Յոյն մեծ իմաստասէր եւ աշխարհահռչակ գիտնական Արիստոտէլ ծնած է ք.ա. 384 թուին, Մակեդոնիոյ հարաւը գտնուող Ստագիր քաղաքը, որ Եգէական ծովու ափին յունական գաղութ մը կը կազմէր։ Հայրը Մակեդոնիոյ Ամինտաս Բ. թագաւորի պալատական բժիշկն էր։ Ք.ա. 367 թուին անցած է Աթէնք եւ ամբողջ 20 տարի ուսանած է Պղատոնի հովանիին տակ, անոր հաստատած ակադեմիայէն ներս։ Մակեդոնիոյ Փիլիպոս թագաւորի հրաւէրով, Ք.ա. 343 թուին, Արիստոտէլ տեղափոխուած է երկրի մայրաքաղաք Պելլա՝ 7 տարի շարունակ ստանձնելու գահաժառանգ Աղեքսանդրի դաստիարակութիւնը։ Ն.ք. 335-ին վերադառնալով Աթէնք՝ հիմնադրած է իր սեփական դպրոցը՝ Լիգէոնը։
Արիստոտէլի իմաստասիրական ուսմունքը հիմնականօրէն ամփոփուած է իր հեղինակած «Մեթաֆիզիքա» եւ «Հոգիի Մասին» աշխատասիրութիւններուն մէջ, իսկ իմաստասիրական տեսութիւնը պարփակուած է՝ «Գաթեկորիաներ» («հայեցակարգեր»), առաջին ու երկրորդ «Անալիթիքա» («Վերլուծականք»), «Թոբիքա» («Տեղերու մասին») եւ այլ երկերու մէջ, որոնք հետագային ամփոփուած են «Օրկանոն» ընդհանուր խորագիրը կրող հատորին մէջ։ Անոր ընկերային, քաղաքական եւ բարոյագիտական հայեացքները տեղ գտած են «Բոլիթիքա» եւ «Էթիքա» երկասիրութիւններուն մէջ, իսկ արուեստի փիլիսոփայութիւնը՝ «Բոեթիքա» հատորին մէջ։ Արիստոտէլի շարք մը բնագիտական երկերը, ինչպէս՝ «ֆիզիքա», «Երկնքի Մասին», «Օդերեւութաբանութիւն», «Գոյացման Եւ Ոչնչացման մասին», «Կենդանիներու Պատմութիւն» եւայլն, ցարդ պահպանուած են։ Ան ստեղծած է նաեւ ուսմունք, տեսութիւն գատիկորիաներու (հայեցակարգերու) մասին։ Առաջադրած է 10 գատեկորիաներ, որոնց միջոցով ջանացած է ընդգրկել ողջ իրականութիւնը։ Իր կարծիքով, բնութիւնը կը գտնուի մշտական շարժման եւ զարգացման մէջ։ Անոր հիմքը կը կազմէ սկզբնական նիւթը, որ ունի չորս ներհակ յատկութիւններ՝ ջերմութիւն, սառնութիւն, չորութիւն եւ խոնաւութիւն։ Անոնց կը համապատասխանեն բնութեան չորս տարրերը՝ կրակը, հովը, հողը եւ ջուրը, որոնցմէ կը բաղկանայ համայն աշխարհը։ Արիստոտէլ առաջադրած է վերոյիշեալներուն գումարել նաեւ հինգերորդ տարրը՝ եթերը, որուն բաղկացուցիչներն են երկինքն ու աստղերը։ Հիմք ընդունելով երկրակեդրոն տեսութիւնը, ան ստեղծած է նաեւ տիեզերական ուսմունք։ Անոր բնափիլիսոփայութիւնը յառաջընթաց մեծ քայլ կը հանդիսանար իր ժամանակի գիտութեան համար, խիզախ փորձ համերկրային միասնական համակարգ մշակելու ուղղութեամբ, հակառակ այդ փիլիսոփայութեան պարզունակութեան եւ այնտեղ թոյլատրուած սխալներուն։
Իր ընկերային-քաղաքական եւ բարոյագիտական հայեացքներու, ըմբռնումներու ընդմէջէն Արիստոտէլ հանդէս կու գայ որպէս ստրկատիրական հասարակարգի գաղափարախօս եւ ջատագով։ Անոր համաձայն ստրկատիրութիւնը գոյութիւն ունի բնականօրէն եւ յաւերժ, ուստի՝ այդ իրավիճակը փոխել կը նշանակէ գործել բնութեան դէմ։ ստրկատէրերը, մանաւանդ անոնց միջին խաւը, պէտք է տէր դառնան իշխանութեան։ Իսկ ստրուկը պարզապէս «խօսող գործիք է»։
Նման պետութիւն մը ան կը համարէր ամենակատարեալը։ Աւելին, ան կը պնդէր, որ բարոյական կեանք կրնան վարել միայն ազատ մարդիկ, մինչ ստրուկներ զրկուած են այդ հնարաւորութենէն։ Ըստ գիտնականին՝ մարդը հասարակական բանաւոր էակ է եւ բնազդով կը ձգտի դէպի իր նմանները։ Ան կ’ընդգծէ մարդուն քաղաքական հակում ունենալու հանգամանքը։ Արիստոտէլ, միաժամանակ նշանակալի ներդրում ունեցած է գեղագիտական ասպարէզին մէջ, ուր առաջ քշելով բնութիւնն ու իրական կեանքը ճշմարտացիօրէն արտացոլելու հրամայական պահանջը, ան մերժած է իրականութենէն եւ կեանքէն խզուած, անջատ հրամցուող գեղեցիկի Պղատոնական գաղափարը։ Անդրադարձած է նաեւ մանկավարժական խնդիրներու։ Անոր կարծիքով, զարգացման շարժիչ ուժը մարդու բնական տուեալներն են՝ ունակութիւնը եւ բանականութիւնը, որոնց վրայ յենած է դաստիարակութիւնը։ Ան կ’առաջարկէր, որ դպրոցները ըլլան միայն պետական, եւ բոլոր քաղաքացիները, բացի ստրուկներէն, ստանան հասարակարգի ու պետութեան պահանջներուն համահունչ կրթութիւն, եւ ուրեմն՝ դաստիարակութիւնը դաւանին որպէս պետական կարգի ամրակայման միջոց։
Արիստոտէլ ընդհանրացուցած է հին աշխարհի բնագիտութեան նուաճումները եւ նոր էջ բացած՝ գիտութեան գրեթէ բոլոր ասպարէզներուն մէջ։ Ան լայն տարողութեամբ ազդած է Եւրոպայի, արաբական երկիրներու եւ Կովկասի ժողովուրդներու հին ու միջնադարեան գիտութեանց եւ փիլիսոփայութեանց վրայ, հանդէս գալով որպէս գիտութեան հանճարեղ նորարար։ Առաւել՝ մեծ ներգործութիւն ունեցած է հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան եւ հոգեւոր մշակոյթի զարգացման վրայ։ Հայաստանի մէջ անոր երկերը ընդարձակ տարածում գտած են։ Մեծ իմաստասէրի հեղինակած «Գատեկորիաներ» եւ «Մեկնաբանութեան Մասին» աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ Պորփիւրիոսի հանրածանօթ «ներածութիւնը»՝ «Գատեկորիաներ»ու պարզաբանման նուիրուած, հայերէնի թարգմանուած են յունաբան դպրոցի Ե.-Զ. դարերու հայ հետեւորդներու կողմէ։ Նոյն ժամանակաշրջանին թարգմանուած են նաեւ Արիստոտէլի վերագրուած «Աշխարհի մասին» եւ «Առաքինութեան մասին» աշխատութիւնները։ Անոր երկերու հայերէն թարգմանութիւնները աշխարհի մէջ առգոյ հնագոյնները կը համարուին եւ ուշագրաւ են իրենց ճշգրտութեամբ, բծախնդրութեամբ ու խնամուածութեամբ։
Հայ մեծահռչակ իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթ (Քրիստոսէ ետք Ե.-Զ. դարեր) իր «Սահմանք Իմաստասիրութեան» գլխաւոր երկին մէջ համակողմանիօրէն ներկայացուցած եւ իւրովի մեկնաբանած է Արիստոտէլի իմացաբանութիւնը, գոյաբանական հայեացքները եւ բարոյագիտութիւնը, յատուկ աշխատութիւններ նուիրած է անոր «Անալիքիթա»ին, «Գատեկորիաներ»ուն եւ Պորփիւրիոսի «Ներածութեան»։
Արիստոտէլի բնափիլիսոփայութիւնն ու տիեզերաբանական ուսմունքը մեկնաբանած եւ լուսաբանած է նաեւ հայ մեծ տիեզերաբան Անանիա Շիրակացին (7-րդ դար) իր «Տիեզերագիտութիւն» աշխատասիրութեան մէջ։ Այլ տիտաններու շարքին անոր փիլիսոփայութեան քաջածանօթ եղած են հայ ականաւոր իմաստասէրներ՝ Գրիգոր Մագիստրոսը (11-րդ դար) եւ Յովհաննէս Սարկաւագը (11-12-րդ դարեր)։
