«Երկիր».- -Եւրոտեսիլ երգի մրցոյթի միջազգային կազմակերպիչ Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան ներկայացուցիչները չեն մասնակցած 9 Մարտին մրցոյթի մասնակից 41 երկիրներու եւրոտեսիլեան պատուիրակութիւններու հանդիպումին սահմանային արգելքին պատճառով:
Կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածուած է, ուր յիշուած է թէ. «Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը կը շարունակէ վերահսկել իրավիճակը եւ գնահատել պսակաձեւ ժահրի հաւանական ազդեցութիւնը մրցոյթի վրայ», ու աւելցուցած, որ եթէ ժահրին ստեղծած իրավիճակը վատթարանայ, ապա համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին: