«Արմէնփրէս».- Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ապաս Մուսաւ կը տեղեկացնէ, որ Թեհրան ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կուտերեշին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի սահմանած բոլոր պատժամիջոցները վերացնել` պսակաձեւ ժահրին (Քորոնային) դէմ պայքարելու համար:
«Իրանի ԱԳ նախարար (Մուհամատ Ճաւատ) Զարիֆ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին գրած նամակով,— որուն կրկնօրինակները ուղարկուած են միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ բոլոր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն,— յայտնած է Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի բոլոր միակողմանի եւ անօրինական պատժամիջոցները հանելու անհրաժեշտութիւնը` պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարելու համար», գրած է Մուսաւին Twitter-ի վրայ: