Ուսուցչութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն եւ անծայր զոհողութիւններ ենթադրող խիստ առանձնայատուկ մասնագիտութիւն է։
Նորահասակներ կրթելն ու դաստկիարակելը, զանոնք կեանքին նախապատրաստելը, հնարամտութիւն եւ ձեռնհասութիւն, մանկավարժական բարձր ընդունակութիւններ եւ մասնագիտական խորիմացութիւն պահանջող դժուար, բարդ, սպառիչ, բայց քաղցր պարտականութիւն կը համարուի։
Կեանքի եւ դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակը գիտականօրէն կը սահմանուի բանաւոր էակներու ինքնագործունէութեամբ, ինքնուրոյն աշխատանքով, որ կը նկրտի ծառայել ճշմարտութեան, գեղեցիկին, արդարութեան, վսեմին եւ բարիին…։
Արդի ուղղուածութեամբ իւրաքանչիւր դպրոցի համար գերխնդիր պէտք է հանդիսանայ մատղաշ սերունդը նախապատրաստել կեանքին, զարկ տալ անոր ազատ գործունէութեան եւ ազատ զարգացման։
Աշակերտի ինքնագործունէութեան կենսագործումն ու աշխուժացումը կ’իրականանան հիմնականօրէն ուսուցիչի առաջնորդութեամբ։ Որեւէ տեղ, ուր դպրոցական գործունէութիւնը առողջ ընթացքի մէջ է, հոն պարտական ենք ուսուցիչին, իսկ այնտեղ ուր այդ գործունէութիւնը տեղատուութիւն կամ յետընթաց կ’արձանագրէ, դարձեալ մեղաւոր եւ պատասխանատու է կրթական մշակը։ Ուսուցիչը դպրոցին համար ուժի աղբիւր է եւ մղիչ շարժակ, որուն վիճակուած են երեխայի ընդունակութիւններու հրահրումն ու յղկումը, հետեւաբար՝ անոր ներգործութիւնը աշակերտներու վրայ կ’ըլլայ անմիջական եւ տարողունակ։
Ուսուցողական աշխատանքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունի մատուցման եղանակը՝ մեթոտը, սակայն ուսուցչին վերապահուած դերը կը մնայ աւելի կարեւոր, աւելի վճռական եւ կողմնորոշիչ։ Մեթոտը կը մարմնաւորուի նոյնինքն ուսուցիչին կողմէ, որ կը տիրապետէ դասանիւթին եւ ծանօթ է աշակերտին բնութեան։ Այն ուսուցիչը, որ կը գործէ գրաւիչ եւ հաճելի մեթոտով, անպայման կը յաջողի, իսկ այն ուսուցիչը, որ կը դասաւանդէ անհրապոյր եւ անհետաքրքրիր եղանակով, ի սկզբանէ դատապարտուած է ձախողութեան։
Ուսուցման աշխատանքին մէջ որքան ալ էական նկատենք կանխամշակուած ծրագիրը եւ որակեալ դասագիրքը, այսուհանդերձ այնտեղ վճռական եւ առաջնային պարտականութիւն նախատեսուած է ուսուցիչին, որ իր հմայիչ անհատականութեամբ եւ հեղինակութեամբ մեծապէս կը տպաւորէ աշակերտը։ Համապարփակ ծրագիրն ու լաւագոյն դասագիրքն անգամ չեն կրնար փոխարինել հոգեմտաւոր եւ վարքային այն ազդեցութիւնը, զոր ուսուցիչը կ’ունենայ երեխային վրայ։
Ուսուցիչը առաջին հերթին լիարժէքօրէն պէտք է տիրապետէ իր նիւթին, սիրէ իր ասպարէզն ու աշակերտները, անոնց մէջ շահագրգռութիւն եւ ձգտում ստեղծէ գիտելիքներու նկատմամբ։ Գործի տիրապետումը, աշխատանքի եւ աշակերտի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ մանկավարժական առանձին ընդունակութիւնները կը կազմեն իրաւ ուսուցման հիմնարար գործօնները, որոնք կը միաւորուին ուսուցիչի անձնաւորութեան մէջ իբրեւ մէկ եւ ներդաշնակ ամբողջութիւն, աւելի ուշ՝ աշակերտին վրայ անդրադառնալու համար եռակիօրէն։ Անդրադարձ՝ որուն շնորհիւ փոքրահասակներ կը տիրանան իմացութեան, կը սիրեն իրենց ուսուցիչն ու մատուցուող առարկան, կամք եւ ուժ կը կուտակեն հասնելու ճշմարտութեանց, վեհ սկզբունքներու, եւ ապա ծառայելու անոնց։
Մեծ կարեւորութիւն պէտք է ընծայել յատկապէս ուսուցիչին հիմնաւոր կրթութեան եւ մտաւոր բարձր մակարդակին։
Ուսուցիչը ինչպէ՞ս կրնայ տալ ուրիշին այն ինչ որ չունի ինք, ինչպէ՞ս կրնայ կրթել եւ դաստիարակել նորահաս սերունդներ, երբ ինք բաւարար չափով զարգացած եւ մշակուած չէ։ Ան իր գործին մասնագէտը պէտք է ըլլայ եւ անոր դասերը մանուկ-պատանիներուն համար հրապուրիչ եւ ներգրաւիչ կերպով պէտք է ընծայուին։
Մասնագիտական բարձր պատրաստուածութիւն ունեցող, դասաւանդման տարաբնոյթ կերպերուն (մեթոտներուն) տիրապետող ու տեւաբար ինքնակատարելագործման ձգտող ուսուցիչն է միայն, որ կը յաջողի լուսաւորել եւ կրթել դեռատիներու մտքերն ու հոգիները։
Եռանդուն ուսուցիչի մը հոգածութեան յանձնուած աշակերտներ կ’ըլլան կայտառ եւ արթուն, անոնք լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւին դասին, խանդավառութեամբ կը մասնակցին առաջարկուած բոլոր միջոցառումներուն, արձանագրելով գնահատելի արդիւնքներ, որոնք բացայայտօրէն նշմարելի կը դառնան աշակերտներու արտաքին կե-ցուածքին, վարք ու բարքին, ճարտար եւ սահուն լեզուին, գեղեցիկ եւ ներդաշնակ գիրին, ամբարած հարուստ ծանօթութիւններուն… կարճ խօսքով՝ անոնց կողմէ դրսեւորուած ամէն ինչի մէջ։
Օժտեալ ուսուցիչը կ’ըլլայ հզօր կամքի, կուռ նկարագրի եւ կորովի բնաւորութեան տէր ազդեցիկ անձնաւորութիւն։ Անոր բծախնդրութիւնը, խստապահանջութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ անբասիր արդարացիութիւնը արդիւնարար դաստիարակութեան անհրաժեշտ նախապայմաններ կը կազմեն։
Իր աշակերտները լաւապէս ճանչցող եւ մանկավարժական հնարքներու ծանօթ հմուտ ուսուցիչը յարատեւօրէն կը դրսեւորէ առողջ եւ արգասաւոր գործելաոճ։
Կրթական մշակի անձնական օրինակը դաստիարակչական մեծ նշանակութիւն կը զգենու։ Դպրոցէն ներս թէ դուրս անոր ողջ գործունէութիւնը, անոր կազմակերպուածութիւնը, ճշդապահութիւնը, պարտաճանաչութիւնը, բարեխղճութիւնը եւ այլ բազում բարեմասնութիւններ կենդանի եւ վարակիչ օրինակներ պէտք է դառնան աշակերտին։ Հակառակ պարագային՝ ուսուցչի անփութութիւնը, անխնամ արտաքինը, թերացումները, դասարան ուշ ժամանելը, զանգի ազդանշանէն առաջ դասապահը լքելը… եւ ուրիշ շատ մը պարտազանցութիւններ բացասական անդրադարձ պիտի թողուն անոր խնամատարութեան վստահուած երեխաներուն վրայ։
Ուսուցիչը մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ իր հոգեմտաւոր պատրաստուածութեան եւ ինքնակրթութեան, մշտապէս հետամտի սեփական գիտելիքները հարստացնելու եւ թարմացելու։
Հաւաքականութեան երջանկութեան եւ նորահասակ սերունդի բարձրորակ ու նպատակաուղղուած դաստիարակութեան համար առանցքային եւ անշրջանցելի նախապայմաններն են ուսուցիչներու բարձր կրթութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց շնորհուած ընկերային արժանապատիւ դիրքը, որ կը համապատասխանէ այդ խոնարհ, սակայն վեհանձն սպասարկումներու ստանձնած պատասխանատու եւ նուիրական առաքելութեան։
Եթէ նախանձախնդիր ենք եւ մտահոգ մեր երեխաներու կրթութեամբ ու ուսումնառութեամբ, ապա ուրեմն անվերապահօրէն շահագրգռութիւն ցուցաբերենք անոնց խնամատարներու եւ դաստիարակներու ընկերային-տնտեսական կացութեան նկատմամբ, ջանալով հնարաւոր բոլոր միջոցներով բարեշրջել զայն։
Մարդիկ ճանչնալը, զանոնք յարգելն ու մեծարելը ուսուցչի գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն կը համարուին։ Ան այս մօտեցումով եւ գիտակցութեամբ կը դաստիարակէ իր սաները ու կ’ակնկալէ, որ զինք շրջապատողներ եւս նոյն ձեւով վարուին իրեն հետ, հետաքրքրուին իրմով, ծանօթանան իր աշխատանքին եւ արժանիքներուն եւ ըստ այնմ գնահատեն զինք։ Ան իր լաւագոյն վարձատրութիւնը կը տեսնէ նման շնորհապարտ վերաբերմունքի մէջ։
Մեր ազգային ընկալումով, Ուսուցչութիւնը առաքելութիւն մըն է դարերէն եւ սերունդներէն իբրեւ աւանդ նորօրեայ մշակներուն ժառանգուած։ Արդարեւ՝ հայութեան հաւաքական կեանքէն եւ յատկապէս ուսումնակրթական բնագաւառէն ներս անժխտելիօրէն թանկ, ծանրակշիռ եւ նշանակալի է հայ ուսուցիչի կատարած ներդրումը։
Հայ պատանիին հրաշագործ միտքը ծաղկեցնող անխոնջ մշակն է հայ ուսուցիչը, որ մարդկայինին առընթեր՝ ազգային կրթութեան ջահը մշտավառ կը պահէ հայ անհատին մէջ, կերտելով տոկուն նկարագիր եւ ազնիւ անձնաւորութիւն։
Հայ ուսուցիչները հանդիսացան հայոց ազատամարտի ռահվիրաները, Ազատութեան բագինին ընծայաբերուած առաջին ողջակէզները։
Փառապանծ հայ մշակոյթը մեր վարդապետներուն, մեր ուսուցիչներուն մեղկ ուսերուն բարձրացած է եւ յաւերժացած։ Առաջատար բոլոր շարժումներու ետին միշտ կանգնած են ուսուցիչներ։
Տասնամեակներ շարունակ տարասփիւռ հայութիւնը ապրած է նիւթական հայրենիքէն հեռու, փոխարինելով զայն հոգեկան հայրենիքով՝ հայրենասիրական ոգիով ու զգացումով, այդ՝ շնորհիւ մեր վսեմ արժանիքներու նախանձախնդիր ուսուցիչներուն, ազգը պահելով վերադարձի ցանկալի եւ լուսապայծառ օրուան մշտանորոգ յոյսով։
Օտարութեան մէջ, առանց հայ դպրոցի եւ հայ ուսուցիչի նորահաս սերունդներ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են ուծացման եւ կորուստի։
Հայ ուսուցիչը միշտ պարտաւոր է մնալ բարոյական ամուր պատուանդանի վրայ։ Ան պէտք է ունենայ ինքնուրոյն դիմագիծ, անկախ համոզում եւ խիզախ դիրքորոշում։
Հայ դպրոցին ողնասիւնը հայ ուսուցիչն է։ Հայ վարժարանէն ներս հայեցի մթնոլորտը հայ դաստիարակի ջանքերով կը ձեւաւորուի։ Հայ դպրոցը հայ ուսուցիչով եւ հայ աշակերտով կը հայանայ։ Երբ հայ ուսուցիչ կ’ըսենք, լոկ հայերէնաւանդներ կամ մայրենիով կրօն մատուցողներ պէտք չէ հասկնալ, այլ այն բոլոր մնայուն թէ այցելու հայազգի կրթական մշակները, որոնք հայերէն եւ օտար լեզուներով տարբեր նիւթերու ուսուցումը ստանձնած են, միաժամանակ այն բոլոր վարչական պատասխանատուներն ու ծառայողական պաշտօնեաները, որոնք աշակերտին հետ տեւաբար եւ անմիջականօրէն առնչուելու, հաղորդակցելու, խօսելու, գործելու… պարտաւորութիւն ունին։ Հայեցի դաստիարակութիւնը կը կենսագործուի ամէնօրեայ շփումներով, համատեղ եւ վարակիչ գործունէութեամբ։
Ուսուցիչ ըլլալ կը նշանակէ վսեմ եւ պատուաւոր կոչումի տիրանալ, հետեւաբար՝ դաստիարակ մարդը պէտք է ընտրել ազգի լաւագոյն տարրերէն, ազնուագոյն եւ ամենապատուական զաւակներէն։
Խաչիկ Շահինեան