«Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Տարիկ Եազարեւիչի խօսքին համաձայն, աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրով (քորոնա) վարակուած անձերու թիւը 100 հազարը անցած է:
«Աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներու 101․827 դէպք արձանագրուած է, մահացողներու թիւը 3484 է առ այսօր», յայտնած է Եազարեւիչը:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մայքլ Ռայեան յայտնած է, որ մինչեւ այս տարուան ամրան պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխելու հաւանականութիւնը քիչ է: