ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի Բ. դա­սա­կար­գի ախոյ­եա­նութեան մր­ցում­նե­րու շր­ջա­գի­ծին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութ­պո­լի երի­տա­սար­դա­կան խում­բը 3-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Աֆ­րի­նը, իսկ տղոց առա­ջին խում­բը 2-0 ար­դիւն­քով զի­ջե­ցաւ Նէյրա­պին:
– Կի­րա­կի առա­ւօ­տուն, Դա­մաս­կոս ժա­մա­նե­ցին Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի նո­րան­շա­նակ մար­զիչ Նա­պիլ Մաալու­լը եւ իր եր­կու օգ­նա­կան­նե­րը: Դա­մաս­կո­սի մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նին մէջ զիրենք դի­մա­ւո­րեց Սուր­իոյ Ֆութպոլի Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Հա­թէմ Ղա­յէ­պը:
– Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի եւ պաս­քե­թի դաշ­նու­թիւն­նե­րը Կի­րա­կի օր մէկ ամս­ուան տե­ւո­ղու­թեամբ դադ­րե­ցու­ցին եր­կրին բոլոր մար­զա­կան մր­ցա­շար­քե­րը՝ պսա­կա­ձեւ ժահ­րէն (քո­րո­նա) խու­սա­փե­լու հա­մար:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀ ԵԿԱՒ  ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՒԱԿԸ 
Անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին ծնաւ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի եւ Իտալ­իոյ Ռո­մա ակում­բի խա­ղա­ցող Հեն­րիկ Մխիթար­եա­նի առա­ջին զա­ւա­կը: Սոյն լու­րը առա­ջին ան­գամ յայ­տա­րա­րեց իտա­լա­կան ակում­բը՝ թուի­թը­րի իր էջով. «Ծնաւ Հեն­րիկ Մխի­թար­եա­նի որ­դին՝ Համ­լե­թը», գր­ուած էր ակում­բի հրա­պա­րա­կած լրա­տուու­թեան մէջ: Նոյն օրը նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն Սար­գս­եան շնոր­հա­ւո­րեց հա­ւա­քա­կա­նի խա­ղա­ցո­ղը առջինեկ ման­չի ծնուն­դին առի­թով:  Նա­խա­գահ Սար­գիս­եան Ինս­թակ­րա­մի իր էջին վրայ Մխի­թար­եա­նին հետ  լու­սան­կար մը  հրա­պա­րա­կե­լով  գրեց՝ «Աչքդ լոյս, սի­րե­լի՛ Հեն­րիկ։ Բա­րի գա­լուստ նոր աշ­խարհ, կրտ­սեր Համ­լե՛թ Մխի­թար­եան, մեծ ֆութ­պո­լը քե­զի կը սպա­սէ»:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԶԻՏԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԻՒՎԵՆԹՈՒՍԻ ԿՈՂՄԷ 
Ըստ իտա­լա­կան Daily Mail-ին, Թու­րի­նի Իւ­վեն­թու­սի  ղե­կա­վա­րու­թիւնը ըն­թա­ցիկ մր­ցաշր­ջա­նի աւար­տին ամէն գնով կը փոր­ձէ պայ­մա­նագ­րու­թիւն կն­քել Ռէ­ալ Մատ­րի­տի  գլ­խա­ւոր մար­զիչ Զի­նե­տին Զի­տա­նի հետ: Իւ­վեն­թուս, որ դժ­գոհ է խում­բի գլ­խա­ւոր մար­զիչ Մաու­րիցիօ Սարիի աշ­խա­տան­քէն, Զի­տա­նին կ’առա­ջար­կէ  3 տար­ուան պայ­մա­նագ­րու­թիւն՝ տա­րե­կան 8 միլի­ոն եւ­րօ աշ­խա­տա­վարձ­քով: Աղ­բիւ­րը կը յայտ­նէ, որ ֆրան­սա­ցի մաս­նա­գէ­տը պատ­րաստ է  ըն­դու­նե­լու իտա­լա­կան ակում­բին առա­ջար­կը, որով­հե­տեւ անոր եւ Ռէ­ալ Մատ­րի­տի նա­խա­գահ Ֆլո­րեն­թի­նօ Փե­րէ­զին մի­ջեւ յարաբե­րու­թիւնը լաւ ըն­թաց­քի մէջ չէ:  Յի­շենք, որ Զի­տա­նին սպա­նա­կան ակում­բին հետ պայ­մա­նագ­րու­թիւնը կ’աւարտի 2022-ին:
Ըստ տա­րած­ուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Ռէ­ա­լի վար­չա­կազ­մը ար­դէն սկ­սած է աշ­խա­տանք տա­նիլ գտ­նե­լու Զի­տա­նին փո­խա­րի­նո­ղը: Ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկ­սած է վա­րել Թո­թեն­հա­մի նախ­կին մար­զիչ Մաու­րիցիօ Փո­չե­տի­նո­յի հետ:
ԷՏԷՆ ՀԱԶԱՐ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ
Սպան­իոյ մայ­րա­քա­ղաք Ռէ­ալ Մատ­րի­տի ար­քա­յա­կան ակում­բին մամ­լոյ քար­տու­ղա­րու­թիւնը յայտ­նեց, որ խում­բի պելճի­քա­ցի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող  Էտէն Հա­զար տա­սը օր­ուան հա­մար մեկ­նե­ցաւ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նահանգներ՝ են­թարկ­ուե­լու հա­մար  վի­րա­բու­ժու­թեան: Հա­զա­րին հետ մեկ­նե­ցան նա­եւ Ռէ­ա­լի ակում­բի բժշ­կա­կան կազմին ներ­կայացու­ցիչ­նե­րը, որոնք պի­տի հս­կեն անոր դար­մա­նու­մին: Սպան­իա վե­րա­դառ­նա­լէ ետք պի­տի սկ­սի անոր ապա­քի­նու­մը: Աւելց­նենք, որ սպա­նա­կան ակում­բը հս­կայ գու­մար յատ­կա­ցու­ցած էր պել­ճի­քա­ցի խա­ղա­ցո­ղը խում­բին մի­աց­նե­լու հա­մար, բայց ան եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջան մնաց դաշ­տե­րէն հե­ռու, վի­րա­ւոր­ուած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով, եւ խում­բին հետ մաս կազ­մեց միայն տա­սը մր­ցում­նե­րու:
ՌՈՆԱԼՏՕ ԿԱՏԱՐԵՑ ԻՐ 1000-ՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ 
Իտալ­իոյ  Իւ­վեն­թու­սի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող Քրիստ­ի­ա­նօ Ռո­նալ­տօ Կի­րա­կի երե­կոյ­եան կա­տա­րեց իր մար­զա­կան կեան­քին 1000-րդ մր­ցու­մը: Ան խաղ­ցաւ Իտալ­իոյ ախոյ­եա­նու­թեան 26-րդ փու­լի Ին­թըր Մի­լա­նի կազ­մին դէմ տե­ղի ունե­ցած մր­ցու­մին:  Մար­զա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին ան նշա­նա­կած է 725 կոլ, որոնց­մէ 99 կո­լը եղած է Փոր­թու­կա­լի հաւա­քա­կա­նին հետ կա­տա­րած 164 մր­ցում­նե­րուն ըն­թաց­քին: Ակում­բա­յին մա­կար­դա­կով, 35 տա­րե­կան մար­զի­կը  հանդէս եկած է  Սփոր­թին­կի  (31 խաղ, 5 կոլ),  Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տի  (292 խաղ, 118 կոլ), Ռէ­ալ Մատ­րի­տի  (438 խաղ, 450 կոլ) եւ  Իւ­վեն­թու­սի հետ (75 խաղ, 53 կոլ):
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան