Սուրիոյ կառավարութիւնը, պսակաձեւ ժահրէն (քորոնա) նախազգուշացման եւ ժողովուրդին, աշակերտներուն, ուսանողներուն ապահովութեան նկատառումներով քանի մը քայլերու դիմեց։
Կարավարութիւնը փակ յայտարարեց Սուրիոյ մասնաւոր եւ ընդհ. հատուածներու բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները, ինչպէս նաեւ կասեցուց մշակութային, ընկերային եւ մարզական բոլոր ձեռնարկները, փակ յայտարարելով նաեւ սրահներն ու հաւաքավայրերը 14 Մարտ 2020-էն մինչեւ 2 Ապրիլ 2020:
Տուեալ հաստատութիւններու պաշտօնէութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, առողջապահական խիստ հսկողութեան ներքոյ։