Կը հաւատա՞ք, որ հողը իր ներքին բնոյթին մէջ կը կրէ իւրայատուկ նկարագիր մը եւ այս նկարագիրը փոխանցելի է՝ կը հաղորդուի բնութեան բոլոր տարրերուն։
Երբեմն մտքիս մէջ կը փորձեմ պատկերել հին Պոլիսը, կը ջանամ վերացական պատկերացումի մը հասնիլ՝ կարօտախտի եւ պատրանքի խառն զգացումներով։ Չեմ գիտեր ինչու, այս մտային ճամբորդութիւններու աւարտին, աչքիս առջեւ ի յայտ կու գայ սօսիներու ծառաստան մը։ Այս ծառաստանը երկար ժամանակ չէ ունեցած այցելուներ, սակայն վեհ սօսիները դեռ յուսալիր կը սպասեն պայծառ առաւօտներու։
Անդորրութիւն… պատրաստ եմ կրկին փարելու հաստաբուն սօսիներուն։ Գիտեմ, որ ամէն մէկը ունի իր ներքին բնոյթը, իւրայատկութիւնը, նկարագիրն ու ապրումները։ Գիտեմ, որ բնութիւնը բացառիկ յիշողութիւն ունի։ Բոպիկ եմ։ Հողը խոնաւ է, տեսակ մը մտերմութիւն կը բուրէ։ Ծառաստանը կ’ողջունէ զիս ու ես խանդավառ ներս կը մտնեմ արահետէ մը։
Ահա այս սօսիներու խոշոր ծառաստանը, եռանդուն այս հողակոյտը Պոլիսն է։ Պոլիսը՝ երբեմնի այդ քաղաքը, որ իր հուժկու հերոսներով յամառօրէն դէմս կ’ելլէ ու ցոյց կու տայ իր բոլոր ձեռքբերումները, ինչպէս ալեւոր մը հպարտօրէն պիտի ցուցադրէր իր հին լուսանկարները։
Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, որ հսկայ հովանիիդ տակ 19-րդ դարու կէսերուն գործունէութիւն կը ծաւալէ հսկայ մը՝ Նազլը Վահան, որ իր աղջկան՝ Սրբուհի Տիւսաբի խօսքերով «բոլորովին սէր էր եւ անձնուիրութիւն»։ Անշուշտ գիտեմ, որ ամենամեծ փափաքն էր գիտութեան լոյսը տարածել մեր հասարակութեան մութ խաւերուն եւ ան հոգեւոր մայր կը հանդիսանար բազում հայ աղջիկներու։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գեղեցիկ Պէշիկթաշ թաղիդ մէջ 1830 թուականին կը ծնի ուրիշ հերոս մը՝ Էլպիս Կեսարացեան, որ կը համարուի նաեւ առաջին հայ կին լրագրողը։ «Հայկազն Օրիորդաց» հրաւէր մը կը ղրկէ 1862-ին հիմնելով «Կիթառ» հանդէսը ու առաջին թիւին մէջ մեծատառերով կը հաստատէ՝ «ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ Ի ԳՈՐԾ ԴՆԵԼԸ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ»։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ’աշխատի կիներու դաստիարակութեան համար եւ անհրաժեշտ կը համարէ հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութիւնը։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, որ պատկառելի Օրթագիւղ թաղիդ մէջ 1840 թուականին աշխարհ կու գայ կտրիճ մը՝ Սրբուհի Տիւսաբ (Վահանեան), որ հանդիսանալով առաջին հայ վիպասանուհին, կը սկսի գրիչ սրել անհաւասարութեան դէմ։ Իր գրիչին թանաք կ’ըլլայ տգիտութեան եւ թշուառութեան մէջ ընկղմած հայ կինը։ Տիւսաբ կը հաւատայ, որ կինը կրնայ երջանիկ ըլլալ, եթէ ապրի սեփական աշխատանքով եւ նոյնիսկ այս գաղափարը նախապայման կ’ընդունի հանրային կեանքի մէջ ապրելու համար։
Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Ծովափնեայ Սկիւտար թաղիդ մէջ 1863 թուականին կը ծնի դիցուհի մը՝ Զապէլ Ասատուր (Խանճեան), որ ստեղծելով իր գրական դպրոցը, գեղարուեստական մշակում մը կը շնորհէ հայ կնոջ իրաւունքներուն եւ ազատութեան պաշտպանութեան շարժումին։ 1879 թուականին կը հիմնէ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը, որուն նպատակը կ’ըլլայ հայ իգական սեռին դաստիարակութեան նպաստել։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, որ 1875 թուականին սիրուն Օրթագիւղ թաղիդ մէջ աշխարհ կու գայ սրտոտ մը՝ Արշակուհի Թէոդիկ (Ճէզվէճեան), որ հայուն մարդկային պարտքը կը համարէ կրթել եւ դաստիարակել բոլոր մանուկները եւ գիտութեամբ դուրս հանել զանոնք տգիտութեան խաւարէն։ 1922 թուականին, արդէն ականատես ըլլալով բազում տառապանքի, իր վերջին խօսքը կ’ըլլայ հետեւեալը. «Բոլորս ալ զոհեր ենք»։
 Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Համեստ Պէշիկթաշ թաղիդ մէջ 1877 թուականին կը ծնի անվախ մը՝ Մառի Պէյլէրեան, որ քաջաբար յեղափոխութեան կոչ կ’ուղղէ եւ իր յօդուածները կը նուիրէ կանանց շարժումին։ Յանդգնօրէն կը պնդէ. «Ազատ ըլլանք մեր ընտանեկան կեանքին մէջ, ազատ եւ անկախ մեր գործելու ու մտածելու եղանակին մէջ»։
Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Գիտեմ, որ ծովեզերեայ Սկիւտար թաղիդ մէջ 1878 թուականին աշխարհ կու գայ վեհ մը՝ Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան), որ գրականութիւնը կը գործածէ որպէս զէնք՝ անարդարութեան դէմ։ Իր սուր գրիչով կը տապալէ «յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութեան ճնշումները»։
  Կը յիշեմ, Պոլի՛ս, շա՜տ լաւ կը յիշեմ։ Երեւելի Բերա թաղիդ մէջ 1885 թուականին կը ծնի ժիր մը՝ Հայկանուշ Մառք (Թոփուզեան), որ անձանձրոյթ կը կրէ հայ կանանց շարժումին դրօշակը։ 1919 թուականին կնոջ դատին կը նուիրէ «Հայ Կին» հանդէսը՝ մտաւորականութեան յառաջադէմ հարթակը։ Առաջին թիւին մէջ Մառք կը գրէ հետեւեալը. «Հիմա այս ուղին պէտք է հարթենք, պէտք է ընենք զայն քաղաքի լուրջ ճամբայ մը, աւելի՛ լայն, աւելի՛ ուղիղ եւ աւելի ձի՛գ դէպի նպատակը:»
Կը կարօտնամ, Պոլի՛ս։ Կը կարօտնամ այդ հսկայ ծառաստանդ, տոկուն սօսիներդ, որոնց ոչ բոլոր անունները կարելի է թուել այստեղ, ոչ ալ ամբողջ գործունէութիւնը։ Միայն պէտք է խոստովանիմ, որ սօսիներդ դեռ հովանի են ինծի։ Անոնց տերեւները թարմ են դեռ ու ես նոյն հողին վրայ կը փորձեմ արմատներ խրել։
Կը զգամ հողիդ խոնաւութիւնը։ Կը զգամ այդ մտերմութիւնը։
Բոպիկ եմ։
Սարին Ագպաշ