19 Մարտ 1879-ին ազատ, հպարտ ու անպարտ Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ ծնաւ Արամ Մանուկեանը (ծննդեան անուամբ Սարգիս Յարութիւնի Յովհաննիսեան)` մարդ մը, որ իրականութիւն պիտի դարձնէր անկախ պետականութեան վերականգնման հայ ժողովուրդի բազմադարեան իղձը` հիմք դնելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան: Երիտասարդ տարիքէն անդամագրուելով հայ ազատամարտին` ի դէմս անոր առաջատար ուժ ՀՅ Դաշնակցութեան` Արամ իր ամբողջ կեանքը անմնացորդ նուիրեց թրքական լուծէն հայ ժողովուրդի ազատութեան վեհ գործին, անոր անվտանգութեան ապահովման ու արժանապատիւ ապագայի կերտման: Անոր կեանքի իւրաքանչիւր պահը ծառայութիւն էր իր ժողովրդին: Արամը մշտապէս աչքի ընկաւ իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած մեծագոյն պատասխանատուութեամբ, հայրենասիրութեամբ, քաղաքական հասունութեամբ, հեռատեսութեամբ, կազմակերպչական բացառիկ ունակութիւններով, արդարամտութեամբ ու ընկերասիրութեամբ: Անոր մշտապէս խորթ մնացին սին խօսքերը, երեսպաշտութիւնը, փառամոլութիւնը, մեծամտութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը: Այս որակներուն շնորհիւ իր գործունէութեան բոլոր ժամանակներով եւ վայրերով Արամը ձեռք բերաւ մեծ հեղինակութիւն, վայելեց նոյնիսկ քաղաքական այլ ուժերու վստահութիւնն ու յարգանքը` դառնալով կեդրոնական դէմք: Ամէնուր շուրջը համախմբելով ժողովրդական զանգուածները, ռազմական ու քաղաքական ուժերն եւ գործիչները` ան արձանագրեց լրջագոյն ձեռքբերումներ: Անոնց մէջ, ի հարկէ, առանցքային տեղ կը գրաւեն Վանի եւ Երեւանի մէջ կերտուած պատմական յաղթանակները:
Կարսի մէջ, 20-րդ դարու սկզբը վերածուած էր հայ ազատամարտի դարբնոցի, յեղափոխական պայքարի (1903-1904թթ.) փորձառութիւն ձեռք բերած Արամը, 1905թ. հաստատուելով Վան, ՀՅԴ Վանի կազմակերպութիւնը հասցուց աննախընթաց յաջողութիւններու: Բաւական է յիշել, որ անոր գործունէութեան միայն երկու տարիներու ընթացքին (1905-1906թթ.) Վան-Վասպուրական ներկրուեցաւ աւելի շատ զէնք-զինամթերք, քան նախորդ 15 տարիներու ընթացքին: Յիշատակելի է նաեւ այն, որ անոր շրջահայեաց եւ հմուտ ղեկավարման շնորհիւ ազատագրական ուժերը հոն այնքան ուժեղացան, իսկ ժողովուրդը` այնպէս կազմակերպուեցաւ ու զինուեցաւ, որ Վանի նահանգի շատ շրջաններէն ներս յաջողեցաւ մեղմել կամ վերացնել քիւրտերու սանձարձակութիւնները:
1915թ. Արամը կազմակերպեց եւ իր իսկ առաջարկութեամբ ստեղծուած բազմակուսակցական Հայ ինքնապաշտպանութեան զինուորական մարմնի հետ ղեկավարեց Վանի 1915թ. ապրիլեան յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն շնորհիւ աւելի քան 150 հազար վասպուրականցիներ փրկուեցան Թուրքիոյ կողմէն կազմակերպուած ու իրագործուած Մեծ եղեռնէն, որուն զոհ գնաց 1,5 մլն արեւմտահայ: Ինքնապաշտպանութեան յաղթանակէն ետք նշանակուելով Վանի նահանգապետ Արամ Մանուկեան, ցուցաբերելով ազգային-պետական մտածելակերպ ու անխտրական ոգի, գլխաւորեց Վան-վասպուրականի հայութեան խաղաղ-ստեղծագործ կեանքը:
1917թ. վերջաւորութեան, երբ թրքական զօրքերը, օգտուելով ռուսական Կովկասեան ռազմաճակատի քայքայումէն, կը պատրաստուէին ներխուժել Հայաստան եւ աւարտին հասցնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թիֆլիսի Հայոց Կեդրոնական Ազգային եւ Հայ զինուորական խորհուրդներու կողմէն Արամը գործուղուեցաւ Երեւանի նահանգ: Անոր հարցն էր վերջ տալ նահանգին մէջ տիրող խառնաշփոթը, ստեղծել ամուր իշխանութիւն եւ իրականացնել կազմակերպուած զօրահաւաք, որպէսզի կարելի ըլլար դիմակայել թրքական զօրքերուն: 24 Մարտ 1918-ին, երբ թշնամին արդէն գրաւած էր Հայաստանի զգալի տարածքները, տագնապի մատնուած ժողովրդական զանգուածները, զօրքը եւ Երեւանի Հայոց Ազգային խորհուրդը Ա. Մանուկեանին ընտրեցին Երեւանի նահանգի ղեկավար` անոր հետ կապելով հայ ժողովուրդի փրկութեան յոյսը: Հրամանատար ընտրուած Արամը երբեք չդարձաւ բռնապետ, այլ մնաց ժողովուրդի սիրելին ու նուիրեալը` իր անսահմանափակ իշխանութիւնը մինչեւ վերջ օգտագործելով բացառապէս յօգուտ ազգային շահերուն: Անտեսելով պայմանականութիւնները, ժողովրդավարութեան ժամանակավրէպ պահանջները եւ ընտրելով կառավարման հրամանատարութեան` տուեալ ժամանակաշրջանի միակ ճիշդ ձեւը` Ա. Մանուկեանը վճռականօրէն շարունակեց հայութեան ներուժի համախմբման գործը: Սեփական փորձով համոզուած, որ հայրենիքի փրկութիւնը կախեալ է ժողովուրդի կամքէն ու մասնակցութեան աստիճանէն, Արամ ամէն ինչ ըրաւ անոր հասնելու համար: Դեկտեմբեր 1917-ին դ ան յայտարարած էր, որ հայութիւնը միայնակ է եւ պէտք է համախմբուի ու սեփական ուժերով պաշտպանուի թրքական յարձակումէ:
Ամիսներու տքնաջան, գաղափարական ու գործնական, հետեւողական քայլերը, 1918թ. մայիսեան ճակատագրական օրերուն թշնամիին վճռական ճակատամարտ տալու եւ Երեւանը պաշտպանելու Արամի անսասան դիրքորոշումը, սթափեցուցին սարսափելի վտանգով անորոշութեան մատնուած ժողովուրդը եւ տեւական պարտութիւններէ յուսալքուած ռազմաքաղաքական գործիչներն ու զօրքը: Շատերը կը մտածէին նոյնիսկ Սբ. Էջմիածնէն ու Երեւանվն դէպի Սեւանայ լիճի աւազան նահանջելու մասին: Մայիս 1918-ին Սարդարապատի, Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ հայկական կանոնաւոր զօրքն ու աշխարհազօրը թուրք զաւթիչներուն մատնեցին ջախջախիչ պարտութեան: Մայիսեան այդ փառահեղ յաղթանակները հայ ժողովրդը փրկեցին ոչնչացումէն եւ կարելի դարձուցին անկախ պետականութեան վերականգնումը` ի դէմս Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան: Նորանկախ Հայաստանի անդրանիկ կառավարութեան մէջ, որ կը գլխաւորէր Յ. Քաջազնունին, Արամ Մանուկեանին վստահեցան միաժամանակ Ներքին գործերու, Կրթութեան, Հաղորդակցութեան, Պարենաւորման եւ Խնամատարութեան նախարարութիւնները:
Ա. Մանուկեանը մեծ եռանդով ու բարձր պատասխանատուութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ կառավարութեան աշխատանքներուն` մշտապէս հանդէս գալով նախաձեռնողի եւ ուղղորդողի դերով` մեծապէս նպաստելով հայոց պետականութեան ամրապնդման: Անոր կազմակերպչական ջիղի, հաշուենկատ քայլերուն շնորհիւ շօշափելի ձեռքբերումներ արձանագրուեցան ՀՀ վարչական մարմինները ձեւաւորելու, երկրի մէջ ամուր իշխանութիւն, կարգուկանոն եւ օրինականութիւն հաստատելու, թուրք-թաթարական հակապետական խռովութիւնները ճնշելու, պարենային ճգնաժամը մեղմելու, պաշտօնական գրագրութիւնները հայեացնելու, հարիւր հազարաւոր արեւմտահայ փախստականներու եւ որբերու ծանր կացութիւնը մեղմելու եւ այլ ուղղութիւններով: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման, ապա նաեւ անոր հիմքերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած առաջնակարգ եւ վիթխարի աւանդին համար Արամ Մանուկեանն արժանացաւ Հանրապետութեան հիմնադիրի պատուանունին:
Իր գործունէութեամբ Արամ Մանուկեանը ցոյց տուաւ, որ ժողովուրդի նկատմամբ պատասխանատու վերաբերմունքի, ազգային իրական շահերով առաջնորդուելու, արդարամիտ, հեռատես ու հաւասարակշիռ գործելակերպով կարելի է հասնիլ համաժողովրդական միասնութեան եւ մեր յաղթանակները դարձնել անկասելի, իսկ հզօր Հայաստանը` տեսանելի:
Արմէն Ասրեան
պատմ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