Յաճախ քննարկումի առարկայ կը դառնան կնոջ ազատութեան, տղամարդու համահաւասար իրաւունքներու ձեռքբերման հարցերը, համեմատութիւններ կը դրուին արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ ապրող կիներուն միջեւ, եզրակացութիւններ ալ կը կատարուին հիմնուելով երբեմն ձեւական բաղդատութիւններու, մտայնութիւններու, նոյնիսկ բարոյական ըմբռնումներու տարբերութիւններուն հիման վրայ:
Ներկայ մեր իրականութեան մէջ կինը ամէն տեղ է՝ հասարակական կազմակերպութիւններու, գիտական կեդրոններու, քաղաքական, մշակութային ասպարէզներու, համայնքային կեանքի կրթական, մարզական, բարեսիրական տարբեր ոլորտներու մէջ: Ան հաստատութիւններու ղեկավարման մաս կը կազմէ, պաշտօններու կը տիրանայ առանց կաշկանդումի:
Հայկական մեր իրականութեան մէջ այս առիթները նոր չեն  բացուիր կնոջ դիմաց: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերէն կինը համահաւասար իրաւունք կը վայելէր ընտրելու եւ ընտրուելու, Հանրապետութեան դեսպանը Ճափոնի մէջ եղած էր տիկին Տիանա Աբգարը, որ ուշագրաւ դարձած է իր դիւանագիտութեամբ ու քննական մտածողութեամբ:
Այս բոլորը, սակայն, կը մնան կաղապարուած առիթներ, եթէ կինը անկախ չդառնայ իր որոշումներուն, մտածելակերպին ու խօսքին մէջ, եւ շարունակէ տուրք տալ իր ապրած միջավայրին, կաշկանդուիլ անոր սահմանած անգիր օրէնքներով, երբեմն լուռ ելք որոնել անհաւասարութիւն կամ անարդարութիւն դրսեւորող կացութիւններէն, առանց կարենալ ձերբազատելու անոնց բացասական ազդեցութենէն: Ցաւօք կինը մեր միջավայրին մէջ տակաւին կը մտածէ այլոց կարծիքին մասին, «թէ ի՛նչ կրնան մտածել իր մասին»ի մտատանջութենէն լրիւ չէ ձերբազատած ան: Մտատանջութիւն մը, որ երբեմն կը խեղդէ իր մտքին ու սրտին  ձայնը, կը ջլատէ իր ձգտումները եւ կը կաշկանդէ գործունէութիւնը:
Հանրային կարծիքը մեծապէս կþազդէ իր քայլերուն վրայ, եւ այդ պատճառով ալ յաճախ կաշկանդում մը կայ իր աշխատելաոճին, արտայայտութիւններուն մէջ, որոշ չափէ մը դուրս չելլելու ճիգ մը նաեւ:
Այս կացութիւնը միայն հայկական միջավայրերու չի վերաբերիր հաւանաբար, սակայն անոր յաղթահարումը մեր միջավայրին ի նպաստ պիտի ըլլայ անկասկած:
Նկատառելի նուաճումներ ձեռքբերած մեր հասարակութիւնը ձերբազատելու է կնոջ համար գծուած հին ու նեղ սահմաններէն ու առողջ մտայնութեամբ նայելու է կնոջ նոր կերպարի ձեւաւորման:
Բարոյական իր սկզբունքներուն տէր հայ կինը վերջապէս գործելու է  առողջ եւ տրամաբանական համոզումներով առաջնորդուած, ոչ թէ միջավայրին պարտադրած սահմաններով։
Մեր հասարակութեան կարեւոր մէկ համեմատութիւնը կը կազմէ կինը, ու որքան անկաշկանդ ու առողջ մթնոլորտի մէջ գործէ ան, այնքան բարերար դերակատարութիւն կþունենայ  իր միջավայրին մէջ: