Շրջապատիս մէջ տարածուած համոզում է, թէ մեր սերունդը անդաստիարակ եւ ծոյլ սերունդ մըն է, բայց արդեօ՞ք մէկը հարցուցած է, թէ մենք ինչո՞ւ այսպէս եղած ենք։
Հազիւ մեր մանկութիւնը սկսաւ, նոյն ատեն ալ պատերազմը ծայր առաւ, ի՜նչ ահռելի, դաժան օրեր ապրեցանք։ Մանկութենէն հասկցանք, թէ ի՞նչ է մահը։ Ամէն պահ ան մեզի մօտ էր։ Ութը տարի շարունակ ապրեցանք վախի մէջ։ Անշուշտ ոչ միայն մենք, այլ Հալէպի ամբողջ բնակչութիւնը։
Երբ 4-րդ դասարան էինք, արդէն ջուր կը կրէինք, մոմերու լոյսին տակ դաս կը սորվէինք, բայց… համբերեցինք։
Համբերեցինք, սպասեցինք եւ երազեցինք խաղաղ, հանգիստ ու ապահով օրուան գալուստը։ Աղօթեցինք, եկեղեցի գացինք, ուխտ ըրինք, որպէսզի շուտ հասնի ան։ Եւ վերջապէս եկաւ։
Բոլորս ուրախացանք, մեր դպրոցները վերաբացուեցան, բայց կամաց-կամաց ոմանք սկսան թերահաւատ դառնալ։ Բազմաթիւ հայեր գաղթեցին զանազան երկիրներ, աշակերտութեան թիւը նուազեցաւ։
Այս պայմանները իմանալով մէկտեղ, մեծերը երբեմն մեզի հետ ծայրայեղ խստութեամբ կը վարուին։ Երբեմն պզտիկ հարցի մը համար աշակերտ մը կը պախարակեն, նոյնիսկ կը կախակայեն։ Դարձեալ կ’ըսեմ՝ թող չմոռնան մեր պայմանները, չմոռնան մեր անցուցած դժուարութիւնները։ Պատճառ չըլլանք, որ այս պզտիկ թիւով հայութիւնն ալ ձուլուի կամ հեռանայ մեզի համար սիրելի այս քաղաքէն։

Անտեղի խստութեամբ մի՛ վարուիք մեզի հետ, որպէսզի չխրտչինք այս քաղաքէն, դպրոցէն եւ դասէն։

Սիլվի Ժամկոչեան
Թ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան