Ամէն մարդ իր կեանքին ընթացքին ազատութիւն կը փնտռէ։
Կարգ մը մարդիկ ունին կամ գտած են իրենց ազատութիւնը… ուրիշներ չեն գտած։ Ես ալ այդ չգտնողներէն ըլլալով, ամէն օր կ’արթննամ այն յոյսով, թէ պիտի գտնեմ ազատութիւնս…
Մեզի՝ պատանիներուս համար, ազատութիւնը մեր ուզած ատեն տուն վերադառնալն է, ուզած ատեն, մեր ուզած տեղը երթալը, ուզած անձերուն հետ յարաբերիլը եւ մեր ուզած ձեւով հագուիլը…Մեր այս փափաքները կը փոխուին տարուէ տարի։
Ես ազատութիւնս գտնելու համար կ’ուզեմ ճամբորդել։ Հաւանաբար ճամբորդելով ալ չգտնեմ զայն՝ բայց սա իմ համոզումն է եւ Ամենամեծ Երազը… Յիշատակը անթառամ մնայ Միքայէլ Նալպանտեանին՝ ազատութեան երգիչին, որ ըսած է՝ «Ազատութիւն սիրողին՝ այս աշխարհը խիստ նեղ է»։
Լուսիանա Գայապալեան
Ժ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան