ՓԱՐԻԶ․- 13 լոյս 14 Մարտին, Լիոնի Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ կատարուեցան վանտալութեան գործողութիւններ։ Պղծուած էին այնտեղ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահարձանը։
Յուշարձանին կարգ մը սիւներու վրայ յայտնաբերուած էին ատելութեան գրառումներ։ Սիւներուն կային նաեւ թուքի եւ մէզի հետքեր, իսկ սիւներէն մէկուն վրայ գրուած էր «Թուրքիա»։
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը դատապարտեց յարձակումը եւ որպէսզի կանխուին նման արարքներ, կոչ ըրաւ՝ հսկողութիւն սահմանելու յուշարձանի տարածքին վրայ։
Խորհուրդը յայտնեց, որ յուշարձանը պղծելուն մէջ պատասխանատու են պատկան մարմինները։
Համացանցի բազմաթիւ օգտատէրեր նոյնպէս դատապարտեցին յուշահամալիրին նկատմամբ իրականացած վանտալութիւնը, ոմանք ալ նկատեցին, որ յուշարձանին վրայ գրուածները յաճախ կ՝օգտագործեն անիշխանական եւ ձախակողմեան հայեացքներ ունեցողները: