընտանիքի մէջ նահատակի կամ հեռացած հարազատի ցաւը կը մխար:
Բայց Նարկիզին համար ամէն բան ուրիշ էր: Կեանքով լեցուն քառասունն անց ըլլալով հանդերձ, յոյսի ջերմ բոյնը, որ սրտին մէջ հիւսած էր մինակ, դեռ ամուր էր եւ հիւրընկալ:
Նարկիզներ շա՜տ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, սակայն քիչերուն միայն կը նկատենք, մէկ-մէկ կը հմայուինք անոնց կամքի ուժով, բայց չենք մօտենար անոնց՝ գէթ իրենց ջերմ բոյնի հիւսքին օգնելու ճիգով:
Նարկիզին համար կրթութիւնն ու խիստ դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր գործօններ էին՝ կատարեալ ու բարեկեցիկ հասարակութիւն մը կերտելու համար:
Քանի մը վկայականներու արժանացած էր, գիշերը ցերեկին խառնելով անոնց մէջ իր հոգիէն կտոր մը դրած էր:
Գիրն ու գրականութիւնը սրտին մօտիկ էին, կարծես անոնց ձեռքերով կը շօշափէր իրական կեանքը եւ որպէս իրաւաբան կը մերժէր կտրականապէս անարդարութիւնը:
Կիներուն իրաւունքներուն անվերապահ պաշտպանն էր: Վաղ տարիներէն կը պայքարէր, որ հայ կինը միշտ իր արժանապատիւ տեղն ու դերը ունենայ հայ ազգային կեանքէն ներս… եւ յաջողեցաւ:
Սուրիական տագնապի ցուրտ ու մութ տարիներուն երեւի շատ աւելի ուժ եւ յոյս ներշնչեց երիտասարդներուն, քան սովորական այլ պատասխանատուներ:
Ամէն օր, ամէն տեղ ըլլալով հայկական համայնքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն իսկական թարգմանը դարձաւ:
* * *
Գարնանային ցուրտ առաւօտ մըն էր:
Նարկիզ սովորական իր ժպիտն ու եռանդը դէմքին, թղթէ ծրարները ամփոփելէ ետք իր սեւ պայուսակին մէջ, տան աստիճաններով հասաւ փողոց:
Շուրջը նայելով պահ մը երեւակայեց, թէ ամէն ինչ աւարտած է, պատերազմի փոխարէն խաղաղաւէտ եւ օրհնաբեր մթնոլորտը վերադարձած է կրկին:
Փակ խանութներուն դիմաց, ծառերը իրենց կանաչափայլ զգեստները հագած բարի լոյս կը նետէին սակաւաթիւ անցորդներուն:
Երկինքը պայծառ էր եւ արեւը աւելի յուսալի կը շողար:
Քիչ մը թթուածին քաշելով կը սկսի դանդաղ քայլերով առաջանալ ու արագ միտքեր տարուբերել ուղեղին մէջ:
Մէկ-երկու դրացի խանութպաններ քիչ մը յոյսով ու հաւատքով զինուած կ’աւլէին իրենց խանութներուն առջեւ կուտակուած փոշին եւ իրենց բարի լոյսով նաեւ սրտերուն վրայ նստած յուսալքութիւնը:
Նարկիզ կ’անցնի անոնց քովէն եւ ջերմ ժպիտով կը բարեւէ իր կարգին խանութպաններուն ու կը հարցնէ, թէ այսօր կազի շիշերը պիտի հասնի՞ն, քանի որ տան մէջ հիւանդ մայրը տաք պահելու համար այլ միջոց չունի, բացի այդ կազով աշխատող վառարաններէն:
Ապու Քարիմը (Քարիմ կը նշանակէ առատաձեռն մարդ) դէմքի գիծերը անորոշ ժպիտով մը ներկելով, «ինշալլահ» (Աստուծոյ կամքով) կ’ըսէ:
Ու կը յիշէ, իր աչքերուն իսկ վկայութեամբ, որ պատերազմները ոչ միայն մարդկային կեանքը կը խլեն, այլեւ այնպիսի տարօրինակ եւ մուգ տեսարաններ կը ստեղծեն, ուր մարդիկ ապրելու եւ գոյատեւելու համար կը ծախեն ամէն ինչ, առաջին հերթին սկզբունք ու պատիւ քիչ մը սնուելու, քիչ մը տաքնալու, մէկ խօսքով քիչ մը պատսպարուելու համար:
Նարկիզ զգուշ էր, գիտէր, լաւ գիտէր մարդոց որակները, վերջապէս քառասուն տարիներու կանացի հարուստ փորձ ունէր եւ մարդու աչքի բիբին մէջ կրնար կարդալ անոր հոգիին բազմահատոր սեւ ու սպիտակ էջերը:
Կանայք համեմատաբար աւելի ուժեղ են երբ կեդրոնացած են: Անոնց բանականութիւնը աւելի բարձր թռիչք ունի քան զգացականութիւնը, սիրոյ ընկալումը նոր նուաճումներ կը թեւակոխէ միշտ եւ այդ պահուն արդարօրէն կը պահանջեն իրենց բաժինը տղամարդուն կողքին հաւասարէ-հաւասար՝ լուծելու մինչեւ անջրպետային խնդիրները:
