Թրքական «Sozcu» թերթի կայքը անդրադարձած է պսակաձեւ ժահրին դէմ պատուաստանիւթ ստեղծած ամերիկեան «Moderna Inc.» ընկերութեան հիմնադիր Նուպար Աֆէեանի կենսագրութեան:
Թրքական լրատուամիջոցը գովերգութեան երանգով կը շեշտէ, որ ազգութեամբ հայ Աֆէեանի ընտանիքին արմատները կ’երկարին մինչեւ Օսմանեան Կայսրութիւն:
«Աշխարհը պատուհասած պսակաձեւ ժահրին դէմ ստեղծուած պատուաստանիւթը սկսած է փորձարկուիլ մարդոց վրայ: MRNA-1273 անուանումով պատուաստանիւթը ստեղծած ամերիկեան «Moderna Inc.» ընկերութեան հիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեանն ալ Թուրքիայէն սերող ընտանիքի թոռ է», կը գրէ կայքը՝ իր հրապարակումը վերնագրելով «աշխարհի սպասած պսակաձեւ ժահրի պատուաստանիւթին թրքական մանրամասնութիւնը»:
Ապա հրապարակման մէջ կը ներկայացուի Աֆէեանի ընտանիքին պատմութիւնը:
«Ազգութեամբ հայ Նուպար Աֆէեանի ընտանիքը Օսմանեան Կայսրութեան վերջին ժամանակահատուածին տեղի ունեցած 1915-ի դէպքերէն վերջ կը տեղափոխուի Պէյրութ», կը գրէ կայքը՝ ակնյայտօրէն խուսափելով Հայոց Ցեղասպանութիւն բառակապակցութեան կիրառումէն:
Կը յիշուի է նաեւ, որ Աֆէեանի հայրը՝ Պատրիկը, ծնած է Պուլկարիա 1929-ին: Աֆէեաններուն ընտանիքը զբաղած է գործարարութեամբ՝ Թուրքիայէն Պուլկարիա հաւկիթներու ներմուծումով:
Աֆէեան Ամերիկայի  կենսաբանական գիտութիւններու ոլորտի յառաջատար ձեռներէցներէն է: Ըստ թրքական աղբիւրին, ան վերջին 28 տարուան ընթացքին հիմնած է աւելի քան 30 ընկերութիւն: Կ’ենթադրուի, որ անոնց ընդհանուր արժէքը 10 միլիառ ԱՄՆ տոլար է:
«ԱՄՆ-ի հանրածանօթ  հաստատութիւններէն Մասաչուսէթսի արհեստագիտական  համալսարանի կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան ամպիոնէն 1987-ին դոկտորականը պաշտպանած Աֆէեան ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ ձեռներէցութեան, կենսաքիմիայի, ճարտարագիտութեան, դեղագիտութեան, բժշկական նիւթերու եւ վերականգնուող ջերմուժի մասին», կ’եզրափակէ յօդուածը: