Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հայրապետական հովանաւորութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 8 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահի բեմը ծաղկեցուց եւ երաժշտական նուրբ ճաշակ հրամցուց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի:
Ելոյթին ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչը, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբի պատասխանատուն, Պատկան Մարմնի եւ Ազգային Վարչութեան եւ հալէպահայ կրթական, մշակութային, երիտասարդական, բարեսիրական ու մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներն ու փոքրիկ երգիչներուն ծնողները:
Նախքան բացումը, ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգելու Սուրիոյ եւ մայր հայրենիքի ազատութեան բագինին զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Գրիգոր Հայկեան: Ան մշակութային ձեռնարկներու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, լուսարձակի տակ առաւ սուրիական բանակին յաղթանակները, Սուրիոյ խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման կարեւորութիւնը, նաեւ անդրադարձաւ գիտակից ու հայրենասէր սերունդ պատրաստելու առաքելութեան մէջ երաժշտութեան կարեւոր դերին:
Հայերէն բացման խօսքով Նանար Պապեան-Քիլէճեան լուսարձակի տակ առաւ հայ երգին ուժը, ազդեցութիւնը եւ կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ ըսելով. «Երգը, նամանաւանդ հա՛յ երգը, մեր մշակոյթի, պատմութեան, երազներուն, մեր ուրախ թէ տխուր օրերուն արտացոլումն է, որ կ’ամրապնդէ ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը, կը փայփայէ մեր զգացումները եւ ջերմութեամբ կը համակէ մեր սրտերը»: Աւարտին ան գնահատեց Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի երգչախումբի ղեկավարութեան 28 տարուան նուիրական աշխատանքը, յիշելով որ ան ոչ միայն բծախնդրութեամբ կը պատրաստէր երգչախումբը, այլեւ մայրական գուրգուրանքով եւ հոգատարութեամբ կը հետեւէր փոքրիկներուն: Քիլէճեան գնահատեց նաեւ դաշնակահար Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանը, որ իր հմուտ նուագակցութեամբ եւ մասնագիտական մշակումով մեծապէս օժանդակեց երգչախումբին յաջողութեան:
Ապա սրահի մուտքի դռներէն ներս մտան Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները պարզած 80 փոքրիկ երգիչներ, որոնք բեմ բարձրացան հրամցնելու եռամսեայ իրենց աշխատանքին իբրեւ արդիւնք «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբի 47-րդ տարուան գունեղ համերգը, որ կը բաղկանար 14 երգերէ:
Փոքրիկները կոկիկ եւ գեղեցիկ զգեստներով զարդարեցին բեմը, անոնք բազմաձայն երգեցողութեամբ հրամցուցին դասական, ժողովրդային եւ էստդրատային երգերով բաւական լուրջ յայտագիր մը, որ բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքի մը արգասիքն էր:
Համերգը սկսաւ մեր ոսկեյոյզ «Այբուբեն»ով, որմէ ետք Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 135-ամեակին առիթով մեսրոպմաշտոցականները մեկնաբանեցին «Ծնկըլ-Մնկըլ»ը եւ «Երգանուագ»ը: Կոմիտասի խմբերգային շարքին՝ «Ջան Գառնուկ»ի, «Սոնա Եար»ի, «Հոյ Նազան»ի հնչեղ ու մաքուր երգեցողութիւնը արժանացաւ ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն: Ապա երգչախումբի անդամները զուարթ շարժումներով երգեցին Էտկար Էլբակեանի «Լուսին»ը եւ Արամ Խաչատուրեանի «Գարուն Երեւան»ը: Համերգը շարունակուեցաւ զոյգ մը արաբերէն երգով, մէկը նուիրուած էր Հալէպի յաղթանակներուն, իսկ միւսը՝ գարնան գալստեան: Երգացանկի վերջին վեց երգերը ունէին հայրենասիրական եւ պահանջատիրական բնոյթ: «Արցախ» եւ «Կիլիկիա» երգերով երգչախումբի անդամները մեր ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու խոստում տուին: Անոնց յաջորդեցին՝ «Լեռներ Հայրենի», «Մենք Քաջ Տոհմի Զաւակներն ենք», «Վերականգնի՛ր Կիլիկիա», «Իմ Հայաստան», «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» եւ ի վերջոյ «Կենաց Երգ» կտորները: Վերջինս հանդիսատեսներուն բուռն փափաքին համաձայն երկու անգամ ներկայացուեցաւ, երկրորդին հանդիսականներն ալ միացան երգեցողութեան ու սրահը թնդաց երգին՝ «Լարի Թմբըր լա՛, լա՛, հա՛, հա՛, հաաաա…» եզրափակիչ տողով:
Աւարտին, Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ Սիլվա Ճապաղջուրեան անդրադարձաւ պատանիներուն գեղարուեստական ճաշակի մշակման մէջ երգ ու երաժշտութեան կարեւորութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս համերգին յաջողութեան, ապա հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը՝ իր սրտին խօսքը ուղղելու:
Սրբազան հայրը նախ բարձրօրէն գնահատեց խմբավարին ժրաջան եւ բծախնդիր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք հրամցուած ելոյթը, յիշելով նաեւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբի աշակերտներուն եւ դաշնակահարին դերակատարութիւնը այս յաջողութեան մէջ: Ապա ըսաւ. «Աստուած միայն երկնքին մէջ աստղեր չստեղծեց, այլ նաեւ երկրի վրայ շրջող աստղեր: Այդ աստղերը այսօր ձեր զաւակներն են, որոնք իրենց ժիր երգեցողութեամբ, խանդավառութեամբ եւ շարժուձեւերով իրենց անկեղծ սէրը եւ հաւատարմութիւնը յայտնեցին նախ հայ երգին, ապա մեր հայրենիքին, լեզուին, մշակոյթին եւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նկատմամբ»: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, այսօրուան ձեր զաւակներուն ներդաշնակ ելոյթը յաղթանակ կը համարուի: «Ուր որ կայ հաւաքական աշխատանք եւ կամք, հոն կայ յաղթանակ եւ յաջողութիւն: Թող հայ երգին ճամբով մեր մէջ կանգուն մնան ազգային արժէքները եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուին՝ ոգեշնչելով մեր պատանիներն ու երիտասարդները», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Համերգը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Պէթի Մարգէեան