Կեանքի ամենասիրուն ու անմեղ տարիները մանկութեան տարիներն են: Տարիներ, որոնք անկրկնելի ու անմոռանալի են:
«Անմեղութիւն». երբ այս բառը լսեմ, անմիջապէս միտքս կու գան մանուկները, որոնք չեն գիտեր կեանքի դժուարութիւնները, այլ միայն՝ բարութիւն , սէր ու երազ:
Մանկութեան ժամանակաշրջանին ամէն մանուկ կը սկսի մտածել ապագայի մասին, չգիտնալով որքան դժուար է կեանքի ճամբան, եւ իրենց մտածումներէն շատ աւելի տարբեր է: Ամէն մանուկ կ’ունենայ իր երազային ու հեքիաթային աշխարհը: Մանուկի մը երբ հարցնես՝ «Ի՞նչ կ’ուզես» , ան պիտի նայի աչքերուդ ու ըսէ՝ «Մեծնալ», ինչ որ պիտի կատարուի: Բայց մանկութեան վերադառնալ՝ կարելի չէ:
Անմեղութեան մեծագոյն օրինակներն են մանուկները, որոնք ո՛չ ատել գիտեն, ոչ ալ չար բաներ: Անոնց բոլոր կապերը հիմնուած են սիրոյ վրայ:
Շատ փոքրիկներ կան, որոնք զրկուած են իրենց մանկութենէն, իրենց խաղի ու հեքիաթային աշխարհէն՝ պատերազմի, աղքատութեան կամ հիւանդութեան հետեւանքով: Ցաւալի ու դժուար է փոքրիկ մը իր մանկութիւնը անցնէ հոգերով ու զրկանքներով:
Մանուկներուն պէտք է տրուի խաղաղ ու հանգիստ մանկութիւն, այլապէս անոնք կ’ունենան վախով լեցուն ապագայ մը: Պէտք է աշխատիլ զրկուած մանուկներու աշխարհը փոխելու համար, որպէսսզի իրենց մանկութիւնը ուրախ անցնի ու անոնց երազները իրականութիւն դառնան: Մանկութեան յուշերը միշտ քաղցր կը մնան:
Թող որ ամէն մանուկ քաղցր յուշերով խաղաղ ու հանգիստ մանկութիւն ունենայ:
Աստղիկ Դանիէլեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան