Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութիւնը նոր իրավիճակ ստեղծեց յատկապէս Հալէպ-Դամասկոս, Հալէպ-Լաթաքիա ճամբաներուն բանեցումով։ Այս նիւթին շուրջ «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանի հետ։ 
Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.
«Գանձասար»- Փութին Էրտողան հանդիպումին արդիւնքով ստորագրուած յուշագիրով Թուրքիան նոր պարտաւորութիւններ կը ստանձնէ՞։
Սարգիս Գասարճեան- Այս յուշագիրը թէեւ նոր պարտաւորութիւն չի դներ Թուրքիոյ վրայ, սակայն կը ստիպէ Թուրքիան ընդունիլ Սուրիոյ ներկայ վիճակը իր ներկայ սահմաններով։ Այսինքն ընդունիլ 2020-ի ուժերու դասաւորման քարտէզը, որ գծուեցաւ սուրիական բանակին զինուորական գործողութիւններուն եւ յառաջընթացին հետեւանքով։ Հետեւաբար կարծեմ այս յուշագիրին կարեւորութիւնը Թուրքիոյ պարտաւորութիւններու առնչութեամբ չէ, որովհետեւ Թուրքիա  2018-ի Սեպտեմբերին նոյն պարտաւորութիւնները յանձն առած էր, սակայն չէր գործադրած։ Այս յուշագիրին կարեւորութիւնը այն է, որ Թուրքիա իր չիրականացուցած պարտաւորութիւնները այժմ ստիպուած եղաւ իրականացնելու, երբ սուրիական բանակը գետնի վրայ փոփոխութիւններ յառաջացուց. նկատի ունիմ M5՝ Հալէպ- Դամասկոս մայր ճամբուն բացումն ու սուրիական բանակին վերահսկողութեան տակ առնուիլը։
«Գ.»- Ինչպիսի՞ առաւելութիւններ կրնայ ունենալ M4՝ Հալէպ Լաթաքիա ճամբուն վերաբանեցումը Սուրիոյ համար։
Ս.Գ.- M4-ի կարեւորութիւնը այն է, որ երկրի տնտեսական մայրաքաղաքը՝ Հալէպը, Սուրիոյ արդիւնաբերական հիմնական կեդրոնը, պիտի կապէ ծովեզերքին՝ Լաթաքիոյ հետ։ Այս ճամբուն ամենամեծ կարեւորութիւնը, իմ կարծիքով, տնտեսական կարեւորութիւնն է, որովհետեւ Հալէպի արտադրութիւնները հետագային անպայման ճամբայ պէտք է գտնեն դէպի ծովեզերք, ծովեզերքէն ալ դէպի արտաքին աշխարհ։ Այս ճամբուն երկրորդ կարեւորութիւնը այն է, որ Իտլիպը ընդհանրապէս կը ներառէ ապահովական գօտիին մէջ։ Այսօր Իտլիպի միակ բաց սահմանը, կամ Սուրիոյ պետութեան կողմէ չպաշարուած սահմանը, թրքական սահմանն է, հետեւաբար Իտլիպը դէպի սուրիական տարածքներ որեւէ ազատ եւ բաց սահման չունի։ Իսկ M4-ի երրորդ կարեւորութիւնը բարոյական կարեւորութիւնն է, այսինքն վերջ ի վերջոյ այդ ճամբան, որ ընդհանրապէս 2012-էն ի վեր փակ էր, զինեալներու վերահսկողութեան տակ էր, այլեւս բաց է ու ապահով։ Այս մէկը բարոյական յաղթանակ է Սուրիոյ պետութեան համար եւ բանեցուած յաւելեալ ճնշում է զինեալներուն վրայ։
«Գ.»- Այս յուշագիրով հաստատուեցան Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Ասիկա ի՞նչ պարտաւորութեան տակ կը դնէ ստորագրող կողմերը, առաւելաբար Թուրքիան։
Ս.Գ.- Յուշագիրին բարոյական ազդեցութիւնը շատ մեծ է, որովհետեւ Էրտողան նախքան Մոսկուա մեկնիլը սպառնալիքներով հանդէս կու գար, ըլլայ իր հանդիպումներուն կամ մամլոյ ասուլիսներուն ընթացքին, իսկ յուշագիրը չի պարունակեր Էրտողանի հիմնական պահանջքը, յատկապէս այն, որ սուրիական զօրքը պէտք է թրքական կէտերէն հեռու մնայ, այսինքն՝ գործնականօրէն քաշուի։ Թուրքիոյ նկատմամբ, սակայն, պետական թէ ժողովրդային մակարդակներով մտավախութիւն գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ բոլորն ալ քաջ գիտեն, որ Էրտողան ախորժակներ ունի սուրիական հողերու վրայ եւ այդ հողերը Թուրքիոյ կցելու քաղաքականութիւն կը վարէ։Թրքական այս նկրտումները միայն Սուրիոյ վերջին դէպքերուն արդիւնքով չեն յառաջացած, պատահական չէր Էրտողանի քանի մը առիթներով Լոզանի մասին խօսիլը, Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մասին խօսիլը։ Թուրքիոյ նախագահին նման արտայայտութիւնները միայն այսպէս կրնան թարգմանուիլ։