Նարկիզ ճիշդ այս փաղանգին կը պատկանէր: Ան ոչ միայն ամէն տեսակի անհատական անիրաւութիւններու մոլեռանդ պաշտպանն էր, նաեւ Հայ Դատի կամաւոր զինուորը:
Իսկական օրինակելի հայուհի, որուն համար հայուն գոյութիւնը եւ ապագան անսակարկելի հարցեր են:
Ֆէյսպուքեան եւ այլ հասարակական ցանցերու ու գրեթէ աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ իր բողբողող ճիչով համակած էր համայնքի երիտասարդները:
Մայրը ուրախ էր եւ անշուշտ հպարտ իր մէկ հատիկով, սակայն կ’ուզէր, որ աղջկան սրտին մէջ հիւսուած ջերմ բոյնը իրական օճախի մը վերածուէր եւ հոն, իր մայրամուտին դեղնած օրերուն, լսէր թոռներու գարնանաբեր գեղգեղանքը:
Տեսակ մը իրաւունք է տարեց կնոջ մը համար, որ կեանք մը ամբողջ նուիրելով՝ կ’ակնկալէ ամենաթանկ նուէրը նոյնինքն կեանքէն:
Բայց արդէն նման սպասումներ անիմաստ էին եւ թոռներու փոխարէն պէտք էր գրկել աղջկան տարած յաղթանակները:
«Աղջիկս, ուրախ եմ ու հպարտ քեզմով, զգո՜ւշ եղի՛ր, այս պայմաններուն մէջ վտանգաւոր քայլերու չդիմես, գիտեմ անվախ ես, սակայն վատ մարդիկ՝ շատ», միշտ կը յիշեցնէր մայրը:
«Մա՛մ, մի՛ մտահոգուիր, ես լաւ գիտեմ պաշպանուիլ, պիտի քալեմ մինչեւ վերջ, ժողովուրդիս տագնապը իմ տագնապն է, ազգիս պատիւը ինծի համար սրբութիւն է, դուն անհոգ եղի՛ր: Ըսէ՛, ի՞նչ կ’ուզես բերեմ դուրսէն, սիրտդ ի՞նչ կ’ուզէ»:
«Քու առողջութիւնդ միայն, անփորձանք երթաս ու վերադառնաս», աղօթաբոյր վանկերով կը կրկնէր մայրը:
Եւ ակնկալուածը եղաւ…
Սկիզբը քանի մը սպառնացող նամակներով փորձեցին սպառնալ, «վախցնել» Նարկիզը: Յետոյ տան դիմաց քանի մը անգամ սատկած կատուներու դիակներ շպրտեցին, բայց Նարկիզ անդրդուելի մնաց: Ընդհակառակը օրէ-օր թուրքին հանդէպ իր ունեցած վրէժն ու ոխը աւելի ուռճացան, ժայթքելու պատրաստ հրաբուխի վերածուեցաւ, մինչեւ որ հասաւ իր նպատակին:
Ան քաջ գիտէր, որ Սուրիոյ մէջ կատարուածը գլխաւորաբար վայրագ թուրքին նախածրագրած ոճիրն էր:
Հիմա խաղաղ էր աւելի, թէեւ պատերազմի աւարտը դեռ կ’ուշանար: Բայց չէ որ մարդու կեանքն ալ տեսակ մը պատերազմ է, չարի ու բարիի անաւարտ պատերազմը: Մեզմէ իւրաքանչիւրս իր ընկալումներուն համաձայն մերթ լուռ ու մերթ աղմկալի պատերազմ կը տանի խոտոր միտքերու եւ երեւոյթներու դէմ: Ոմանք ինքնակամ շուտ կը յանձնուին, տեսակ մը գերին կը դառնան իրենց աչքով ընկալածներուն, իսկ հոգին միշտ ալ կրնայ պատերազմը շարունակել յանուն սիրոյ եւ բարութեան, յանուն անհասկնալի ու մրոտ երեւոյթը լոյսով կրկին մկրտելու: Կը ճաշակենք ցաւը եւ ցաւին ճամբով մեր մինակութեան կեանք կու տանք, մինակութիւնը կը վերածուի զոհասեղանի եւ այդ սեղանին վրայ յանուն մեր համոզումին, յանուն մեր երազներուն, յանուն արդարութեան կը զոհաբերենք մեր ամբողջական ուժը ու ճիշդ այդ պահուն կը ծնին աւելի կատարեալ, աւելի ուժեղ «մենք»եր:
Նարկիզի գիտակցութեան մէջ այս բոլորը բնական գոյներով ու երկնային ձայներով պատկերուած էին եւ ան, յղի այս անարատ ապրումներով ու միտքերով, վերջապէս ծնաւ ոչ թէ նոր մինակութիւն մը, որ կրնար սովորական շնչաւոր մը դառնալ, այլ վերածնիլ տուաւ հազարաւորներու, որոնք պիտի քալեն դէպի լոյսը արդարութեան, ուր այր ու կին հաւասարէ-հաւասար պիտի ճաշակեն իսկական սէրը եւ անոնց մարմինները պիտի չայրին միայն սեռային հեշտանքներով, այլ հաշտարար կեանքի մը լուսաբացը պիտի դիմաւորեն ու պատերազմին, քանդուած հաւատամքի քարակոյտերը հատիկ առ հատիկ կրկին շարելով պիտի կառուցեն իրենց հոգիներուն անառիկ բերդը:
Կարօ Արսլանեան