Քրիստոսէ ետք 13-րդ եւ 14-րդ դարերուն հայ փիլիսոփայական կեդրոններուն մէջ լայնօրէն ծաւալած են Արիստոտէլի իմացաբանութիւնն ու տրամաբանութիւնը՝ մեծ ազդեցութիւն գործելով Վահրամ Ռաբունիի, Յովհան Որոտնեցիի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի նման խորիմաց գիտնականներու հայեացքներուն վրայ։ Արիստոտէլեան փիլիսոփայութիւնը անուրանալի անդրադարձ ունեցած է նաեւ Սիմէոն Ջուղայեցիի եւ Ստեփանոս Լեհացիի (17-րդ դար) հայեացքներու եւ մտաուղղուածութեանց ձեւաւորման վրայ։ Վերջինս լատիներէն հայերէնի թարգմանած է Արիստոտէլի «Մեթաֆիզիքա»ն (որուն ձեռագիրը պահպանուած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի ձեռագրատան մէջ)։ Արիստոտէլի երկերու հին հայկական թարգմանութիւններն ու մեկնաբանութիւնները անգնահատելի արժէք կը ներկայացնեն փիլիսոփայութեան պատմութեան եւ անմահանուն իմաստասէրի գիտական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան համար։
Արիստոտէլի մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ հանրածանօթ է իբրեւ առաջին ուսուցիչ։ Ան եղած է յոյն մեծ զօրական եւ աշխարհակալ Աղեքսանդր Մակեդոնացիի (356-325 ն.ք.) դաստիարակն ու խնամակալը։
Հռչակաւոր փիլիսոփան վճռորոշ ներգործութիւն ունեցած է Մեծն Աղեքսանդրի վրայ։ Ան, իբրեւ գլխաւոր խորհրդական՝ ուղեկցած է մեծանուն զօրավարին՝ անոր պատերազմներուն եւ գրաւումներուն, որոնք ընդգրկած են աշխարհակալական արշաւանքները դէպի արեւելք եւ հարաւ, դէպի փոքր Ասիա, Սուրիա, Փիւնիկէ, Եգիպտոս, Միջագետք, Պարսկաստան… հասնելու համար մինչեւ հնդկաստանի դռները։
Մեծն Աղեքսանդր ամենայն յօժարութեամբ հետեւած է իր պաշտելի ուսուցչին թելադրութիւններուն եւ յորդորներուն, Պարսկաստանն ու Հելլէնական կայսրութեան մականին տակ ճնշուած մնացեալ բոլոր տէրութիւնները պարակտած ու վերածած է իրարու դէմ հակամարտող բազմաշերտ եւ անմիաբան համայնքներու կամ իշխանապետութիւններու, որոնք «Արիստոտէլեան քաղաքական հնարք»ով աւելի քան չորս դար շարունակած են իրենց գերեվարուած, մասնատուած, ներքին խռովութիւններով եւ առճակատումներով բնորոշուած ապակայուն ու անհամերաշխ կացութիւնը։
Արդարեւ՝ Պարսկաստանի գրաւումէն ետք, Մակեդոնացի մեծ զօրականը, երբ կը դիմէր իր ուսուցիչ եւ խնամատար Արիստոտէլին՝ խնդրելով անոր խորհուրդները Հելլէնական անծայրածիր կայսրութիւնը լաւագոյնս կառավարելու եւ գրաւուած բոլոր տարածքներն ու հպատակ ժողովուրդները ամբողջական հակակշռի ենթարկելու առնչութեամբ, այս վերջինը առանց վարանելու կը պատուիրէր՝ իւրաքանչիւր գրաւուած երկիր բաժնել փոքր եւ անզօր իշխանութիւններու կամ թագաւորութիւններու, ապա անոնց միջեւ տարակարծութիւններ եւ անվստահութիւն սերմանել, մրցակցութիւն եւ բախումներ հրահրել, ինչպէս նաեւ այնպէս տնօրինել՝ որ անոնք երբեք չհամաձայնին, համագործակցելու եւ համախմբուելու մասին բնաւ չմտածեն, իրենց անհամաձայնութիւնները հարթելու համար միայն կայսեր հեղինակաւոր տնօրինումներուն ապաւինին. միմայն անոր ցուցմունքներուն հետեւին։
Այսպէս՝ պատմութեան մէջ Արիստոտէլ կը դառնար ոչ միայն բանականութեան, իմաստասիրութեան, բնութեան եւ մարդկային գիտութիւններու առաջին ուսուցիչ, այլ միանգամայն՝ կայսերապաշտական եւ գաղութատիրական գաղափարախօսութեան (իր հին, նոր եւ վերափոխեալ տարբերակներով ու երանգներով) առաջին հիմնադիր եւ տեսաբան։ Գաղափարախօսութիւն՝ որուն համար մեկնարկ, ենթահող եւ պսակ կը ծառայէ՝ «բաժնէ, մասնատէ, որ տիրես» կարգախօսը։
Խաչիկ Շահինեան