«Ապառաժ».-11 Մարտին, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս հանդիպած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանին եւ Դաշնակցութեան ընտրացուցակով պատգամաւորութեան թեկնածուներ` Վահրամ Բալայեանին, Լեռնիկ Յովհաննիսեանին ու Արմինէ Յարութիւնեանին հետ:

Իր խօսքին մէջ Արտակ Պեգլարեան յայտնած է, որ շարունակական հանդիպումներուն նպատակը` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչութեամբ, ընտրութիւններու ընթացքին կուսակցութիւններուն եւ թեկնածուներուն նկատած հարցերուն ու առաջարկութիւններուն ծանօթանալն է: Ա. Բեգլարեան ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքերու պաշտպանի գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու այն շրջանակը, որով Պաշտպան աշխատակազմը ներկայ ընտրական գործընթացին ամէնօրեայ մշտադիտարկում պիտի իրականացնէ:
Նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուած է, որ քարոզարշաւը կ’ընթանայ օրէնքին համապատասխան. Քայլ առ քայլ` յատկապէս ընկերային ցանցերուն մէջ կը նկատուի որոշակի լարուածութիւն, ինչ-որ անխուսափելի է:
Հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է մշտական կապի պահպանման եւ փոխգործակցութեան:
Վան Նովիկով
aparaj.am