Արտօն ելաւ անկողինէն ու խոհանոց մտաւ։ Այդ օր ինք պիտի բանար խանութը, գործատէրը հիւանդ էր, աշկերտը՝ զինուորագրուած։ Կինը լսած էր անոր հողաթափերուն քստքստոցը. անմիջապէս սրճեփը օճախին դրաւ ու պատրաստուեցաւ խօսելու։ Գիտէր, կինը այդ շարժումով կը սկսէր կարեւոր ըսելիք մը, յատկապէս՝ խնդրանք մը։ Չնկատել ուզեց, մտաւ բաղնիք։ Ի՞նչ պիտի ըսէ. միայն նոր ծախսի դուռ չբանայ. ինք հիմա կարելիութիւն չունի։ Սուրճին թարմ բուրմունքը առաւ, տրամադրութիւնը բարձրացաւ։
– Ինչո՞ւ կանուխ ելար,- կինը հեռուէն կը սկսէր։
– Խանութը ես պիտի բանամ։
– Քեզի աղուոր ըսելիք ունիմ,- ժպտեցաւ ու նազանքով ըսաւ կինը։
Ինք գլուխը սուրճի գաւաթին հակած՝ կը սպասէր։
– Մարոյենք տուներնին կը ծախեն, պիտի ճամբորդեն, յարմար գինով պիտի տան, կ’աճապարեն։
– Է՜, ո՞ւր կ’երթան,- հարցուց, թէեւ կը զգար, որ կինը աւելի լուրջ ըսելիք ունի։
– Քանատա, ընդունուած են, արագ պէտք է ընեն, շատ լաւ առիթ է, կ’ըսեմ ձեռքէ չփախցնենք,- մէկէն ամէն գիտցածը ըսաւ ու ժպիտով նայեցաւ ամուսինին։
– Ի՞նչ չփախցնենք,- ձայնին մէջ վախ կար, ինք կը սպասէր պահանջք մը, բայց ոչ այսչափ։
– Տունը, Արտօ՛, աչքս վրան էր, միայն տեսնես, ընդարձակ, լուսաւոր, երկու յարկ, շուրջը՝ պարտէզ, կը նստիս ու առտուան սուրճդ կը խմես, ծաղիկներ կը ցանենք…
– Նայինք՝ մենք հոս պիտի մնա՞նք, ամէն մարդ կը հեռանայ այս երկրէն։
– Ես տեղ մը գացող չեմ, քանի ծնողքս հոս է,- վճռական էր կնոջ ձայնը։
– Մեր տունին ի՞նչ եղեր է, ինչո՞ւ նոր տուն, հիմա ատոր ատե՞նն է,- ըսաւ ու ելաւ։
   Ճանապարհի առաջին կիսուն տհաճութեամբ խօսուածի մասին կը խորհէր, երկրորդ կիսուն մոռցաւ, սկսաւ խանութի մասին մտածել, ապա տարուեցաւ օրուան հոգերով։
Երեկոյեան նոյն խօսակցութիւնը, յաջորդ առտու նո՛յնը, կէսօրին նո՛յնը, երեկոյեան նոյնը։ Պատճառաբանութիւն, որ երեխաները կը մեծնան, տունը պզտիկ պիտի գայ, ամէն մէկը զատ սենեակ պիտի ուզէ, եւ…խաղաղ տեղ, մաքուր օդ, սուրճը, ծաղիկները…
Արտօն դէմ չէր նոր ու մեծ տունին, բայց ուրկէ՞ բերես դրամը։ Իսկ կինը ժամանակ չէր կորսնցներ, գացեր իմացեր էր գինը։ Նոյնիսկ խնդրեր էր քիչ մը սպասել։ Անոնք պիտի սպասէին ակամայ, քանի որ քաղաքը ազատագրուած էր, սակայն պատերազմին աւարտը անորոշութեան կ’երթար, ծանր ու հեղձուկ օրեր էին։ Մարդիկ տակաւին կը գաղթէին, տուներ կը ծախէին ստիպուած՝ աժան գիներով, ու կարելիութիւն ունեցողներ կ’օգտագործէին առիթը։ Պատերազմներու չգրուած օրէնք է՝ շատերու թշուառութեամբ քիչեր կ’ուռճանան. այս է մարդոց արդարութիւնը։
Առանց կնոջը ըսելու, գնաց դուրսէն տեսաւ տունը. ըսուածին չափ կար՝ հողամաս, ծառ ու ծաղիկ, պատրաստ կարաժ, ու դեռ՝ եղածին պէս կու տան, կահոյքով։ Տատանումները սկսան հալիլ, սակայն ուրկէ՞ բերես դրամը։ Այո՛, տունին արդար գինը չէ, բայց նուէր ալ չէ։ Նեղ օրուան համար պահածը չի բաւեր, պարտքի տակ մտնել ալ չի սիրեր։ Արդէն տուող ալ չկայ այս օրերուն։ Բայց եթէ ինք ու կինը որոշած են տակաւին մնալ այս երկիրը, ուրեմն սա առիթ է, երկու զաւակ կը մեծնայ… Բայց իր ունեցած ազատ դրամը հազիւ գինին կէսը կը բերէ։
Նոյն օրը լուր ստացաւ, որ երեկոյեան ընկերոջ տուն երթայ։ Դուռը բացաւ անոր ծերուկ մայրը ու գլուխը լուռ օրօրեց։ Գործատէրը՝ Խորէն, դիմաւորեց թախծոտ ժպիտով։ Գունատ էր։
– Ի՞նչ է, սիրտդ արձակուրդ կ’ուզէ, գործդ մեր վրան ձգեր, քէյֆիդ կը նայիս,- փորձեց կատակել, բայց զգաց որ անտեղի էր ու լրջացաւ.
– Ի՞նչ ունիս, աղբար։
– Ամերիկա կ’երթամ. հոս բան մը չհասկցան բժիշկները. քեզ ատոր համար կանչեցի. վաղը Պէյրութ կ’երթամ, տոմսս գնուած է արդէն, հոնկէ ալ կը ճամբորդեմ։
– Վիզա՞…
– Մայրս ու ես քաղաքացիութիւն ունինք, հարց չունինք։
Վերադարձին ե՛ւ ցաւ, ե՛ւ շփոթ կար գլխուն մէջ։ Խորէնը իրեն յանձնած էր խանութին ամէն ինչը՝ ապրանքի տնօրինումը եւ բոլոր աշխատանքները։ Ինք անոր դրամ պիտի փոխանցէր։
Ինքնայարգանքի պէս բան մը կը զգար, մեծ վստահութիւն էր այդ։ Միւս կողմէն կար վախ, ինքզինքին իսկ չխոստովանելիք վախ մը ինքն իրմէ, ապագայէն. ծանրութիւն մը, զոր բացատրել անկարող էր։
Կնոջը բան չըսաւ. ժամանակի պէտք ունէր այս լուրջ վստահութեան արժէքը ու իր խիղճին ձայնը կշիռքի նժարներուն դնելու։ Առտու ճամբու դրաւ ընկերը, ապա խանութ գնաց սովորականէն կանուխ։ Երբ կը բանար, ինքզինք բռնեց սեփականատիրոջ զգացումի մէջ։ Կրկնափեղկը բարձրացուց, կղպուած դարակներէն հանեց ու սկսաւ շարել զարդերը։ Ապա դուրսէն դիտեց ու շուրջը նայեցաւ զգուշութեամբ։ Թէեւ առաջուան չափ ոսկեղէն չէ դրուած ցուցափեղկը, բայց ո՞վ գիտէ։ Քաղաքի ազատագրումէն ետք Խորէն առաջիններէն էր որ համարձակեցաւ կրկին բանալ խանութը։ Շուրջի քանի մը խանութատէրեր՝ նպարավաճառ, ակնոցավաճառ, դեղատուն, անուշավաճառ, մանկական հագուստ կամ գուլպայ ծախողներ՝ հին ծանօթներ էին։ Արտօն ներս անցաւ, դուռին փականքը դրաւ, դարակները բացաւ, դիտեց հոն եղածները ու կրկին իր մէջ որսաց զգացում մը, զոր առաջ բնաւ չէր ունեցած. տիրոջ մօտեցում էր այդ։ Մտքին մէջ ուղղեց չարտասանուած բառը՝ ո՛չ տիրոջ, պատասխանատուի՛ մօտեցում։ Արագ անցաւ այդ միտքին վրայէն։ Գանձարկղը բանալու վարանեցաւ, յետաձգեց։
Առաջին անգամ, օրուան շահը դնելու համար, երբ գանձարկղը բացաւ, սրտի կծկում ունեցաւ։ Խորէնը մոռցե՞ր էր, թէ՞ պէտք չէր զգացեր ու հոն դրամ ձգեր էր, օտար դրամ։ Այդքա՞ն կը վստահի իրեն, թէ՞ փորձելու համար ըրած է. բայց չէ՛, ան շփոթած ու տագնապած էր։ Գողի զգացում ունեցաւ, երբ ձեռքն առաւ դրամին տրցակը։ Արագ տեղը նետեց, բայց տեսաւ քանի մը թուղթերու տակ մնացած արծաթեայ, նուրբ աշխատանքով գեղեցիկ զարդատուփ մը ու նոյնպէս չկրցաւ չբանալ։ Հոն էին ոսկեայ ժամացոյցն իր հաստ ու գեղեցիկ բանուած շղթայով, զոր Խորէն ապսպրած էր անցեալ տարի, երբ նշանուեցաւ։ Այդպէս ալ բախտ չունեցաւ կրելու։ Աղջիկը նշանը ետ տուաւ ու ճամբորդեց Ամերիկա։ Ետ տուաւ նաեւ նուէր ոսկեղէնը, որ նոյնպէս հոս էր, նշանուածներու միատեղ նկարին հետ։ Խորէնը այն ատեն ամիսներով տխուր էր։
 Արտօն արագ գոցեց գանձարանին դռնակը, բանալին դրաւ գրպանը ու շտապ ելաւ խանութէն. կարծես հոն զինք դիտող կար։
Երեկոյեան ալ չհամբերեց ու կնոջը յայտնեց նորութիւնը։ Կինը ուրախ արձագանգեց.
– Տեսա՞ր, Աստուած ալ մեզի հետ է, աս առիթ է մեզի։
– Ի՞նչ առիթ, ի՞նչ կ’ուզես ըսել, տղան հիւանդ՝ ես ատիկա առի՞թ պիտի սեպեմ,- սրտնեղեցաւ. կինը ուղղակի իր հոգիէն ներս կը գրոհէր։
– Բան չեմ ըսեր,- փորձեց շտկել կինը, մինչդեռ ինք կրկին զգաց՝ կինը անուն տուաւ մտածումին, որ կար իր ուղեղին մէկ անկիւնը եւ զոր ինք իրմէ կը ծածկէր։ Սրտնեղեցաւ ու կանուխ գնաց պառկելու։ Դժուար եղաւ քնանալը։ Միտքերը, գծուծ միտքերը կը սողոսկէին ու ինք ի զուր կը փորձէր վանել զանոնք։ Մանկութեան ընկերներ էին Խորէնին հետ, միասին աւարտած դպրոցը, միասին ակումբային կեանք, երկուքն ալ միամօրիկ՝ եղբօր պէս էին։ Երբ իր խանութին վրայ հրթիռ ինկաւ ու ինք մնաց անգործ՝ Խորէնը օգնեց. երբ ան խանութը բանալ որոշեց՝ զինք հրաւիրեց միասին աշխատելու, թէեւ իր կարիքը չունէր։ Ինք ալ մասնաբաժին դրաւ, բայց չնչին բան մըն էր։ Հիմա կը ցաւէր ընկերոջ հիւանդ ըլլալուն, բայց ի՞նչ էր այդ խուլ ու անբացատրելի զգացումը կրծքին տակ, որուն երբ կինը դպաւ՝ ինք ցնցուեցաւ։
Յաջորդ օրը Կիրակի էր, բայց շուկայի պատրուակով անգամ մը անցաւ խանութին առջեւէն ու սեփականատիրոջ արդէն ծանօթ զգացումը ցաւ չպատճառեց։ Դուռը բանալ, մտնել ու ամէնը մէյ մը նայելու փափաքը զսպեց։
Խորէն տակաւին դրամատան իր թիւերը չէր ղրկած, հետեւաբար դրամը անոր փոխանցել չէր կրնար։ Խորէն ըսած էր, որ շատ չի մնար Ամերիկա, յոյս ունէր շուտ վերադառնալու։ Արտօ փորձեց հեռաձայնով կապուիլ ու անոր վիճակը հասկնալ։ Ծեր մայրը պատասխանեց։ Ձայնը յստակ չէր լսուեր. այնքան շուար ու շփոթ խօսեցաւ, որ Արտօ շատ բան հասկնալ չկրցաւ. միայն իմացաւ, որ տղուն վիճակը աւելի լաւ չէ։ Մօր ձայնին լալագին շեշտը ազդեց. ամբողջ օրը ծանր ազդեցութեան տակ էր։ Այդ կինը իրեն ալ զաւկի գուրգուրանք տուած էր. սիրտը կը սեղմուէր։ Երեկոյեան դրամը գանձարկղը դնելու համար բացաւ զայն, արագ դրաւ ու առանց նայելու գոցեց դուռը։ Տհաճութիւն մը կար մէջը՝ անբացատրելի։
Նոյն երեկոյեան կինը յայտնեց, որ ուրիշ յաճախորդ յայտնուեր է, ու եթէ դրամը իրենք անմիջապէս չտանին՝ տունը պիտի ծախուի։ Այնքան յարմար գինով, գեղեցիկ, լուսաւոր…Դաւադիր էր կնոջ ձայնը, դաւադիր էր հայեացքը, երբ յուշեց.
-Արտօ՛, կրնաս խանութին շահէն վճարել, ետքը տեղը կը դնես, երբ որ Խորէնը գալու ըլլայ…
«Գալու ըլլայ» ու ոչ թէ՝ «գայ»։ Ան ի՛ր մտածումները կ’երկրորդէր։
 Յաջորդ օրերուն գործարքը եղաւ։ Խորէնին գանձարկղը պարպուեցաւ։ Առաջուան պէս կ’աշխատէր ամէն օր ու երեկոյեան դրամը կը դնէր հոն, արդէն սովորական շարժումներով, արդէն գոհունակութեամբ, արդէն առանց յուզումի։ Իր «ամսականը» ու շահաբաժինը, զոր նշանակած էր Խորէն, կ’առնէր կրկնակի, անոր միացնելով նաեւ ենթադրեալ աշկերտի ամսականը. խանութը միշտ ալ ունեցեր է աշկերտ։ Ամսավերջը տարադրամի կը վերածէր դրամը, մաս մը Խորէնին կը ղրկէր, հետն ալ նշելով, որ գործերը շատ թեթեւ են, քաղաքը մարդ չէ մնացած։ Ինք ալ կը համոզուէր իր ըսածին, յատկապէս երբ ուրիշներէ եւս կը լսէր, թէ քաղաքը կը պարպուի ու յատկապէս՝ քրիստոնեայ թաղերը։
Նոր տուն փոխադրուելու գործերը կինը իր եղբօր հետ կարգադրեց, այնպէս որ Արտօն մէկէն պատրաստ տունը մտաւ։ Գոհ մնաց։ Այս պատերազմէն միակ կորուստը հօր խանութն էր։ Ան ալ հրթիռի զոհ գնաց։ Բայց Աստուած դուռ մը որ գոցէ, ուրիշը կը բանայ, կ’ըսեն, ու այդպէս ալ եղաւ։ Հիմա երկու տունի տէր էր, նախկինը կրնար վարձու տալ։ Ներսի թաղերէն տնանկ մնացած իսլամ ընտանիքներ կան, որ կը ձգտին քրիստոնէական թաղերը նստիլ ու կը վճարեն։ Կնկան եղբայրը, որ հազիւ օրուան հացը հոսկէ-հոնկէ առած նպաստներով կը հասցնէր՝ վարձու կ’ապրէր։ Արտօն լսել անգամ չուզեց, երբ կինը ակնարկեց, որ իրենց տունը ապրին։ Մանաւանդ հարազատի եթէ տաս, ետքը ինչպէ՞ս պիտի հանես զիրենք։ Կ’ըսուի՝ բարեկամի հետ առեւտուրի մէջ մի մտներ, կամ ալ՝ տուած ատենդ լաւ ես, ուզած ատենդ՝ գէշ։
 Ամիսները կ’անցնէին, երբեմն ընկերոջը հեռաձայնել կը մոռնար, իսկ հոնկէ ձայն չկար։ Առտու մը, երբ իրենց առանձնատան պատշգամը նստած վարդերու բոյրին մէջ սուրճ կը խմէին, կինը յայտնեց.
– Լսեցի որ Խորէնը «գէշ» հիւանդութիւն ունի։
Տաք սուրճը այրեց լեզուն, պնակին մէջ թափեցաւ։ Ինք քարացաւ ու հարցական նայեցաւ կնոջը, թէեւ իր միտքէն այդ մէկը անցած էր։ Ան հաստատեց.
– Այլեւս դադրեցո՛ւր դրամ ղրկելը։ Ո՞վ պիտի առնէ, եթէ ան հիւանդանոցն է ու ծանր վիճակ ունի։
– Բայց մայրը հոն է, մէկը կ’ունենան ի վերջոյ,- այրած լեզուն բերնին մէջ դարձնելով ըսաւ կամացուկ, ինք իրեն համար։
 – Մայրը գլուխ չի հաներ այդ գործերէն, իսկ հոն ազգական չունին, մօրքուրին աղջիկը կար, անոր հետ ալ կապ չունին։
– Հաւանաբար քովերնին դրամ կայ, ատկէ զատ, իրենք Ամերիկայի քաղաքացիութիւն ունին, ուրեմն բուժումն ալ անվճար է,- կրկին ինքն իրեն հետ խօսեցաւ Արտօն ու չսիրեց իր խօսքերը։
– Անշո՛ւշտ, քիչ մը ատեն սպասէ, եթէ լուր ղրկեն՝ դրամ կը փոխանցես, մենք գող չենք։
 Ո՛չ, ինք չէր ուզեր ընկերոջ դժբախտութիւնը, բայց ի՞նչ կրնար ընել. ուշ կամ կանուխ բոլորս ալ մահկանացուներ ենք, ու Խորէնին այս բախտը ինկած է։ Եթէ «այդ» հիւանդութիւնն է ու յառաջացած՝ Խորէնը այլեւս ետ չի դառնար։ Ինք կը ցաւի՞ անոր համար. անշո՛ւշտ. բայց չէր կրնար իր ներսի անցուդարձը ճշդել, չէր ուզեր խորերը նայիլ։
Եկաւ ակնկալուած լուրը, բայց ոչ դրամի պահանջք, քանի որ միւս աշխարհին մէջ Խորէն այլեւս դրամի կարիք չունէր։ Եւ յաւերժական խաղաղութիւնը հոն մի՞թէ ատով չէ պայմանաւորուած։ Բայց մա՞յրը… հաւանաբար ան ալ ծերանոց մտաւ, հոն լաւ կը նային ծերերուն։ Չէ՛, դրամով գացին, կինը փողոցը չի մնար։ Յետոյ ենթադրութիւնն ալ հաստատուեցաւ, ծանօթ մը յայտնեց, թէ Խորէնին մայրը ծերանոց դրուեր է։ Ու Արտոյին միտքը հանգստացաւ, փառք Աստուծոյ՝ ծեր կինը փողոցը չմնաց։
Սակայն ընկերոջ մահուան լուրը առնելու օրէն վախ մը սողոսկած էր սիրտը՝ անպայման անոնք ազգական ունին, որ վաղը միւս օր պիտի գայ եղածին տէր դառնալու. եթէ ոչ՝ պետութիւնը տէր պիտի կանգնի կամ ալ ազգը ձեռք պիտի դնէ։ Ու մտորումներու մէջ՝ յիշեց այլազգի բարեկամը, որ գիտէր հարցը պետականօրէն «օրինաւոր» լուծելու բոլոր ճամբաները։ Ճաշի հրաւիրեց զայն ու հարցը պարզեց։ Մարդը իրաւունք տուաւ. վերջապէս Արտօն ալ մասնատէր էր ու ընտանիքի ապրուստի հոգս ունէր…
Ընտանիքի հին բարեկամը տանտիկնոջ հետ կը կատակէր, «բարեկամի մը սահմաններու մէջ»։ Տիկինը դէմ չէր իրմով հիացող անոր գաղտնի հայեացքներուն, իսկ Արտօն չտեսնելու կու տար, այդչափը իր ու կնոջ չխօսուած ռազմավարութիւնն էր։ Փոխարէնը՝ «անպիտանը ուզած գործդ կը լուծէ, իրեն համար անկարելի բան չկայ»։ Ինք բարեկամին չյայտնեց, որ համկալը նաեւ ոսկի ձգած էր խանութը։ Այդպէս աւելի դիւրին եղաւ, քանի որ մարդը հակառակին պիտի զարմանար։ Այդպէս անոր տալիքին չափն ալ շատ չէր կրնար ըլլալ։ Շահերու համաձայնութիւն եղաւ ու բարեկամը ամիսէ մը հարցը լուծեց՝ խանութը, մէջը եղածով, Արտոյի անունին անցաւ։ Եթէ ենթադրեալ ազգական մը գար, ինք շատ հանգիստ կրնար ըսել, թէ Խորէն իր բաժինը ծախեց ընկերոջն ու գնաց։ Ո՞վ կրնար հակառակը փաստել։
Առաջին գործերէն մին եղած էր հանել ու դարակը դնել Խորէնին հօր լուսանկարը, որ ան մեծցուցեր ու պատը կախեր էր։ Շաբաթ օր մը, երբ կրկնափեղկը կէս իջեցուցած՝ ներսը կը մաքրէր ու կը վերադասաւորէր՝ նկարը դարակէն ուղիղ իր աչքերուն նայեցաւ ու սիրտը ծակեց, անցաւ։ Նախ ուզեց թանկարժէք շրջանակը պահել, թերեւս պէտք ըլլայ, ապա միտքը փոխեց, հանեց ապակին, կտրտեց շրջանակը, պատռեց նկարը առանց մարդու դէմքին նայելու, ամէնը դրաւ աղբի պարկը՝ մնացածին հետ թափելու համար։ Ու շունչ առաւ։ Բայց մարդուն սուր հայեացքը դրոշմուեցաւ մնաց մտքին մէջ։ Երբ գանձարկղէն հանեց Խորէնէն մնացած փաստաթուղթերը, անոնց մէջէն ալ անձնագիրի քանի մը նկարներ թափեցան։ Այս անգամ ընկե՛րը կը նայէր իրեն՝ լայն բացուած խոշոր ու ժպտուն աչքերով։ Յիշե՛ց, միասին գացած էին լուսանկարիչի. Խորէն կը փորձէր լրջանալ անձնագիրի նկարին համար, ինք կատակներով կը խանգարէր. այդ զսպուած ժպիտն է մնացեր անոր դէմքին։ Վաղուց անցած այդ պահը, կարծես մոգական ուժով մը կենդանացած՝ պարուրեց զինք։ Ինկաւ աթոռին ու երկար նայեցաւ նկարին. իր մանկութեան լաւագոյն ընկերը։ Ժողովներու՝ միասին, գործունէութիւններու՝ միասին, երեկոյեան ընթրիքներու՝ միասին, գաղափարական վիճաբանութիւններու եւս միասին էին, ուր ան միշտ վերջին խօսքը կ’ըսէր, քանի որ ընթերցող էր։ Նաեւ՝պատանութեան քանի մը անգամ միասին ծեծկռտուած են այլ տղոց հետ ու ամէն անգամ ան իր վրայ առած է իր բաժին ծեծը, քանի որ ջլապինդ, մարզուած տղայ էր, ճիշդ իրեն հակառակը։ Հիմա ան կը նայէր ու կարծես իրմէ բան մը կը սպասէր, խօսք մը, թէկուզ կաթիլ մը արցունք։ Ինք իր փոքրոգիութենէն պժգաց, երբ նկարները ճզմեց ափով ու նետեց աղբին մէջ։ Շարունակեց դարակները խառնել աննպատակ, երբ անսպասելիօրէն փղձկեցաւ. «Ա՛ս է կեանքը, աղբա՛րս, ներէ՛»։
Իրեն համար ալ անսպասելի՝ Կիրակի մը մտաւ եկեղեցի, մոմ առաւ ու վառեց Քրիստոսի սրբապատկերին առջեւ։ «Հայր մեր» միայն գիտէր, ըսաւ մտովի։ Հոգեհանգիստի երկար շարք մը կ’ընթերցէր քահանայ մը, մականունները դժուարութեամբ հնչելով։ Ու յանկարծ լսեց՝ Խորէն Աստուրեանի… Ո՞վ պիտի հոգեհանգստեան աղօթք ընէր Խորէնին համար, երբ հոս ան ազգական չունի։ Այո՛, ընկեր մըն էր, որու հետ ինք շատոնց չէր տեսնուած, ան ըլլալու էր։ Հայեացքները հանդիպեցան ու երբ Արտօն մօտեցաւ ձեռքը բռնելու, ան կտրուկ շրջեցաւ ու հեռացաւ։ Արիւնը զարկաւ դէմքին. սիրտը արագ զարնել սկսաւ. գլուխը կ’այրէր կարծես։ Ուրեմն կը խօսուի քաղաքին մէջ։ Առանց շուրջը նայելու ելաւ։
Մինչ այդ Խորէնին մահը վերացական էր, հեռուէն եկած խօսք, անշօշափելի բան մը,   որ ցաւ կը պատճառէ, բայց միշտ կը մնար անիրականի շղարշով պատուած։ Հիմա կարծես թէ աչքովը տեսաւ, կարծես թէ քիչ անդին սգակիրներով շրջապատուած դագաղին մէջ ննջողը Խորէնն էր, ու ինք ծանր ցաւերու, անտանելի տառապանքներու միջոցին դաւաճանած էր անոր։ Այն միջոցին, երբ ան ցաւերու մէջ կը գալարուէր՝ ինք դադրեցաւ անոր դրամ ղրկելէ ու տո՜ւն գնեց, խանութի տէ՜ր եղաւ… անոր մահուամբը։ Այս արդէն իրականութիւն է, ինչպէս որ իրականութիւն էր եկեղեցւոյ մէջ դրուած դագաղը։ Ճշմարտութիւնը հիմա դէմը տնկուած էր այնպէս անողոք, մերկ ու սակայն՝ լուռ, ինչպէս որ լուռ էր դագաղին մէջ պառկող անծանօթ մարդը։ Խորէն անծանօթ չէր, բայց լռեց մանկութեան ընկերոջ վատութենէն. գէթ անգամ մը ինք կամ մօրը բերնով պահանջք չդրաւ, նախատինք… ու մեռաւ օտար մարդոց մէջ, թաղուեցաւ ո՜վ գիտէ ուր, ինչպէս։ Մինչդեռ ինք հոս անծանօթ մարդուն հոգեհանգիստին էր, ինք՝ ուխտադրուժ. չէ՛, մեծ բառ է. ինք՝ քսակահատ, գո՛ղ, գո՛ղ…
….Այնուհետեւ իմ տեսադաշտէն անհետացաւ Արտօն։ Ու ես աւարտ չունիմ։ Եթէ անպայման աւարտ մը կ’ուզէք այս պատմութեան, անոնք շատ են ձեր շուրջը, դուք շարունակեցէ՛ք։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»