Ուրբաթ,13 Մարտ 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան հովուական այցելութամբ մեկնեցաւ Հասիչէ, ընկերակցութեամբ Պատկան Մարմինին, Թաղականութեան, Դպրաց Դասուն եւ սարկաւագաց կազմերու ներկայացուցիչներուն։
Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ արևագալի ժամերգութիւնը կատարեց հոգեշնորհ հայր սուրբը, որ քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ մեծ պահոց խորհրդաւոր նշանակութեան որպէս զղջումի, ապաշխարութեան եւ ինքնասրբագրութեան շրջան։ Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը, իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնն ու Հասիչէի եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը այցելեցին սուրիանի ուղղափառ համայնքի առաջնորդարան, ուր ջերմօրէն ընդունուեցան սուրիանի ուղղափառ առաջնորդին եւ թաղականութան կողմէ։
Հանդիպումին արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող զանազան հարցեր։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 3։00-ին, հովանավորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ կազմակերպութեամբ ՍՕԽ- ի ՛՛Լոռի՛՛ Մասնաճիւղի Վարչութեան տեղի ունեցաւ մայրերու տօնին նուիրուած հանդիսութիւն։
Բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան վարչականներ Սալբի Ալէփօղլեան եւ Քաթիա Ղազարեան, որոնք վեր առնելով մօր առաքելութիւնը շեշտեցին մօր սրբութիւնն ու առաքինութիւնը։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց Հասիչէի ՛՛Լոռի՛՛ Մասնաճիւղի Վարչութեան աշխոյժ աշխատանքը, ապա շնորհաւորեց բոլոր մայրերը իրենց տօնին առիթով ըսելով․ «Մայրերը ձիթենիի ծառի նման մշտադալար են, ծերանալ եւ թառամիլ չունին, իրենց ամբողջ կեանքը նուիրում եւ զոհաբերութիւն է, յատկապէս զինուորներու մայրերը, որոնք վեհանձնութեան խորհրդանիշն են»։ Իր խօսքի աւարտին ան խաղաղ եւ բարեբեր տարի մաղթեց բոլորին, անփորձանք եւ յաղթական վերադարձ երկիրը պաշտպանող զինուորներուն, ապա ողջունեց սուրիական բանակը եւ վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատը։