«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ընդլայնուած նիստ` պսակաձեւ ժահրին ստեղծած իրավիճակի, անոր կանխարգիլման նպատակով տրուելիք որոշումներու եւ ընկերաբժշկական կեդրոնները այս տագնապին ընդառաջ աշխուժացնելու նպատակով:
Նիստին, զոր վարեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հրաւիրուած էին երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան եւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի ատենապետ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան:
Ներկայացուեցան զեկուցումներ իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուի կողմէ մինչ այժմ տարուած աշխատանքներուն մասին:
Յետ քննարկման արձանագրուեցաւ`
Ա.- Շարունակել քաղաքապետարանին կողմէ յաճախակի կշռոյթով շրջանի հաւաքատեղիներուն հականեխման աշխատանքները:
Բ.- Իրազեկման, զգուշացման եւ կանխարգիլման լայնածաւալ արշաւներուն մէջ ներգրաւել միութիւնները` առաւելագոյնս տեղեկացուած պահելու համար լիբանանահայ հանրութիւնը:
Գ.- Յատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել տարեց խաւը եւ բժշկական այցելութիւններով քննել անոնց առողջական վիճակը` կանխաւ ախտաճանաչումներ կատարելու նպատակով:
Ե.- Պուրճ Համուտին առընթեր աշխատանքային միջավայր նկատի ունենալ նաեւ Այնճարն ու հայաշատ շրջանները, ինչպէս հականեխման, այնպէս նաեւ իրազեկման եւ կանխարգիլման արշաւներ կազմակերպելու համար:
Զ.- Ընկերային օժանդակութիւններու կազմակերպման ընթացքին բարեսիրական միութիւնները մղել, որ իրե՛նք հասնին կարիքաւորին` խուսափելու համար հաւաքավայրեր ստեղծելու առիթներէն:
Նիստը որոշեց յաւելեալ կեդրոններու ներկայացուցիչներու ներգրաւումով ընդլայնուած նիստեր կազմակերպել եւ այս աշխատանքները համակարգելու եւ կիրարկելու համար յառաջացնել յատուկ շտապ մը: