Այս բառերը ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Ռէթէոս Պէրպէրեանի տապանաքարին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմանոցը։ Պատանի էի։ Ճեմարանի Առաջին Լսարանի աշակե՛րտ։ Եւ այդ ամառ, մեծ յափշտակութեամբ կը պեղէի Պոլիսը։ Մայրս, փոքր եղբայրս եւ ես միասին կատարեցինք մեր ընտանիքի այդ պատմական ճամբորդութիւնը։ Տասնութ տարիներ ետք իր ամուսնութեան օրերէն, մայրս վերջապէս պատեհութիւն կ’ունենար քանի մը թանկագին ամիսներով վերադառնալու իր հարազատներուն գիրկը եւ ես գիւտը կ’ընէի այս աներեւակայելի աշխարհին։
Ասիկա հին աշխարհին մէկ կտորն էր, որ հակառակ մեծ նախճիրին դեռ մնացեր էր անփոփոխ իր երգերով, իր համերով, իր գոյներով։ Անիկա դեռ Պարոնեան էր իր անկրկնելի բարբառով ու սրամտութեամբ. դեռ Տիւսափ էր եւ Եսայեան՝ իր յուզաշխարհով. դեռ Զապէլ Ասատուր ու Անայիս՝ իր տիկիններուն կիրթ ու կոկիկ ու նրբագեղ հայերէնով. դեռ Զօհրապ էր ու Երուխան, դեռ Հրանդ էր ու Օտեան. տեղ մը՝ Ինտրա ու Դուրեան, Մեծարենց էր ու Զարիֆեան. ուրիշ տեղ մը՝ Քէչեան էր ան ու ամիրա ու դեռ ձկնորս ու ջրհանկիր. Պանք Օթոման. Եըլտըզի ռո՛ւմբ…Այս բոլորին սարսափագին հետքերով ես կը քալէի ամէն առտու եւ իրիկուն ու կը զգայի այն, որ եղեր էր եւ այն, որ դեռ կար։ Հոն էր, որ ես առաջին անգամ տեսայ թուրքը որպէս հաւաքական իրողութիւն։ Տեսայ յոյնը, քալեցի Բիւզանդիոնի մանուածապատ ներքնուղիներով եւ հասայ հոս։
Այս բոլորը յիշեցի յանկարծ, երբ «Հայրենիք»ի սիւնակներուն մէջ կարդացի Գրիգոր Շահինեանի ջերմ տողերը Ճեմարանի մեր երկու ուսուցչուհիներուն՝ Տիկ. Գոհար Յովհաննէսեանի եւ Տիկ. Եոլանտ Աճէմեանի մասին։ Մեզի՝ ճեմարանականներուս ծանօթ՝ երկու պարզ եւ քաղցրահունչ կոչականներով՝ «Տիկին» եւ «Մատամ»։ Գրիգորը զանոնք կոչած էր «Բարին եւ Գեղեցիկը» եւ հեռուէ հեռու ինքն է այս պահուն զիս մղողը, որ յիշատակի այս գիրը ես սկսիմ 1952-ի ամրան իմ արձակուրդէս հասնելու համար Ճեմարանի մեր ուսուցիչներուն։
Եւ անշուշտ կապ մը կար այս բոլորին միջեւ, որ ինքնիրեն քակուեցաւ իմ ենթագիտակցութեան խորերէն ու մէկիկ-մէկիկ դուրս հանեց ձայները հին քաղաքին, ուրկէ մեր պատանութիւնը պիտի անցնէր հեզասահ ու անմիջական։ Պիտի անցնէր. եւ փոքր ու մոլորած երկրագունդի մը երեսին պիտի կազմէր այս տարօրինակ, այս անբացատրելի կղզեխումբը, որ կապեր է ահաւասիկ մեզ իրարու։
Պոլսէն վերադարձիս, Հոկտեմբերի աղուոր օր մը, երբ վերամուտի դասերը նոր էին սկսեր, Ճեմարանի երկրորդ յարկի պատշգամին վրայ պահ մը առանձին գտեր էի գրականութեան մեր յայտնի ուսուցիչը՝ պրն. Սասունին եւ առիթէն օգտուելով հարցուցեր իրեն.
և Պարոն, ի՞նչ կապ ունին Բարին, Գեշեցիկը եւ Ճշմարիտը Ռէթէոս Պէրպէրեանի հետ…
Սասունին դարձաւ իր հեգնախառն ժպիտը դէմքին եւ հեռաւոր Միջերկրականին զուարթ արեւը կար իր ձայնին մէջ, երբ ըսաւ.
և Բարի եկար, ջորեպան Հայր Սո՛ւրբ…
Յետոյ յանկարծ զանգը տուին եւ մենք գացինք դասարան։ Աւանդութիւն էր։ Երբ ուսուցիչը կը մտնէր ներս, մենք բոլորս կը կանգնէինք ոտքի ու կը սպասէինք, մինչեւ որ ան արտօնութիւն տար նստելու։ Պրն. Սասունի ներս կը մտնէր իր կաղ ոտքին պատկառելի կշռոյթովը եւ մենք երկիւղածութեամբ կը սպասէինք, որ ան ի վերջոյ հասնէր ամպիոն։ Բայց ի՜նչ երկիւղածութիւն…«մի՛ շիներ» կը պոռան այս պահուն դասարանի ընկերներս եւ ընկերուհիներս երկրագունտին չորս ծագերէն։ Յարգանքի այդ պահուն, մանաւանդ ձմրան ցուրտին, մխտող-մխտողի կ’ըլլար տղոց կազմէն. երբեմն աթոռներ կը տապալէին. արտառոց փռնգտուքներ կը յաջորդէին իրարու եւ ծիծաղը կը փռթկար յանկարծ։
Այդ օր, Սասունին քալեց դէպի գրատախտակը եւ գրեց.
և Բարին, Գեղեցիկը, Ճշմարիտը…
Յետոյ նշան ըրաւ, որ նստինք։ Յետոյ խօսեցաւ Պէրպէրեանին մասին։ Պատմեց մանրավէպեր։ Ան կը սիրէր իմաստասիրել, ըսաւ։ Իր ատենաբանութիւնը ան միշտ կը սկսէր այդ երեք բառերով եւ իր ունկնդիրները կը հետեւէին իր պերճաբան խօսքին մեծ ակնածանքով. մեծ լրջութեամբ։ Սրահին մէջ շշունչ չէր լսուեր, քանի որ այդ օրերու երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած էր փիլիսոփայութեամբ, մշակոյթով…ձեզի պէս ջորեպանները, որոնք չեն գիտեր պահ մը լուռ մնալ, մինչեւ որ ուսուցիչը մտնէ ներս…
Ասիկա կշտամբելու իր անուշ ձեւն էր, որ երբեք չէր վիրաւորեր. չէր վերածուեր յանդիմանութեան, բայց աւելի հզօր էր ան, քան խրատի բոլոր խօսքերը մեր անխրատ գլուխներուն վրայ։
Գրիգոր Շահինեանի տողերը կարդալէ ետք, անդրադարձայ, որ ես ալ իմ բաժինը ունէի այդ երկու նուիրեալ կանանց կեանքին մէջ եւ ուզեցի այս քանի մը յիշատակները յանձնել թուղթին։
Տիկ. Գոհար իմ յիշողութեան մէջ մնացած է որպէս մեր արժէքային համակարգի բացարձա՛կը՝ իր հազարումէկ ձեւերով մեզ խաղի բերող այս յարաբերական ու յեղյեղուկ ու անկերպարան աշխարհին մէջ։ Անուշ հոգի մըն էր ան խստադէմ արտաքինի մը տակ։ Զաւարեաններու Կովկասէն մեզի հասած անսակարկելի ու խստակենցաղ հայութեա՛մբ՝ որ դիմագիծ տուաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական մէկ ամբողջ սերունդին։ Ան կեանքի ընկերուհին էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վաստակաւոր գործիչներէն՝ Արշակ Յովհաննէսեանի։ Անոնք միասին անցեր էին հայ անկախ պետականութեան փշոտ ճանապարհը։ Հզօր կիներ էին Դաշնակցութեան մարտիկներուն կողքին համարձակօրէն դիրք գրաւած այս հայուհիները։
և Այ տղա՛յ…
Տիկ. Գոհարին այդ զգաստացուցիչ ձայնը ամէն ճեմարանական իրեն հետ պիտի տանի երկրէ-երկիր։ Ան այլեւս դասարանային անկարգութիւն մը սրբագրող սաստը չէ իր այս հեռաւոր արձագանգով, այլ տիկ. Գոհարին անզիջող հրահանգը, որ չ’ուզեր պատրուակներ լսել եւ կշտացած է բոլոր սոփեստութիւններէն եւ այն ինչ, որ անկարելի կը նկատուի ձեր փափկաճաշակ ուղեղներուն մէջ, ան կ’ուզէ լսել ձեր իսկ բերնէն…եւ ձեր չափը տալ։
Շատ չարչարեր ենք զինք եւ ան մօր մը համբերութեամբ տարեր է մեր վայրենութիւնը։ Տարեր է, բայց չէ լռեր։ Տուեր է մեր գլխուն այն լաւատես համոզումով, որ տեղ մը բան մը ճիշդ դուրս պիտի գայ։ Քանի որ կայ հայը։ Քանի որ կ’ապրի Դաշնակցութիւնը։ Քանի որ կ’ուսուցանուի մեր գիրը եւ հին երգը կ’անցնի տունէ-տուն։ Մնացեալը ինք կրնայ շտկել։ Անկարգապահը դարձնել գիտակից, եթէ ոչ՝ բոլորովին կարգապահ…Ինք Ընդհանուր Դաստիարակն է այս դպրոցին, Շանթի եւ Աղբալեանի յղացքով շունչ ստացած այս Ճեմարանի՛ն։ Ինք լաւ գիտէ, թէ ի՞նչ մեծ առաքելութիւն վստահուած է իրեն։ Եւ իր խղճին ու խնամքին յանձնուած այս բալիկները, որոնք պիտի մեծնան ու ծնունդ տան նոր բալիկներու, հայուն նոր բազուկն են ըլլալու, որ նորէն պիտի բարձրանայ, նորէն պիտի մտնէ պայքարի ասպարէզ եւ հին ու սրբազան արկածախնդրութիւնը անպայման նոր սահմաններ պիտի նուաճէ։
Կը յիշեմ նախապատրաստականի առաջին տարին։ Տիկինը թուաբանութեան մեր ուսուցիչն էր։ Միա՛կ տարին՝ երբ զինք ունեցած եմ որպէս ուսուցիչ։ Միա՛կ տարին՝ երբ թուաբանութեան մէջ կրցած եմ լաւ գնահատական ստանալ…Այնուհետեւ մինչեւ Ճեմարանի աւարտական տարիս ողբալի կացութեան մէջ էի, ինչպէս հայոց մեծ երգիծաբանը…(որ փոքր տարիքին գրեր էր Ադրիանուպոլսոյ իրենց դասարանի գրատախտակին վրայ՝ «Հրաժարիմ ի դիւաբանութենէ եւ ամենայն չար կոտորակաց նորա…»)։ Թիւերու լեզուն կը մերժէի ընդունիլ։ Երեւի ան ալ կը մերժէր զիս։ Բաւական հոգի մաշեցուցեր եմ այդ տարիներուն։ Ոչ միայն իմս, այլեւ հոգիները պրն. Թոփալեանին, պրն. Հայթոսթեանին, պրն. Աթթարեանին…
Պատմողը կարծեմ պրն. Մուշեղն է կամ՝ Սըրը, թուականը՝ 1954։ Ճեմարանի Մանկավարժական Ժողովի վճռական նիստն է, ուր պիտի որոշուի, թէ ովքե՞ր աւարտական վկայական պիտի ստանան այդ տարի…Նիստը նախագահողը պրն. Վրացեանն է։ պրն. Աթթարեան չ’ուզեր տեղի տալ։ Այս աշակերտը, կ’ըսէ ան, պատրաստ չէ աւարտելու. ան չէ կրցած բաւարար միջին բերել մաթեմատիկի մէջ։ Այդ աշակերտը ես եմ եւ բանս բուրդ է։ Բայց այդ նեղ պահուն օգնութեան կը հասնի իմ մօրս աղօթքներով երկիր կանչուած իմ պահապան հրեշտակը.
և Թոյլ տուէք, ես էլ իմ խօսքն ասեմ, կը հնչէ իր հեղինակաւոր ձայնը։ Ես էլ եմ թուաբանութեան ուսուցիչ եղել։ Կարօն իմ աշակերտն էլ է եղել։ Ես յիշում եմ իր աշխատանքը։ Ես ապացոյց էլ ունեմ. պահել եմ իմ ուսուցչական նոթերի տետրը…Նա իմ դասարանում յաջողակ աշակերտ էր։ Ո՞նց պատահեց, որ յանկարծ նա չի կարողանում պահել իր մակարդակը։ Մի՞թէ քննուել է սա…
Տիկի՛նն է։ Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ե՞րբ է ինք իմ ուսուցիչս եղած։ Բայց իր խօսքը իւրայատուկ այն շեշտը ունի, որ նոր ու անտեսանելի ծալքեր կը բանայ պրն. Վրացեանի խորազննող եւ անթարթ աչքերուն առջեւ…Ի վերջոյ իմաստութիւնն է – ու բա՛խտը և, որ իր վերջին խօսքը պիտի ըսէ։ Տեղ մը մէկը կայ, որ քու երկնատուր դայեակն է եւ ազատարարդ միաժամանակ եւ որ քեզ դուրս պիտի բերէ նեղ տեղերէն դէպի լոյս աշխարհ…Կը քննեն իւրաքանչիւր աշակերտի ուսումնական ամբողջական կարգավիճակը մանրամասնօրէն պրն. Վրացեանի խստահայեաց հսկողութեան տակ…
(շար. 1)
Կարօ Արմէնեան